Այլեւայլ : Բուրմունքը
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Թաղանթեալ

Այլեւայլ : Բուրմունքը

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

19 Haziran 2021  

Բուրմունքը




Անուշ բուրմունքը միշտ ալ հաճելի եղած է մարդուն համար ու գրգռած անոր զգացումները: Անոր կարեւորութիւն տրուած է նախնադարեան շրջաններուն իսկ: Վիմափոր պատկերներուն վրայ նկարագրուած է մարդը կոյտ մը խոտաբոյսեր մշակելու արարողութեան ընթացքին:

Անուշահոտի եւ օծանելիքներու պատմութիւնը սկիզբ առած է հին Եգիպտոսի մէջ: Փարաւոնները հմտացած են անոնց պատրաստութեան հնարքներուն եւ օգտագործման եղանակներուն մէջ:

Օծանելիքներու օգտագործումը իշխանական եւ կրօնական խաւերուն վերապահուած էր: Պաշտամունքի արարողութիւններուն եւ մեռելները զմռսելու հիմնական տարրերն էին օծանելիքները: 4000 տարեկան հաշուող հնագոյն եգիպտական օծանելիքի անօթը 2004-ին Կիպրոսի մէջ գտնուած է կնկայ գլխու կերպարով: Վաճառականներու միջոցաւ մուտք գործած է Եւրոպա, ուր յոյներն ու հռոմէացիք շատ մեծ համակրանք ցուցաբերած են անոնց նկատմամբ: Կ’ըսուի, թէ Նիրօն կայսրի արքունիքին առաստաղէն անուշաբոյր կաթիլներ կը ծորէին, իսկ Ֆրանսայի Լուի 14-րդ թագաւորի օրերուն յանձնարարուած էր օճառին եւ ջուրին փոխարէն մաքրուիլ միայն բուրումնաւէտ օծանելիքներով:

Հանրածանօթ իրականութիւն մըն էր օրական կէս թեթեղ անուշահոտի օգտագործումը Նաբոլիոնի կողմէ:

Օծանելիք մը առաւելաբար կ’արժեւորուի իր պարունակած եթերաիւղերով (Essential oils): Անոնք այն քիմիական բաղադրիչներն են, որոնցմով կ’առանձնաշնորհուի իւրաքանչիւր ծաղկատեսակ կամ բուսատեսակ:

Համաշխարհային համբաւ ունին վարդը, յասմիկը, մատնուցուկը, մեխակը, նարկիզը եւ մանուշակը: Եթերաիւղերը կրնան գտնուիլ բոյսին տարբեր մասերուն մէջ: Օրինակ մանուշակինը կ’ըլլայ ծաղկաթերթիկներուն մէջ, յիրիկինը՝ արմատներուն մէջ, իսկ գինձինը՝ փայտերուն մէջ:

Շատ մը անուշաբոյր եթերաիւղեր գտնուած են նոյնիսկ կենդանական աշխարհին մէջ, ինչպէս կէտ ձուկին աղիքներուն մէջ գոյացող բուրկէնը (անպար) եւ կուղբին (քունտուս)ին մորթէն դուրս արտադրուող կղբէնէան անուշաբոյր իւղը (Castor oil):

Ժամանակի ընթացքին այս եթերաիւղերը ձեռքբերելու միջոցները բարելաւուեցան, ամիսներ եւ օրեր պահանջող գործերը պարփակուեցան քանի մը ժամերով, սակայն տակաւին 1 կր. վարդի եթերաիւղ պատրաստելու համար անհըրաժեշտ է 40 վարդ քաղել շքեղ ծաղկաստաններէ:

Ներկայիս բնական եթերաիւղերուն կողքին կան նաեւ արհեստականները, որոնց կ’աւելնան քիմիական զանազան բաղադրիչներ՝ երկարակեցութեան կամ բժշկական յատուկ նպատակներու համար:

Հին եւ միջին դարերէն արդէն մեր տարածաշրջանին մէջ մեծ համբաւ ունէին հայկական օծանելիքները, նշանաւոր էր մանաւանդ Նարդուս ծաղիկէն պատրաստուածը: Առանձնայատուկ է հայկական Միւռոնը, որ բարդ բաղադրութիւն մըն է՝ անոյշաբոյր իւղերու եդեմական ազդեցութիւն դրոշմող:

Օծանելիքը կաթիլ մըն է, որուն մէջ խտացուած կ’ըլլան դառն ու թարմ յուշեր, կաթիլ մը… որուն մէջ խտացուած կ’ըլլայ նոյնի՛սկ ովկիանոս մը սէր:


+