Արամ Ա. ԿաթողիկոսԿոչ Կ՛ուղղէ Սուրիահայութեան Միասնական Ոգիով - Հայերէն
21 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Գրգոռ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

15 Kasım 2011  

Արամ Ա. ԿաթողիկոսԿոչ Կ՛ուղղէ Սուրիահայութեան Միասնական Ոգիով -

Արամ Ա. ԿաթողիկոսԿոչ Կ՛ուղղէ Սուրիահայութեան Միասնական Ոգիով Արամ Ա. ԿաթողիկոսԿոչ Կ՛ուղղէ Սուրիահայութեան Միասնական Ոգիով, Իմաստուն ու Հանդարտ Մօտեցումով Դիմագրաւելու Դժուարութիւնները

Արամ Ա. ԿաթողիկոսԿոչ Կ՛ուղղէ Սուրիահայութեան Միասնական Ոգիով, Իմաստուն ու Հանդարտ Մօտեցումով Դիմագրաւելու Դժուարութիւնները

Երէկ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին ու Քաղաքական ժողովին միջեւ: Այս մասին կը հաղորդեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն։

Առաջնորդ սրբազանը եւ Քաղաքական ժողովի անդամները լայնօրէն զեկուցեցին Սուրիոյ ներքին կացութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով հայ համայնքին վրայ: Զեկուցումներուն ընթացքին անդրադարձ եղաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ հայ համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւններու ցարդ կատարած աշխատանքներուն:

Հանդիպման աւարտին, վեհափառը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց սուրիական հայրենիքին մէջ յառաջացած դժուարութիւններուն դիմաց եւ ազգային-եկեղեցական կեանքը միակամ ու արթուն պահելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն համար: Ան նաեւ յիշեցուց, որ «ջարդերէն ետք Սուրիան մեզ ընդունող առաջին երկիրը եղաւ եւ սուրիացի ժողովուրդը իր հացն ու հայրենիքը մեզի հետ բաժնեց, եւ մենք միշտ հաւատարիմ ու երախտապարտ գտնուեցանք այդ հայրենիքին: Նոյն նուիրումով ու բարեկամական ամուր կապերով մենք պէտք է կառչինք Սուրիոյ, մեր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն»: Վեհափառը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց հայ ժողովուրդի ազգային ներքին միասնականութեան ամրապնդումը. ան ըսաւ, թէ ժողովուրդին բոլոր զաւակները պէտք է համախմբուին Ազգային առաջնորդարանին ու հայկական կառոյցներուն շուրջ, իրենց մօտեցումներուն ու քայլերուն մէջ միշտ ըլլան արթուն, հեռատես ու խոհեմ` հեռու մնալով զգացական ու պարագայական մօտեցումներէ կամ յայտարարութիւններէ: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց հայ ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը այս դժուար օրերուն:

Այս առիթով նաեւ վեհափառը եւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ ողջունեցին Գամիշլիի մէջ շինարարութեան ընթացքի մէջ եղող եկեղեցին իր յարակից բաժիններով. միաժամանակ անոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին շուրջ ամիս մը առաջ Դամասկոսի մէջ բացումը կատարուած Ազգային վարժարանի նոր շէնքին ու համայնքային կեդրոնին գծով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+