Ծիսական գիտելիքներ : 6-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին Յիսուս մարդ է մեզ նման, սակայն երկնային զօրութեամբ օժտուած
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ճառագայթեալ

Ծիսական գիտելիքներ : 6-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին Յիսուս մարդ է մեզ նման, սակայն երկնային զօրութեամբ օժտուած

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

15 Ekim 2023  

6-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին Յիսուս մարդ է մեզ նման, սակայն երկնային զօրութեամբ օժտուած



Այսօր մեր ամենուս ուշադրութիւնը դարձած է դէպի միջին արեւելք, եւ մասնաւորապէս դէպի Սուրբ Երկիր: Սոսկալի պատերազմը կը սպառնայ բնաջնջել մէկ կամ միւս հատուածը բնակչութեան: Անհրաժեշտ է աղօթել, մանաւանդ որ կը գտնուինք Սուրբ Վարդարանի ամսուան մէջ, որպէսզի դադրին բոլոր հակառակութիւնները եւ կարելի ըլլայ սերմանել սէրն ու խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնըԱյսօր մեր ամենուս ուշադրութիւնը դարձած է դէպի միջին արեւելք, եւ մասնաւորապէս դէպի Սուրբ Երկիր: Սոսկալի պատերազմը կը սպառնայ բնաջնջել մէկ կամ միւս հատուածը բնակչութեան: Անհրաժեշտ է աղօթել, մանաւանդ որ կը գտնուինք Սուրբ Վարդարանի ամսուան մէջ, որպէսզի դադրին բոլոր հակառակութիւնները եւ կարելի ըլլայ սերմանել սէրն ու խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ:

Յիսուս բժիշկն է նախ հոգիներու, բայց նաեւ մարմիններու։ Հրաշքները զոր ան կ'իրագործէ, բժշկելով հիւանդները, անկարելի է որ որեւէ մահկանացու կարենայ կատարել։ Սակայն այդ հրաշքներուն իրականացումը կախում ունի դիմացինին հաւատքէն ու վստահութենէն թէ Քրիստոս կրնայ իրապէս մէկ խօսքով բուժել մարդիկ։

Իր ծննդավայրին` Նազարէթի մէջ, Յիսուս տարակոյս ունի թէ իր հարազատները կը հաւատան իսկապէս իր կարողութիւններուն, թէ պարզապէս կ'ուզեն զինք փորձի ենթարկել եւ իր մասին քննադատութիւններ կատարել։ Կը տեսնէ անոնց մէջ վստա-հութեան պակասը իր անձին հանդէպ եւ թերահաւատութիւն` իր կարողութիւններուն նկատմամբ. ուստի այդ պատճառաւ ալ` հրաշք չի գործեր։

Գալով մեզի, Քրիստոսի խօսքերուն հանդէպ մեր յարգանքը մինչեւ ու՞ր կ'երթայ։ Մենք ալ արդեօ՞ք Նազարէթի բնակիչներուն նման` կը տարակուսի՞նք իր կարողու-թիւններուն նկատմամբ, թէ լիուլի վստահութիւն ունինք մեր Տիրոջ հանդէպ։ Յիսուս այսօր ֆիզիքապէս ներկայ չէ մեր մէջ, սակայն Քրիստոսի եւ իր աշակերտներուն յաջորդներն են այսօրուայ եպիսկոպոսներն ու քահանաները։ իսկ կիրակի օրուան կարեւորագոյն մասերէն մին է քարոզը։ Եկեղեցին արգիլած է իր վարդապետներուն կիրակի օրերը ժողովուրդին պատարագ մատուցանել առանց քարոզ տալու իրենց։

Սակայն ինչ որ յաճախ կը պատահի, այն է որ ժողովուրդը մտիկ չ'ըներ քարոզներուն եւ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր անոնց. պէտք է որ համոզուինք թէ մեր լսած պատգամներուն համար հաշիւ պիտի տանք Տիրոջ։ Յիսուս` երբ ուղարկեց իր առաքեալները քարոզութեան, Յուդան ալ կար իրենց մէջ. մարդիկ մտիկ ըրին նաեւ Յուդայի քարոզութեան եւ փրկուեցան. հրաշքներ ալ գործեց Յուդան, միւս առաքեալ-ներուն նման։ Վարդապետի մը անձնական տկարութիւնը կամ յանցանքը պէտք չէ պատրուակ բռնել անոր խօսքին կարեւորութիւն չտալու համար, որովհետեւ ան` իր կեցած բեմէն` կը ներկայացնէ Քրիստոսի իշխանութիւնը, անոր բարութիւնը, անոր դատաստանը։ Մեզի կ՛իյնայ ուրեմն ընտրել` կամ մտիկ ընել մեզի մատուցուած Աստուծոյ խօսքին եւ փրկել մեր անձը, կամ ալ` անտարբեր գտնուիլ անոր հանդէպ եւ ենթարկել մեր անձը անապահով յաւիտենական կեանքի մը։

Քրիստոս կ՛ըսէ. Սուրբ Հոգին իմ վրաս է, ինծի իշխանութիւն տուաւ քարոզելու եւ աւետարանելու։ Քրիստոսի իշխանութիւնը յառաջ կու գայ Սուրբ Հոգիէն, որ ներկայ է իր յղութեան, իր ծննդեան, իր դաստիարակութեան, իր մկրտութեան եւ անապատ երթալու ընթացքին, բայց մանաւանդ իր քարոզութեան եւ հրաշքներու իրագործման մէջ։

Թողունք ուրեմն որ Հոգին մեզ ալ առաջնորդէ ինչպէս որ կ'առաջնորդէ մեր հոգեւոր ղեկավարները, մեր բոլոր կեանքի ընթացքին, որպէսզի կատարենք ոչ թէ այն ինչ որ մենք կ՛ուզենք ընել մեր ազատ կամքովը, այլ ինչ որ Տէրը կ՛ուզէ որ ընենք մեր գործերով եւ ըսենք մեր խօսքերով, մեր շուրջը գտնուող ժողովուրդի բարիքին համար։ Ամէն։

+