Այլեւայլ : ​Ազգագրագէտներու Կարծիքով. Ինչպիսի՞ն Պէտք Է Ըլլան Հայկական Աւանդական Ամանորեայ Եւ Ս. Ծննդեան Սեղաննե
05 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Ահրանք / Ժամ : Աղջամուղջ

Այլեւայլ : ​Ազգագրագէտներու Կարծիքով. Ինչպիսի՞ն Պէտք Է Ըլլան Հայկական Աւանդական Ամանորեայ Եւ Ս. Ծննդեան Սեղաննե

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

01 Ocak 2024  

​Ազգագրագէտներու Կարծիքով. Ինչպիսի՞ն Պէտք Է Ըլլան Հայկական Աւանդական Ամանորեայ Եւ Ս. Ծննդեան Սեղաննե



Ամանորեայ սեղաններու մրցավազքը տարուէ տարի կը զարգանայ: Դժբախտաբար շատեր նոյնիսկ վարկ կը վերցնեն իրենց Ամանորեայ սեղանին պատրաստութեան համար:

Ինչպէս Ամանորին, այնպէս ալ բոլոր տօներուն բնորոշ տօնածիսական ճաշատեսակներ գոյութիւն ունին, սակայն շատեր արդէն մոռցած են անոնց բովանդակութիւնն ու բուն իմաստը եւ ձեւականութեան ետեւէն կը վազեն պարտքով Նոր տարի նշելու համար… Ոմանք այնքան մթերքներ կը գնեն եւ ճաշեր կը պատրաստեն, որ վերջաւորութեան այդ ուտեստներուն մէկ մասը կը թափեն, մինչ երկրագունդի երեսին միլոնաւոր մարդիկ սովամահ կ՛ըլլան:

Ազգագրագէտներու կարծիքով, որո՞նք են այն հիմնական ուտեստները, որոնք, ըստ հայկական աւանդութեան, պէտք է զարդարեն Ամանորի սեղանը:

ՆԱՒԱՍԱՐԴԻ ՀԱՐԻՍԱՆ միւս հարիսաներէն չի տարբերիր բաղադրիչներու իմաստով, այլ միայն` պատրաստութեան եղանակով: Նաւասարդի հարիսան կը պատրաստուի թոնիրի մէջ, Ամանորի նախօրէի երեկոյեան. մարած թոնիրին մէջ կը դրուին համապատասխան քանակի ձաւարով, միսն ու ջուրը: Ամանորի առաւօտեան կերակուրը պատրաստ է: Այս եղանակով պատրաստութեան ծիսական նշանակութիւնը այն է, որ եփուող հարիսան չխառնուի, որպէսզի գալիք տարին խառնակ չըլլայ, պատերազմներ չըլլան:

ԿՃԱԽԱՇԸ, որ նաեւ ծանօթ է ծանդիլ կամ ատամնահատիկ անուններով, պատրաստուած կ՛ըլլայ` չոր լուբիայով, սիսեռով, ձաւարով, ոսպով, երբեմն ալ` ցորենով կամ եգիպտացորենով:

Կճախաշը ծիսակարգին մէջ երկու իմաստ ունի, անիկա թէ՛ ատամնահատիկի եւ թէ՛ Ամանորի ուտեստ է, պարզապէս կճուճի մէջ կը խաշեն այս հատիկները ու սեղան կը բերեն, որոշ տեղեր զայն կը զարդարեն չոր միրգերով: Կճախաշին նպատակը գալիք տարուան բերքի առատութիւն ապահովելն է:

ՏՈՒՄԱՅԻ¬ի բոլոր տեսակները Ամանորի սեղանի պարտադիր կերակուրներէն են. տոլմայ կը պատրաստուէր նաեւ խաղողօրհնէքին:

