Այլեւայլ : Յիշողութեան Հետ Կապուած Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Յիշողութեան Հետ Կապուած Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

25 Eylül 2022  

Յիշողութեան Հետ Կապուած Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ



Որոշ դեղեր կը վնասեն յիշողութեան:
Ճիշդ. յատկապէս` անթիտեփրեսէօր կոչուած տեսակները, որոնք հոգեկան անկումները դարմանելու կը ծառայեն. ասոնք կրնան տկարացնել յիշողութիւնը, բայց անգամ մը որ դարմանումը դադրեցուի, ամէն բան ընթացքի մէջ կը մտնէ:

Յիշողութիւնը կը նուազի 20 տարեկանէն սկսեալ:
Ճիշդ. ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, յիշողութիւնը նուազելու կը սկսի պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ, միւս կողմէ` բառապաշարը եւ պերճախօսութիւնը կը զարգանան 70 տոկոսով:

Օդանաւով յաճախակի ճամբորդութիւնները կը վնասեն յիշողութեան:
Ճիշդ. կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, օդանաւային ընկերութիւններու անձնակազմերը աւելի ենթակայ են յիշողութեան տկարութեան, քան ուրիշներ, սակայն կը կարծուի, որ ասիկա կրնայ պարզապէս անքնութեան հետեւանք ըլլալ:

Ձուկ ուտելը կ՛օգնէ յիշողութեան:
Սխալ. այս շատ ընդհանրացած համոզումը գիտականօրէն փաստուած չէ: Միւս կողմէ, սակայն, ինչ որ օգտակար է մեր մարմնին, օգտակար է նաեւ մեր ուղեղին: Հետեւաբար երբեք պէտք չէ դադրիլ ձուկ ուտելէ:

Առաւօտեան ժամերուն աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք եւ կը յիշենք:
Ճիշդ. առտու լաւագոյն ժամանակն է սորվելու, մինչդեռ յետմիջօրէին մեր ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը կը նուազին:

Սոյայի կաթը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
Սխալ. հրաշք դեղ գոյութիւն չունի ուղեղին համար: Ուղեղը պէտք ունի 13 տեսակ կենսանիւթի, 15 հանքայինի եւ օլիկօ էլեմանի, 8 ասիտ ամինէի եւ 4 ճարպաթթուի: Այլ խօսքով, միայն այլազան եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը կրնայ ապահովել ուղեղին կատարեալ գործունէութիւնը:

Խաչբառ լուծելը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
Սխալ. գիտնականները փաստած են, որ խաչբառ լուծելը կամ ոտանաւորներ գոց սորվիլը ոչ մէկ ձեւով յիշողութիւնը կը զօրացնեն. բայց եւ այնպէս, ընթերցումը ու մտաւորական որոշ աշխատանքներ թոյլ չան տար, որ ուղեղը ծուլանայ:

Ոգելից ըմպելիները կը վնասեն յիշողութեան:
Ճիշդ. ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը տարիներու վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ յիշողութեան վրայ:

Հանգիստ, խոր քունը անհրաժեշտ է յիշողութիւնը պահպանելու համար:
Ճիշդ. քունի ընթացքին է, որ ուղեղը կը զտէ օրուան դէպքերը: Անկանոն եւ ընդհատուած քունը կ՛արգիլէ, որ յուշերը ամրապնդուին:

Ընկճախտը մոռացութիւն կը պատճառէ:
Ճիշդ. ծանր ընկճախտը կը վնասէ յիշողութեան: Կարճատեւ, թեթեւ ընկճախտը յիշողութիւնը կը տկարացնէ կարճ ժամանակի վրայ, հետեւաբար անցողիկ կ՛ըլլայ:

Հաւկիթը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
Ճիշդ. ամերիկացի գիտնականներ կը պնդեն, որ հաւկիթի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ կանխել յիշողութեան կորուստի գործընթացը: Գիտնականները այս երեւոյթը կը բացատրեն անով, որ հաւկիթը կը պարունակէ 2 տեսակի անթիօքսիտաններ, որոնք դրական անդրադարձ կ՛ունենան մարդու մտաւոր կարողութիւններուն վրայ:


Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+