15 Kasım 2011
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ իր տիկնոջ` Հայրունիսա Կիւլի հետ միասին Մեծ Պրիտանիոյ թագուհի Էլիզապէթ Երկրորդի հրաւէրով Նոյեմբեր 22-24 պիտի այցելէ Լոնտոն:
Ըստ թրքական “Ռատիքալ” օրաթերթին՝ Ապտուլլահ Կիւլին պիտի ուղեկցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան:
Թրքական պարբերականը կը գրէ, որ Ապտուլլահ Կիւլ՝ լոնտոնեան այցին առիթով՝ պոլսահայ դերձակի մը մօտ յատուկ տարազ պատուիրած է:
Կիւլ, ամենայն հաւանականութեամբ, միակ մարդը չէ, որ ոտք պիտի դնէ Պուքինկհէմեան պալատ՝ հայ վարպետի կողմէ պատրաստուած իրով: Յայտնի է, որ Թուրքիոյ առաջին տիկինը` Հայրունիսա Կիւլ, նոյնպէս անտարբեր չէ հայ վարպետներու գործերուն նկատմամբ:
Անցեալ տարի Սթրազպուրկ կատարածի այցին ժամանակ, որուն ընթացքին Թուրքիոյ առաջին տիկինը ելոյթով հանդէս եկած էր Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին, կը կրէր պոլսահայ հանրածանօթ ոսկերիչ Սեւան Պըչաքչըի պատրաստած մատանին:
Երբ լրագրողները հետաքրքրուած էին Հայրունիսա Կիւլի հիասքանչ մատանիով, Թուրքիոյ առաջին տիկինը հպարտութեամբ ըսած էր, որ զայն պատրաստած է հայ վարպետ մը։
“Մեր մօտ արհեստաւորները հայերն ու յոյներն են: Ատիկա մեր բազմազանութիւնն է, մեր գեղեցկութիւնը... Աշխարհի մէջ չկայ մէկը, որ չճանչնայ Սեւանը: Յատկապէս արտասահմանեան ուղեւորութիւններու ժամանակ կը կրեմ այս մատանին”,- ըսած էր Հայրունիսա Կիւլ: