Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

15 Kasım 2011  

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի -

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Համայնքային շրջանակներէ երկար ժամանակէ ի վեր փափաք կը յայտնէին, որ Պատրիարքական Աթոռը միջամտէր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի վերջին ընտրութեանց կապակցութեամբ յառաջացած անբաղձալի վիճակի բարձման համար։

Համայնքային շրջանակներէ երկար ժամանակէ ի վեր փափաք կը յայտնէին, որ Պատրիարքական Աթոռը միջամտէր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի վերջին ընտրութեանց կապակցութեամբ յառաջացած անբաղձալի վիճակի բարձման համար։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի հրաւէրով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդը իր ամբողջական կազմով 11 Նոյեմբեր 2011, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին ներկայացան Պատրիարքարան։ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Աբիկ Հայրապետեան կը բացակայէր հիւանդութեան պատճառաւ։

Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը հետաքրքրուեցաւ թաղական խորհուրդի ընտրութեանց կապակցութեամբ յառաջացած հարցերուն պատճառաւ օրինական հետապնդման ենթարկուած ազգայիններու հետ։ Թաղական ԽՈրհուրդի անդամները դիտել տուին, թէ այդ օրինական հետապնդումը թաղական խորհուրդի անդամներու գանգատով չէր կատարուած, այլ ընդդիմադիր ցանկին մէջ յառաջ եկած էր երկուութիւն եւ այդ վիճակին մէջ իրենց մէջէն ոմանք ներկայացած էին որպէս բողոքարկուներ։ Բաց աստի ընտրողական յանձնախումբէն եւս գանգատ ներկայացուած էր, որոնք այդ կատարած էին իրենց պաշտօնին պարտադրած պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Հետեւաբար նկատելով, որ թաղական խորհուրդը չէր բողոքարկուն, բնականաբար դատը ետ քաշելու պարագայ մը խնդրոյ առարկայ չէր կրնար ըլլալ։

Խնդրին լուծման համար Իրաւաբան Սիմոն Չէքէմ յայտնեց, թէ ինք պատրաստ էր ձրի կերպով պաշտպանել օրինական հետապնդման ենթարկուած ազգայինները առաջի յատենի, երբ իրենք յայտնէին, թէ իրենց հասցէները առանց իրենց գիտակցութեան արձանագրուած էին։

Փոխանորդ Սրբազան Հայրը տեղեկացուց, թէ համայնքային շրջանակներ Պատրիարքարան բողոքելով իրենց անհանգստութիւնը կը յայտնէին, թէ Թօքաթլեան Խանի եւ Լուսաւորչեան Վարժարանի շէնքերը չէին օգտագործուեր։ Թաղական Խորհուրդի անդամները դիտել տուին, թէ 50-է աւելի առաջարկներ ներկայացած էին այդ ուղղութեամբ եւ պէտք եղած քննարկումներէ յետոյ ի մօտոյ արդէն իսկ այդ ուղղութեամբ նպաստաւոր կարգադրութիւն մը պիտի ըլլար։

Փոխանորդ Սրբազան Հայրը յոյս յայտնեց, որ մեր այս կարեւոր թաղին շուրջ յառաջացած աննպաստ մթնոլորտը կը փարատի եւ կը ստեղծուին լաւագոյն պայմաններ ի նպաստ համայնքին։

Թաղական Խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռի ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ ընծայուած ընդունելութեան համար։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+