Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական Գիտելիքներ. Առաջին Շաբաթ Յինանց (9_16 Ապրիլ 2023)
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Զօրացեալ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական Գիտելիքներ. Առաջին Շաբաթ Յինանց (9_16 Ապրիլ 2023)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

10 Nisan 2023  

​Եկեղեցական Գիտելիքներ. Առաջին Շաբաթ Յինանց (9_16 Ապրիլ 2023)



Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ իր նջեցեալները. Ինչպէս ամէն տաղաւար տօնի յաջորդող օրը նուիրուած է ննջեցեալներուն

Սուրբ Զատկէն ետք` կը սկսի Յինանց շրջանը որ 50 օրուայ շրջան մըն է, նուիրուած Քրիստոսի յարութեան։ Երբեք ուրիշ սուրբի տօնակատարութիւն չի կատարուիր, բացի առաջին շաբաթէն` Յովհաննէս Մկրտիչի նուիրուած տօնը։ Այս բոլոր ժամանակը ուտիք է, այսինքն կարելի է ուտել միս, հաւկթեղէն ու կաթնեղէն, նոյնիսկ ուրբաթ օրերը. Միակն է Հայ Եկեղեցին որ կը տօնէ Յիսուսի յարութեան տօնը այսքան մեծ շուքով, 50 օրուայ ընթացքին անընդհատաբար։

Յինանց շրջանի յատկանիշերէն մին է հետեւողական ընթերցումը, Սուրբ պատարագի ընթացքին. ընթերցուածը «Գործք Առաքելոց»էն է եւ կը սկսի առաջին օրէն ու կ՛երկարի մինչեւ յինանց վերջին օրը։ Իսկ Յովհաննէսի աւետարանի ընթերցումը կը սկսի Նոր Կիրակիէն, այսինքն յինանց 2-րդ շաբաթէն մինչեւ Հոգեգալուստ, ընդմիջուելով անշուշտ Համբարձման տօնին օրը։

Երկուշաբթի 10 Ապրիլին Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ իր նջեցեալները. Ինչպէս ամէն տաղաւար տօնի յաջորդող օրը նուիրուած է ննջեցեալներուն (տաղաւարները տարուան ընթացքին 5 մեծ տօներն են որոնց շարքին Ս. Յարութեան տօնը) Զատկուայ յաջորդ օրն ալ` մեր ժողովուրդը կ՛աղօթէ իր ննջեցեալ հոգիներուն համար, ընդհանրապէս օրհնել տալով գերեզմանները իրենց հարազատներուն, սիրելիներուն ու ծանօթներուն։

Գալով պատարագի ընթացքին երգուող Սուրբ Աստուած տաղին, բոլոր յինանց շրջանին` կ՛ըսուի որ յարեարդ ի մեռելոց փոխան որ խաչեցարին։

Շաբաթ 15 Ապրիլին` Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի Գլխատման տօնն է։ Սուրբ Գրքի մէջ` կը պատմուի այս դէպքը։ Հերովդէս թագաւոր, իր երկրորդ կնոջ` Հերովդիայի խնդրանքին վրայ, տրուած ըլլալով որ Յովհաննէս միշտ կը պախարակէր թագաւորը իր կինը արձակած ըլլալուն եւ իր եղբօր` Փիլիպպոսի կինը առած ըլլալուն համար, բռնել տուած էր Յովհաննէսը եւ զայն բանտարկած էր։ Թագաւորի տարեդարձին առթիւ, Հերովդիայի աղջիկը` Սալոմէ, սքանչելի պար մը կը կատարէ անոր առջեւ. Երբ թագաւորը, հիացած` կը խոստանայ տալ իրեն այն ինչ որ խնդրէ, մօր թելադրանքով` Սալոմէ կը խնդրէ որ տեղն ի տեղը, ափսէի մը վրայ բերուի իր առջեւ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։ Հերովդէս կը տխրի, որովհետեւ Յովհաննէս նկատուած էր մարգարէ մը ժողովուրդին կողմէ, բայց իր խոստումը յարգելու համար, կը կատարէ Սալոմէի խնդրանքը։ Ահա այս դէպքն է որ կը յիշատակուի այսօր։

Յինանց շրջանը կը զուգադիպի այն 50 օրերուն` զոր Հրեաները կը դնէին Զատկի եւ Տաղաւարահարաց տօնին միջեւ. Յունարէն լեզուով` այդ տօնը կը կոչուէր Պենտեկոստէ, ինչ որ կը նշանակէ 50 օր։ Իսկ քրիստոնեաները նոյն օրը կը տօնեն Սուրբ Հոգւոյ Գալստեան տօնը առաքեալներուն վրայ, որ պատահեցաւ Յարութենէն ճիշտ 50 օր ետք, իսկ Համբարձումէն – որ կը տօնուի զատկուայ 40-րդ օրը – 10 օր ետք։

Կիրակի 16 Ապրիլը նոր Կիրակի է , կը կոչուի նաեւ ՝ Կարմիր Կիրակի ։ Տօն Աստուածային ողորմութեան (ըստ լատինաց)։

Հռոմի Եկեղեցին որոշած է կատարել, Զատկուայ յաջորդող կիրակիին համար` Աստուածային սիրոյ Ողորմութեան տօնը։ Քրիստոս ինքզինք յայտնած է որպէս տոգորուած սիրոյ ողորմութեամբ, գլխաւորապէս երկու անձերու, անցեալ դարու ընթացքին, Սրբուհի Ֆաուսթինա Գովալսքա, լեհ մայրապետին եւ Քոյր Սբերանցայի, որ վախճանեցաւ վերջերս, 1983-ին։ Այս վերջինը հիմնեց Ողորմած Սիրոյն զոյգ միաբանութիւնները, քոյրերու եւ վարդապետներու, ինչպէս նաեւ շինել տուաւ սքանչելի սրբավայր մը Իտալիոյ Ումպրիա շրջանի` Գոլլեվալենցա գիւղին մէջ։

Ապրինք Քրիստոսի յարութեան պանծալի տօնը`

մեր մէջ արմատացնելով հաւատքը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ։
+