15 Kasım 2011
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի, 14 Նոյեմբեր 2011, Երկուշաբթի այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 20 Նոյեմբեր 2011, Կիրակի առաւօտ, ապա յարակից մարզասրահին մէջ պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Տատեան Վարժարանին։ Այցելուները տեղեկութիւն տուին Տատեան Վարժարանի մասին, խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը օրուան հոգեւոր հանդիսութեան։
Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Պաքըրգիւղի Թաղային Խորհուրդին, իր Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր բոլոր գործունէութեանց մէջ։