15 Kasım 2011
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի նորընտիր անդամները, գլխաւորութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Գույումճեանի, 11 Նոյեմբեր 2011, Ուրբաթ այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
Պէշիկթաշի Եկեղեցւոյ մէջ թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը կատարուած էր 2 Հոկտեմբեր 2011ին եւ նախկին անդամները, երկու հոգիի փոփոխութեամբ, վերընտրուած էին եւ ստացած՝ իրենց վաւերացումը։ Այցելուները ըսին թէ փափաքած էին յետ վաւերացման, քաղաքավարական այցելութիւն տալ Պատրիարքական Աթոռին եւ օրհնութիւն ստանալ։
Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորեց ընտրութիւնը, կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Թաղային Խորհուրդին եւ յարատեւութիւն՝ իր Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր բոլոր գործունէութեանց մէջ։