Ծիսական գիտելիքներ : Դ. Շաբաթ Զկնի Պենտեկոստէի (9_16 Յունիս 2024)
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Աղջամուղջ

Ծիսական գիտելիքներ : Դ. Շաբաթ Զկնի Պենտեկոստէի (9_16 Յունիս 2024)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

11 Haziran 2024  

Դ. Շաբաթ Զկնի Պենտեկոստէի (9_16 Յունիս 2024)



Շաբաթ օրը, կը տօնենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ նշխարացը։ Ըստ աւանդութեան, Գրիգոր մեկնած էր իր ծերութեանը մէջ դէպի Սեպուհ լեռը, ուր կը ճգնէր Մանէ կոյսը. Թաղելէ ետք Մանէն, ինք շարունակած է ապրիլ նոյն քարայրին մէջ որպէս ճգնաւոր, մինչեւ իր մահը որ պատահեցաւ 326 թուին։

Ահա կը սկսինք չորրորդ շաբաթը Պենտեկոստէի, որ կը կոչուի նաեւ Բարեկենդան սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, որովհետեւ շաբաթ օրը Ս. Գրիգորի երրորդ տօնը կը տօնուի, ՜՜Գիւտ Նշխարաց՝՝ը։

Երկուշաբթի օրը, կը տօնենք Սուրբ Եպիփանի` Կիպրոսի Հայրապետին տօնը։ Կիպրական եկեղեցւոյն միակ սուրբն է որ կը տօնուի հայ եկեղեցւոյ մէջ։ Ան Սալամինայի եպիսկոպոսն էր, բնիկ Փիւնիկեցի, հրեայ կրօնքով, որ հետագային դարձի եկած էր դէպի քրիստոնէութիւն։ Բարեկամ էր Սուրբ Հերոնիմոսի եւ Ոսկեբերանի։ Անոնց պէս ինք եւս պայքարեցաւ Արիոսի եւ անոր աղանդին դէմ ու վտարեց զանոնք Կիպրոսէն. Ասոր համար ալ հալածանքի ենթարկուեցաւ, սակայն երբեք չյաջողեցան զինք դուրս հանել իր երկրէն` Կիպրոսէն։ Մեռաւ յառաջացած տարիքի մէջ, 403 թուին։

Իսկ երեքշաբթի օրը, կը յիշատակենք Սուրբ Կոստանդիանոս կայսրը եւ իր մայրը` Սրբուհի Հեղինէն։ Թէպէտ տարակուսելի է Կոստանդիանոսի սուրբ հռչակուիլը, որով ան մկրտուեցաւ միայն իր մահուընէ անմիջապէս առաջ, սակայն միշտ յարգուեցաւ որպէս պաշտպան քրիստոնէութեան եւ ջատագով զայն ազատօրէն դաւանելու։ Բուն սրբուհին իր մայրն է, Հեղինէ, որուն կը պարտինք Կոստանդիանոսի դարձը. Ան կատարեց նաեւ պեղումներ Երուսաղէմի մէջ, գտնելու համար Քրիստոսի իսկական խաչափայտը. Շինել տուաւ նաեւ շատ մը եկեղեցիներ ու վանքեր կայսրութեան զանազան քաղաքներուն մէջ։

Հինգշաբթի օրը, կը տօնենք Գաղատիոյ եկեղեցիէն` Թէոդիտոն վկան, որ արհեստով գինեպան էր. Դիոկղետիանոս կայսեր օրով հալածանքներ ելան քրիստոնեաներու դէմ եւ առաջին զոհերը հանդիսացան 7 կոյսեր, որոնց մէջ կար նաեւ իր մօրաքոյրը. Եօթն ալ գետին մէջ խեղդուեցան կայսեր հրամանով. Թէոդիտոն անոնց մարմինները ջուրէն հանել տալով զիրենք պատշաճօրէն թաղեց եւ ապա ինք եւս ատեան հանուեցաւ եւ շատ մը տանջանքներէ ետք, ինք եւս գլխատուեցաւ իր հաւատքին համար։

Յունիս ամիսը, նուիրուած է Սիրտ Յիսուսի եւ ըստ խոստումին զոր Քրիստոս տուաւ իր սիրտը յարգողներուն, Յունիս ամսուայ ջերմեռանդութիւնը կատարողները ապահովութիւնը կը ստանսան թէ Քրիստոս բնաւ պիտի չի լքէ զիրենք եւ մինչեւ մահուան վերջին վայրկեանը իր շնորհքները պիտի տայ իրեն հաւատացողներուն։

Շաբաթ օրը, կը տօնենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ նշխարացը։ Ըստ աւանդութեան, Գրիգոր մեկնած էր իր ծերութեանը մէջ դէպի Սեպուհ լեռը, ուր կը ճգնէր Մանէ կոյսը. Թաղելէ ետք Մանէն, ինք շարունակած է ապրիլ նոյն քարայրին մէջ որպէս ճգնաւոր, մինչեւ իր մահը որ պատահեցաւ 326 թուին։

Ըստ աւանդութեան անծանօթ կը մնայ իր մահուան վայրը եւ ուստի անգտանելի իր մարմինը, մինչեւ Ե. Դար, երբ Գառնիկ անունով ճգնաւոր մը կը տեսնէ անոր մարմինը զետեղուած կաղնիի մը մէջ որմէ լոյս կ՛արձակուէր։

Կիրակի օրը՝ 16 Յունիս, Ե. Կիրակին է զկնի Պենտեկոստէի։


Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+