ՏԱՐԵՀԱՑԸ եւս ծիսական կերակուր է: Անիկա գաթային նմանող հաց է, զայն կը թխեն Նոր տարուան կամ Ս. Ծնունդի նախօրեակին: Տարի հաց, բոկեղ, կլոր բաղարջ, կրկենի, կլոճ անուններով ծանօթ այս հացը պարտադիր կլոր պէտք է ըլլայ, միջուկը` խորիզը, կը շաղեն` մեղրով, ընկոյզով, չամիչով, կանեփով եւ չոր պտուղներով: Աւանդութեան համաձայն, տարեհացը կը թխէ տան տարեց կինը: Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ տարեհացը տարբեր օրերու կը կտրէին` տարեմուտի ընթրիքին, յունուար 1¬ի առաւօտեան, ճրագալոյցին կամ յունուար 6¬ին` Ս. Ծնունդին: Տարեհացը կը բաժնէին ընտանիքի անդամներուն թիւով եւ կամ 12 մասի` տարուան ամիսներու թիւով եւ մէջը պահուած մետաղադրամով գուշակութիւններ կ՛ընէին:

ԱՍԻԼԻԿ-ՎԱՍԻԼԻԿ խմորեղէն է, որ կը թխուի մարդու, անասուններու, բոյսերու եւ տարբեր իրերու տեսքով: Թխելու ժամանակ ո՛ր կերպարը, որ կ՛ուռի, կը նշանակէ, թէ այդ տարին բարեբեր պիտի ըլլայ անոր համար: Աւանդութեան համաձայն, եթէ տան մէջ նորահարս կայ, կարելի է ասիլիկ¬վասիլիկ ձեւաւորել նորահարսի տեսքով, եթէ խմորը ուռի, տարուան ընթացքին նորահարսը երեխայ կը ծնի…

Բացի նշուած կերակուրներէն` կարելի է սեղան բերել մսեղէնի եւ աղցանի որոշ տեսակներ, պայմանաւ որ ուտելիքներուն քանակը ըլլայ տրամաբանական եւ ոչ ցուցադրական:

Սուրբ Ծննդեան Աւանդական
Կերակուրներու Խորհուրդը

Հայերը դարերէ ի վեր Ս. Ծնունդը նշեր են սեղանները զարդարելով աւանդական եւ խորհրդանշական կերակուրներով:

ՄԱՐԻԱՄԱՃԱՇ ապուրը կը պատրաստուէր ճերմակ բանջարով, իւղով, ձաւարով եւ սոխրածով: Այդ ճերմակ բանջարը աւելուկի պէս կը հիւսուէր, իսկ հայերը այդ հիւսքերը նմանցուցեր են Մարիամ Աստուածածնի ծամերուն. այդպէս ալ ծագեր է ճաշին անուանումը:

ՁՈՒԿԸ Ս. Ծննդեան սեղանի պարտադիր ուտեստ էր: Հայերը ձուկը պատրաստեր են տարբեր ձեւերով` շոգեխաշած, տապկուած կամ խմորի մէջ փաթթուած: Ընդհանրապէս օգտագործուած են սիդ, իշխան, կարմրախայտ եւ կողակ ձուկերը:

ԵՂԻՆՁԸ նոյնպէս Ս. Ծննդեան սեղանի պարտադիր կերակուրներէն էր. անիկա կը պատրաստուէր չոր միրգերով: Հետաքրքրական է, որ անցեալին, բրինձի փոխարէն, աւելի յաճախ կ՛օգտագործուէին ձաւարը, հաճարը, կորկոտը, որոնք շատ աւելի առողջապահական էին եւ համահունչ` հայկական բնաշխարհին հետ, քան` բրինձը: Եղինձին հատիկները կը խորհրդանշէին մարդկութիւնը, իսկ չամիչը` այն ընտրեալները, զորս Աստուած ընտրեց իր առաքելութիւնը շարունակելու համար:

ԿԱՂԱՄԲՈՎ ՏՈԼՄԱՆ, ՀԱՐԻՍԱՆ եւ տօնի նախօրէին մորթուած ոչխարի կամ հորթի միսը եւս կը ճոխացնեն Ս. Ծնունդի սեղանը:

ՏԱՐԻ կոչուած քաղցր գաթան կը մատուցուէր 12 կտորներու բաժնուած` ըստ տարուան 12 ամիսներուն:

Ծնունդի սեղանին ոգելից ըմպելիներ չկային, սակայն կարմիր գինին արտօնուած էր, քանի որ անիկա Քրիստոսի արիւնը կը խորհրդանշէր:

+