Խաղողօրհնէք
Օգոստոս ամսին նշուող տօները թէ յիշենք, անպատճառ կը մտաբերենք Նաւասարդը, եւ այնուհետ՝ Խաղողօրհնէքը։
Խաղողօրհնէքի տօնը այլ կերպ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօն կը յիշեն, որ հայոց առաքելական եկեղեցին կը տօնէ Օգոստոսի 15-ին նախորդող կամ յաջորդող առաջին Կիրակի օրը։ Այն կը խորհրդանշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր երկինք վերափոխուելը։
Յայտնի է, որ մինչ քրիստոնէութեան մուտքը Հայաստան, մենք անասելի շատ կը սիրէինք Նաւասարդի տօնը, եւ նոյնիսկ այդ ամիսը Նաւասարդ կ՚անուանէինք։ Որքան ուրախութեամբ, խինդ ու ցնծումով կը պարէինք, կը խաղայինք, կը մրցէինք՝ այդպէս ոգեկոչելով մեր նահապետի յաղթանակը։
Մայր Անահիտ դիցուհուց մինչ Մարիամ Ս. Աստուածամայր
Նաւասարդի տօնակատարութիւններին մեծ ու կարեւոր տեղ էր յատկացւած հայոց երեւի ամենասիրելի դիցուհուն՝ մայր Անահիտին։ Նրա մայրական ջերմութիւնն ու անսպառ զօրութիւնն էին հայցում ամենքը։ Նորահարսը մայրական բերկրանքը զգալու երջանկութիւնն էր հայցում, մարտիկը՝ զօրութիւն ու յաղթութիւն, մշակը՝ առատ բերք ու բարեբեր անձրեւներ, հիւանդը՝ ապաքինում…
Քրիստոնեայ ըլլալէն ետքը հայերս Անահիտ դիցուհուն վերագրուող հաւտալիքներն ու աղօթքները ուղղեցինք դէպի Սուրբ Աստուածամայրը, ով այդուետք շարունակեց Անահիտի ուղին ու դարձաւ հայերի նոր ամենասիրելի սուրբը։
Եւ քանի որ նաւասարդեան տօնակատարութիւնները Անահիտ դիցուհուն նուիրուած մեհեաններում կը կատարուէին, այդ մեհեանները քանդուեցին եւ դրանց տեղում բարձրացուեցին Սուրբ Աստուածամօրը նուիրուած եկեղեցիներ։ Եւ ստացուեց այնպէս, որ մարդիկ ուխտի էին գնում դէպի նոյն վայրերը, բայց այժմ ոչ թէ Անահիտի, այլ Աստուածամօր ուխտավայրը, նշում էին ոչ թէ Նաւասարդը, այլ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։
Օրերով կը պատրաստուէին ուխտագընացութիւններուն. ազգականներով, ընկեր բարեկամներով ճանապարհ կ՚ընկնէին նախապէս ընտրուած ուխտատեղին, կը քայլէին մի ամբողջ գիշեր եւ արեւածագը կը դիմաւորէին արդէն ուխտավայրում, ուր այլեւս կը բացուէին սեղանները, կը զոհաբերուէին պտուղները, մատաղներ կարուէին, երիտասարդները խումբ խումբ կը պարէին, լախտի, ըմբշամարտ կը խաղային եւ տօնը կը շարունակուէր խինդ ու ցնծուն զուարճանքներով. «մատաղները կ՚օրհնուին ու կը զինուին, աւանդական հարիսայի պղինձները կը շարուին ծառին տակ, կրակարաններուն վրայ։ Քովի թթաստանի ծառերուն տակ ուխտաւորները կը բանան իրենց սեղանները, իսկ ծառին տակ կը փչէ զուռնան, կը թնդայ թմբուկը, ու մինչեւ լոյս շուրջպարը կը դառնայ։ Կիրակի առաւօտ տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր պատարագ։ Պատարագիչ սրբազանը կ՚օրհնէ հերիսան, որ կը բաժանուի ուխտաւորներուն։ Խնջոյքը, կերուխումը, զուռնան ու պարը կը տեւեն մինչեւ երեկոյ»։
