Մեծ պահքի աւանդութիւն միրմիրաս - Mirmiras - Mırmıras
Հայ կեանքի մէջ տօնական օրերու աւանդութիւններէն մին ալ, բարեկենդանը յաջորդող 48 օրուայ Մեծ Պահքի ընթացքին "ՄԻՐՄԻՐԱՍ" ի աւանդութիւնն է, որը , անցեալին յատկապէս Անատոլուի գիւղերու մէջ շատ սիրուած աւանդութիւն մըն էր եւ լայնօրէն կը գործածուէր:
ՄԻՐՄԻՐԱՍ 'ը տունի առաստաղէն կախուած կարմիր մեծ սոխին մխրճուած աքլորի կամ հաւի եօթը փետուրներ եւ սոխէն դէպի վար կախուած կարմիր պղպեր ի անունն է :
Միրմիրաս բառը, խոժոռադէմ, անընդհատ դժկամ, շատախօս եւ մռմռացող մարդ կը նշանակէ: Կը կարծուի թէ',յատկապէս, միջավայրի յարմարելու համար դժկամութեամբ պահք պահելու պատճառով երես կախող, լռիկ մնջիկ եւ դժխոհ անձերու համար ըսուած ասութիւն մըն է:
Միրմիրաս ի եօթը փետուրները կը խորհրդանշէ "Մեծ Պահքի" եօթը շաբաթներու ընթացքը, իսկ կարմիր պղպեղը կը խորհուրդանշէ, չապաշխարհող եւ պահք չի պահողներու դէմ յանդիման մնալիք հոգեւոր կրակը: Միրմիրասի գոծ կարմիր սոխը կը խորհրդանշէ եօթը մեղքերը:
Ամբարտաւանութիւն, Նախանձութիւն, Բարկութիւն,Ծուլութիւն, Նիւթապաշտութիւն (Մաթէրիէլիզմ), Շատակերութիւն, Հեշտասիրութիւն եւ վիրաւոր սիրտերը:
Մարդիկ ապաշխարհելով եւ պահեցողութիւնով հոգապէս կը վերանորոգուին եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով սպիտակ կը դառնան, սոխի կորիզի մէջի ճերմակ գոյնի նման:
Ամէն անգամ որ մեծ պահքի ընթացքին շաբաթ մը մեր ետին կը ձգենք, սոխի վրայի փետուրներէն մէկը կը քաշուի ու կը հանուի:
Սբ. Յարութեան տօնի նախօրին, ճրագալոյցի արարողութիւնէն վերջ, տուն վերդառնալուն անմիջապէս կարմիր սոխը կը ջարդուի եւ Զատիկի աւանդական ձուկով միասին կ'ուտուի, իսկ անոնք որոնք պահք չեն պահած կուտեն կծու պղպեղը։