Այլեւայլ : Հաւկիթ Ուտելու 3 Համոզիչ Պատճառներ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Հաւկիթ Ուտելու 3 Համոզիչ Պատճառներ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

15 Şubat 2022  

Հաւկիթ Ուտելու 3 Համոզիչ Պատճառներ



1) Հաւկիթը հարուստ է Պէ2, Պէ12, Ա եւ Էօ. կենսանիւթերով, ինչպէս նաեւ` զինկ, ֆոսֆոր, երկաթ եւ այլ հանքայիններով: Ասոնց շնորհիւ հաւկիթը կը նպաստէ կարմիր գնդիկներու արտադրութեան, կը պաշտպանէ աչքերը եւ մարմնին առողջ բջիջները, կ՛օգնէ երեխաներու առողջ աճին: Հաւկիթը նաեւ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը, ոսկորներն ու ակռաները եւ, վերջապէս, կը կանխարգիլէ քաղցկեղի որոշ տեսակներ:

2) Հաւկիթը կը վայելէ քոլեսթերոլ պարունակելու գէշ համբաւը: Best Health Magի կարծիքով, առաւօտեան խաշած հաւկիթ մը ուտելը յագեցնող է, հետեւաբար նիհարնալու սննդականոնի հետեւողներուն համար յարմար ուտելիք մը` փորձութեան չենթարկուելու եւ չգիրնալու համար:

3) Բժշկական լուրջ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ պատանութեան եւ չափահաս տարիքին հետեւողականօրէն հաւկիթ կերած պարմանուհիներն ու երիտասարդուհիները որոշ տոկոսով պաշտպանուած են ստինքի քաղցկեղէ, դեղնուցին պարունակած choline նիւթին շնորհիւ:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+