Խաղողօրհնէքին կը յիշէին նաեւ Թուխ ու Մուխ մանուկներուն, որոնք, անշուշտ, շատ հինէն կու գան. առատութեան ու բերքատուութեան, բնութիւնը բուժող ու կենարար, կեանք պարգեւող դիցային ոգիներ կամ գուցէ հենց դիցեր էին։ Ալաշկերտում Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման օրը կը հաւաքուէին Թուխ Մանուկ սրբավայրում եւ կը կոխոտէին «այն վայրերը, ուր Թուխ մանուկներ քայլած են»։ Համզաշեխ գիւղի մօտի «Թուխ Մանուկի ուխտագնացութիւնը կը պատահի Օգոստոսին՝ Ս. Աստուածածնայ տօնին»։ «Խաստուրա Ս. Աստուածածնայ վանքը ուխտի եկող հասարակութիւնը Թուխ մանուկ եւս պիտի գնար, որ իր ուխտը կատարեալ համարուի»։
Խաղող օրհնելիս
Առաջներում աւանդութիւն կար՝ բերքի օհնութեան ու նուիրաբերութեան ծէս։ Հասունացած առաջին պտուղները եւ բերքը հարկ էր զոհաբերել ուխտավայրերում կամ պաշտամունքի տներում, ինչից յետոյ միայն կարելի էր ճաշակել այդ պտուղը։ Այս սովորութիւնը չվերացաւ քրիստոնէութեան մուտքով, այլ շարունակուեց. Ամանորին կը զոհաբերուէին զանազան հատիկեղէն, փոխինդ, աղանձ, Տեարնընդառաջին՝ թարմ ու չոր մրգեր, Զատիկին՝ ձու, Համբարձման օրը՝ կաթնով, Վարդավառին՝ հասկեր ու խնձոր, իսկ ահա Ս. Աստուածամօր Վերափոխման օրը խաղող կ՚օրհնէին։
Խաղողօրհնէքի օրը քահանան կ՚օրհնէր խաղողի առաջին ողկոյզները, որոնք կը տարուէին եկեղեցի։ Սակայն աւելի յաճախ քահանաներն իրենք կ՚այցելէին խաղողի այգիները, մկրատով մի ողկոյզ կը կտրէին, կը բարձրացնէին այն դէպի արեւը եւ «Երկնքի լոյս Թուխ Մանուկներէն ցօղուած են մեր այս այգու ողկոյզները։ Աստուած օրհնեց մեր այգիները Նոյի տապանով, Մովսէսի տապանակով, Քրիստոսի Սուրբ Խաչով, Աստուածածնի արցունքով, Լուսաւորչի լոյս հաւատով, Հաց ու գինի, Տէր կենդանի։ Մեր այգիներն ալ միշտ պիտի դալար լինեն, ողկոյզները՝ միշտ անսպառ» ասելով՝ կ՚օրհնէին բերքը։
Օրհնուած խաղողի ողկոյզներից այնուհետեւ կը տարուէին լուսաղբիւրների ակունքներին եւ ուխտավայրերին կը դրուէին, զի թռչուններն ալ անմասն չմնան երկրի բարեբերութենէն։ Օրհնուած խաղողի մի մասն էլ կը պահէին մինչ յաջորդ խաղողօրհնէք, որպէսզի առատութիւնը չվերանայ։ Նոյն օրհնուած խաղողից կը պատրաստէին անուշ գինի։
Քեսապում Կիրակի օրը, անպատճառ, սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կ՚եփեն։ Քանի որ սմբուկը սովորաբար տարուայ առաջին բերքն էր լինում, այս ճաշատեսակից այնքան շատ կը պատրաստեն, որ սմբուկի բուրմունքը կը տարածուի ողջ բոլորը, եւ հարեւան թուրքերը Աստուածածնի տօնը «պատընճան պայրամ» (սմբուկի տօն) կ՚անուանէին