15 Kasım 2011
Նոյեմբեր 15-17 Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ կ`իրականացուի «Անին միջնադարեան Հայաստանի քաղաքական եւ քաղաքակրթական կեդրոն» խորագրով միջազգային գիտաժողով:
Անիին նուիրուած բացիկներով գիտաժողովին ներկայացած է նաեւ «Հայփոստ» ՓԲԸ-ն: Վերջինս թողարկած է 10րդ դարավերջի հայկական հրաշագեղ մայրաքաղաքին նուիրուած երեք բացիկ` Անիի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին, Սմբատաշէն պարիսպները, Աբուղամրենց Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին, իւրաքանչիւրը` հազարական տպաքանակով:
Պատմական Հայաստանի ճարտարապետական հնագոյն մեծարժէք կոթողները «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի կողմէ նամականիշերու եւ բացիկներու տեսքով կը ներկայացուին ոչ միայն ֆիլատելիստական շրջանակներուն, այլ նաեւ հասարակութեան լայն շերտերուն: Անոնցմէ են, օրինակ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած յուշարձաններու շարքը (4 նամականիշով գեղաթերթ)` թողարկուած 2009ին. Էջմիածինի Մայր տաճարը, Հռիփսիմէի տաճարը, Սբ Գայիանէ եկեղեցին, Զուարթնոց տաճարը: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսուի թողարկել նաեւ Հաղպատ եւ Սանահին վանքերուն նուիրուած նամականիշները, որոնք նոյնպէս ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Այս տարունէ կը նախատեսուի սկսիլ եւ հանրութեանը ներկայացնել հայկական խաչքարերուն նուիրուած նոր շարքը, որոնց առաջին թողարկումները նուիրուած են Գոշավանքի` Պօղոս վարպետի կողմէ 13րդ դարուն կերտած խաչքարին եւ նոյն դարու անյայտ վարպետի եւս մէկ խաչքարին: