Այլեւայլ : Ինչպէ՞ս Պէտք Է Ուտել Գիրութեան Բուժման Վիրահատութենէն Ետք
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : Ինչպէ՞ս Պէտք Է Ուտել Գիրութեան Բուժման Վիրահատութենէն Ետք

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

22 Şubat 2023  

Ինչպէ՞ս Պէտք Է Ուտել Գիրութեան Բուժման Վիրահատութենէն Ետք



Նման վիրահատութիւններէ ետք անհրաժեշտ է ուտել աստիճանաբար եւ ընտրել կարգավիճակին համապատասխան ուտելիքներ։

Վիրահատութիւններէն ետք առաջին երկու ամիսներու ընթացքին անհրաժեշտ է հետեւիլ սննդային ցուցմունքներու։

Առաջին 24-48-ը ժամը վիրահատութենէն ետք

Խմել մաքուր հեղուկներ, որոնք կ’ըլլան թափանցիկ, օրինակ՝ ջուր, բուսական թէյ, խնձորի հիւթ եւ թափանցիկ ապուրներ (արգանակ առանց քրեմայի կամ կտորներու), կարելի է ուտել նաեւ դոնդող (ժէլօ), քանի որ ան մարմինի ջերմաստիճանին ազդեցութեամբ հեղուկի կը վերածուի։ Հեղուկներու օգտագործումը պէտք է ըլլայ աստիճանաբար եւ իւրաքանչիւր անգամ պէտք չէ անցնի կէս գաւաթը։ Օրուան մէջ պէտք է սպառել առաւելագոյնը 8 գաւաթ հեղուկ։

3-էն 7 օր ետք

Կարելի է ուտել (սպառել) ամբողջական հեղուկներ, թափանցիկ հեղուկներու կողքին, ինչպէս՝ կաթ, մածուն, օշարակի տեսակներ, ապուրներ (հարուած), pudding, Casterd եւ այլն։

Մէկէն երկու շաբաթ ետք

Այս ընթացքին կարելի է ուտել բիւրէ եղած ուտելիքներ, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակի հեղուկներ, բայց նախընտրելի է հեղուկ սնունդը բաժնել պինդ սնունդէն, այնպէս որ հեղուկը պէտք է խմել ուտելէ 15 վայրկեան առաջ եւ ուտելէ 30 վայրկեան վերջ։

Երկու շաբաթէն մէկ ամիս ետք

Կարելի է ուտել փափուկ, լաւ եփած ուտելիքներ, ինչպէս՝ հաւկիթ, եփած կանաչեղէն եւ փափուկ պտուղներ, առանց կեղեւի։ Կարելի է նաեւ ուտել հարուած կովու եւ հաւու միս, օրինակ՝ քիւֆթէ եւ կլոր միս նաեւ լաւ եփած բրինձ։

Մէկէն երկու ամիս ետք

Սննդականոնին կ’աւելնան պինդ ուտելիքներ, ինչպէս՝ հացահատիկներ, հատիկներ, հաց, կանաչեղէն եւ թարմ պտուղներ։

Երկու ամիս ետք

Ենթական կրնայ ուտել ամէն տեսակ ուտելիք՝ առանց սահմանափակումներու, բայց նախընտրելի են պինդ ուտելիքները բաժնել հեղուկներէն, այսինքն՝ հեղուկները խմել ուտելէն 15 վայրկեան առաջ եւ ուտելէն 30 վայրկեան ետք։ Նախընտրելի է նաեւ ուտել փոքր քանակով, սակայն օրական քանի մը անգամ, այսինքն՝ մօտ 5-6 անգամ օրուան ընթացքին։

Ինչո՞ւ կարեւոր է պինդ սնունդի (ուտելիքի) աստիճանական օգտագործումը վիրահատութենէն ետք

Որպէսզի փորի ցաւ, կամ սրտխառնուք չպատահի։ Այս մէկը կ’ապահովէ նաեւ ստամոքսի թթուներու բնական արտազատումը, որպէսզի վիրահատութենէ որոշ ժամանակ ետք մարսողութեան գործընթացը բնական դառնայ։

Ինչպէ՞ս խուսափիլ վիրահատութենէն ետք մկանի կորուստէն

Վիրահատութենէն ետք շատ կարեւոր է ստանալ մարմինի օրուան սպիտակուցի կարիքը եւ մկանային մարզանքներ ընել, որպէսզի ծանրութիւնը կայուն չմնայ եւ մկան չկորսնցնէք։

Վիրահատութենէ ետք մարմինը օրուան ընթացքին պէտք ունի 1.1-1.5 կրամ սպիտակուցի իւրաքանչիւր մէկ քկ.-ին համար, այսինքն՝ օրական մօտաւորապէս 60-80 կրամ սպիտակուցի։ Սպիտակուցը կրնանք ստանալ կենդանական աղբիւրներէն, ինչպէս՝ հաւկիթէն, միսէն, հաւէն, ձուկէն, կաթնեղէնէն նաեւ բուսական աղբիւրներէ, ինչպէս հացահատիկներէն։

Կարգ մը անձեր հաւանաբար պէտք ունենան բարձր սպիտակուցով սննդային յաւելումներու, որոնք կու գան հեղուկի ձեւով, եթէ վիրահատութենէն ետք անոնք չկարենան ուտել բաւարար չափով պինդ ուտելիքներ։

Շաղիկ Գաբրիէլեան
+