Կիրակի 11 Յունիս 2023 Տօն Սուրբ Եկեղեցւոյ (Յովհաննէս Ժ. 22-30)
Երեք պայման կայ մաս կազմելու Քրիստոսի ոչխարներու խումբին. Նախ մտիկ պէտք է ընել իր ձայնին – մտիկ ընել կը նշանակէ լսել եւ հասկնալ -. Ապա պէտք է ճանչցուիլ Յիսուսէն, ստանալ անոր հաւանութիւնը թէ իսկապէս իր աշակերտներուն մաս կը կազմենք. Եւ երրորդ` պէտք է հետեւիլ իրեն, թէ՛ իր սորվեցուցած վարդապետութեան եւ թէ՛ մանաւանդ իր զոհաբերուած կեանքի օրինակին. Ամէն։
Այս տօնը կը զուգադիպի Հրէաներու Նաւակատիքին, որ տաճարի մեծ տօներէն մին էր. Ան հաստատուած էր Քրիստոսէ առաջ 165 թուականին Յուդա Մակաբայեցիի կողմէ, յետ մաքրելու տաճարը, որ պղծուած էր Անտիոքոս Դ. Եպիփան կոչուած թագաւորին կողմէ։ Արդարեւ այս բռնաւորը ստիպած էր Հրէաները տաճարին մէջ դնելու իր իսկ արձանը, երկար ժամանակ, մինչեւ որ Մակաբայեցի եղբայրներու յեղափոխութեամբ` յետ յաղթելու Անտիոքոսին, կարելի եղած էր զայն վերցնել տաճարէն։ Անշուշտ հարկ էր վերստին օրհնել Սուրբ տաճարը այս սրբապղծութենէն ետք։
Գործնականին մէջ՝ ըստ Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան, ամէն անգամ որ եկեղեցի մը կ'ենթարկուի անարգանքի, փլուզումի, սրբսպղծութեսն, անհրաժեշտ է զայն մաքրել, նիւթապէս եւ հոգեպէս, որպէսզի արժանաւոր կերպով շարունակուին կատարուիլ արարողութիւնները: Արեւելքի եւ դժբախտաբար նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, այս վերջին շրջանին՝ քրիստոնեայ եկեղեցիները կ'ենթարկուին անհաւատալի ու բարբարոսական անարգանքներու: Մեզի կ'իյնայ նախ աղօթել, բայց նաեւ պայքարիլ, մեր ձայնը բարձրացնել բողոքելու համար այս ահաւոր խժդժութիւննեսուն դէմ:
Այս տօնին կը յարմարի Աւետարանի այս ընթերցումը, որովհետեւ այն ինչ որ տաճարին մէջ կը կատարուի պաշտօնական հանգամանք կը ստանայ եւ Յիսուս կը յայտնէ բոլորին իր մեսիական պաշտօնն ու առաքելութիւնը. ամէնքը պարտին գիտնալ թէ ինքն է սպասուած Մեսիան:
Իսկ ո՞վ է Մեսիան եւ ի՞նչ պիտի գայ ընելու աշխարհի վրայ. Ըստ Հրէաներուն` ան խոստացուած փրկիչն է որ պիտի ազատէ վերջնականապէս Հրէաները իրենց ենթակայութենէն ուրիշ ազգերու. Այս պարագային` պիտի փրկէ զիրենք հռովմէական իշխանութենէն. Ուրիշ տեսակի Մեսիա չէր անոնց սպասածը։ Իսկ Յիսուս, որ իսկական փրկիչն է աշխարհի, կ'ուզէ հաստատել նոր մեսիական ըմբռնում մը. Ինք չէ եկած իշխանութիւններու դէմ յեղափոխութիւն ընելու, կայսրութիւններ տապալելու եւ ընկճուած ազգերուն ազատութիւն եւ անկախութիւն պարգեւելու. ինք հոգեւոր Մեսիան է, այսինքն խոստացուած այն փրկիչը որ պիտի գայ մարդոց մեղքերը քաւելու. այն որ առաջին մարդուն մեղքէն ետք` խոստացուեցաւ Աստուծոյ կողմէ:
Յիսուս գործեց շատ մը հրաշքներ, որոնք փաստն են թէ ինք իսկապէս խոստացուած Մեսիան է, Քրիստոսը, օծուած Աստուծոյ կողմէ որպէս թագաւոր մարդկութեան եւ ուղարկուած աշխարհ` հոն հաստատելու Աստուծոյ թագաւորութիւնը. Յիսուսի առաջին քարոզութեան նիւթն էր. Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտեցած է Աստուծոյ արքայու-թիւնը։ Այս բոլոր նշանները սակայն անհասկնալի կը մնային Հրէայ մեծերուն համար, անոնք տակաւին նոր նշաններ կը պահանջէին։ Սակայն Յիսուս կ'ըսէ իրենց յստակօրէն. «Դուք չէք հաւատար ինծի, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք։» Այսինքն կ'ուզէ ըսել թէ դուք կը լսէք իմ խօսքերս, կը տեսնէք իմ գործերս, սակայն մտիկ չէք ըներ այդ խօսքերուն եւ կոյր կը ձեւանաք կատարուած հրաշքներուն առջեւ. Անոնք չեն խօսիր ձեր սրտին, որովհետեւ դուք ուրիշ բան կը սպասէք եւ ոչ թէ Աստուծոյ խօսքը։
Երեք պայման կայ մաս կազմելու Քրիստոսի ոչխարներու խումբին. Նախ մտիկ պէտք է ընել իր ձայնին – մտիկ ընել կը նշանակէ լսել եւ հասկնալ -. Ապա պէտք է ճանչցուիլ Յիսուսէն, ստանալ անոր հաւանութիւնը թէ իսկապէս իր աշակերտներուն մաս կը կազմենք. Եւ երրորդ` պէտք է հետեւիլ իրեն, թէ՛ իր սորվեցուցած վարդապետութեան եւ թէ՛ մանաւանդ իր զոհաբերուած կեանքի օրինակին. Ամէն։
Հայր Յովսէփ Քէլէկեան