Այլեւայլ : ​Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : ​Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

15 Ağustos 2024  

​Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ



Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ յայտնի է նաեւ որպէս խաղողօրհնէքի տօն, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենահինը:

Տօնը կը նշուի օգոստոսի 15-ի մերձակայ կիրակի օրը եւ ունի շաբաթապահք, նաւակատիք եւ մեռելոց:

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք կը կատարուի խաղողօրհնէք:

Խաղողօրհնէք
Ինչպէս արտօնուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ արտօնուած չէր խաղող ուտել մինչեւ օգոստոս 15-ին նախորդող կամ յաջորդող կիրակին` խաղողօրհնէքի տօնը:

Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու մօտ աւանդաբար պահպանուած սովորութիւն կար հասունցած առաջին բերքը, առաջին պտուղները զոհաբերել ուխտավայրի եւ յետոյ միայն կարելի էր ուտել: Հայերուս մօտ տարբեր տօներու զոհաբերուող ուտելիքներէն էին հաւկիթը` Զատիկին, կաթնովը` Համբարձումին, հասկերն ու խնձորը` Վարդավառին, հատեղէնները` Նոր տարիին, չոր ու թարմ զանազան պտուղները` Տեառնընդառաջին եւ Ս. Սարգիսին, իսկ խաղողին կամ խաղողաքաղին նուիրուած էր յատուկ տօն` «Խաղողօրհնէք»:

Կարգ մը ազգագրագէտներու կարծիքով, խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը կու գայ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն: Խաղողօրհնէքը անցեալին եղած է պտղաբերութեան եւ մայրութեան աստուածուհի` Անահիտի փառաբանման օրը: Այդ օրը մարդիկ մատաղ կ՛ընէին եւ Անահիտին կը զոհաբերէին իրենց առաջին բերքը: Հետագային, քրիստոնէական շրջանին, խաղողօրհնէքի տօնը եկեղեցին միացուց Աստուածածնի Վերափոխման տօնին:

Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ
– Քրիստոնէութեան շրջանին ընդհանրացած սովորութիւն էր առաջին խաղողի ողկոյզները քահանային օրհնել տալ:

– Խաղողօրհնէքի տօնակատարութիւնը շրջանէ շրջան կը տարբերէր: Օրինակ` Քեսապի մէջ շաբաթ օրը բոլոր թոնիրները կը վառէին, եւ կիները ձէթով բոկեղ կը թխէին. բոկեղին բոյրը կը դառնար տօնին ուղեկիցը: Կիրակի առաւօտեան տղամարդիկ խաղող, իսկ կիներ բոկեղ կը տանէին եկեղեցի:

– Դարձեալ Քեսապի մէջ, կիրակի անպայման սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կ՛եփէին: Այդ սմբուկը սովորաբար տարուան առաջին բերքը կ՛ըլլար: Այս ճաշատեսակը այնքան տարածուած էր, որ շրջակայքի թուրքերը Աստուածածնի տօնը «Պատընճան պայրամ» կը կոչէին:

– Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ տեղացիները օրերով կը պատրաստուէին օգոստոսեան ուխտագնացութեան, իսկ բուն տօնին օրը մտերիմներ, ծանօթներ, ազգականներ նախապէս ընտրելով իրենց տօնական ուխտավայրը` ճամբայ կ՛իյնային, երբեմն ամբողջ գիշեր մը քաղելով, որպէսզի արեւածագը դիմաւորեն նշուած վայրին մէջ:

– Արեւածագը դիմաւորած ուխտաւորներէն մաս մը սեղան կը պատրաստէր, մաս մը մատաղով կը զբաղէր, իսկ երիտասարդները լախտի, ըմբշամարտ, գօտեմարտ եւ այլ խաղեր կը կազմակերպէին, շատեր ալ կը պարէին:

– Կէսօրին ուխտաւորները խումբերով կը նստէին խնճոյքի սեղանին շուրջ, որ ճոխացուած կ՛ըլլար համադամ կերակուրներով, առատ միրգով, գաթայով, հալվայով եւ անշուշտ` մատաղի միսով:

– Յատկապէս խնամիները խիստ պարտաւորուած էին զիրար պատուել. իսկ նորապսակ հարսը կամ նշանուած աղջիկը ամուսինին կամ փեսացուին ազգականներէն կը ստանար մեծաքանակ սկուտեղներ, միրգեր եւ այլն…

***
Աստուածածնայ տօնին յաջորդող օրը մեռելոց է: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք հաւատացեալները կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները:

Ըստ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, Աստուածածնի տօնին տօնելի են` Մարի, Մարիամ, Մարօ, Մարինէ, Տիրուհի, Սրբուհի, Թագուհի, Լուսիկ, Արեւիկ, Աղաւնի, Մարգարիտ, Նազելի, Պերճուհի, Արշալոյս, Գեղանի… անունները:



+