Ծիսական գիտելիքներ : Ծաղկազարդ, Աւագ Շաբաթ (28 Մարտ – 4 Ապրիլ 2021)
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Առագոտ

Ծիսական գիտելիքներ : Ծաղկազարդ, Աւագ Շաբաթ (28 Մարտ – 4 Ապրիլ 2021)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

29 Mart 2021  

Ծաղկազարդ, Աւագ Շաբաթ (28 Մարտ – 4 Ապրիլ 2021)



Սուրբ Շաբաթը իր մէջ կը բովանդակէ այն 8 օրերը որոնք Քրիստոսի կեանքին եւ վարդապետութեան ամէնէ խռսուն եւ խորհրդաւոր օրերն են։

Աւագ Շաբաթը բոլոր ծէսերուն մէջ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ. Կոչուած նաեւ Սուրբ Շաբաթ:

Ան կը բովանդակէ իր մէջ այն 8 օրերը որոնք ամէնէն բովանադակալից օրերն են Քրիստոսի կեանքին եւ վարդապետութեան։

Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ փառաւոր կերպով, գիտնալով հանդերձ որ հոն զինք պիտի սպաննեն Հրեաները, սակայն հարկադրաբար ինք կու գայ, նման անմեղ գառնուկին` իր դահիճին առջեւ, որովհետեւ այդպէս միայն պիտի կարենայ իր կատարումին հասցնել իր անձին զոհը մարդոց փրկութեան համար։

Ծաղկազարդի Ովսաննաներուն պիտի յաջորդեն միեւնոյն ժողովուրդի ի խաչ հան աղաղակները։ Սակայն այդպէս է որ պիտի իրագործուի Հօր կամքը, եւ ինք աշխարհ եկած է կատարելու իր երկնաւոր Հօր կամքը։

Կիրակի` 28 Մարտին, կը տօնենք Ծաղկազարդը։

Այս տօնակատարութեան ընթացաքին կ՛օրհնուին ձիթենիի ճիւղերը եւ կը բաժնուին ժողովուրդին, որպէսզի ամէնքը մասնակցին Քրիստոսի յաղթական մուտքին Երուսաղէմ։ Իսկ հայ ծէսը ունի շատ գեղեցիկ արարողութիւն մը այս օրուան համար, Դռնբացէքի արարողութիւնը. Աւագերէցը ժողովուրդին հետ կ՛երթայ Եկեղեցւոյ դռնէն դուրս եւ երեք անգամ կը բախէ դուռը խնդրելով աղերսագին որ Տէրը բանայ իրեն եւ իր ժողովուրդին համար` ողորմութեան դռները։ Նման 5 իմաստուն կոյսերուն` բոլոր ժողովուրդը վառած մոմեր կը բռնէ եւ կը սպասէ եկեղեցւոյ դռներու բացուելուն, որպէսզի ներս մտնէ երգով ու աղօթքով։ Նախապէս կը կատարուի նաեւ անդաստանի գեղեցիկ արարողութիւնը, դարձեալ զուտ հայկական, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը։

Երկուշաբթի 29 Մարտ , Աւագ Երկուշաբթի է. ՀայԵկեղեցին կը տօնէ Որոտման որդիներու տօնը. Անոնց մայրը` կը խնդրէ Յիսուսէն որ իր երկու որդիները, որոնք Յիսուսի առաքեալներն են, նստին Յիսուսի աջ եւ ձախ կողմը երկնքի արքայութեան մէջ։

Երեքշաբթի 30 Մարտ , Աւագ Երեքշաբթի է.Յիշատակ իմաստուն կոյսերու.10 կոյսերու առակին աւետարանին մէջ, հինգը իմաստուն են, որովհետեւ աւելորդ ձէթ պատրաստած են իրենց լապտերներուն համար, փեսայի սպասման ժամանակ. Իսկ միւս հինգը յիմար են, որովհետեւ ձէթի պաշար մը չեն առած իրենց հետ եւ երբ կէս գիշերին փեսան կը հասնի, իրենց լապտերները արդէն մարած ըլլալով` չեն կրնար մտնել հարսանիքի տօնին։

Չորեքշաբթի 31 Մարտ, Աւագ Չորեքշաբթի է. երկու դէպք կը պատմուի Սուրբ Աւետարանին մէջ. ՄինԲեթանիայի օծումն է, ուր մեղաւոր կին մը կու գայ օծելու անուշահոտ իւղով մը Յիսուսի ոտքերը. Ասիկա գայթակղութիւն կը պատճառէ նոյնիսկ կարգ մը առաքեալներուն, գլխաւորապէս Յուդայի, թանկագին իւղի վատնումին պատճառաւ։ Միւս դէպքը Յուդայի որոշումն է մատնելու իր Տէրը։

Հինգշաբթի 1 ապրիլ, Աւագ Հինգշաբթի է. Վերջին ընթրիքի պահուն, զոր Քրիստոս կ՛անցնէ իր առաքեալներուն հետ, կը լուայ անոնց ոտքերը եւ ապա կը հաստատէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, բաժնելով անոնց հացը եւ գինին, որոնք կը խորհրդանշեն իր մարմինն ու արիւնը։

Ուրբաթ 2 ապրիլ , Աւագ Ուրբաթ է. կը յիշենք Յիսուսի չարչարանքները եւ մահը խաչի վրայ. Այդ օրը Սուրբ պատարագ չի մատուցուիր, առ ի յարգանս Քրիստոսի թաղման։ Յուզիչ է սոյն արարողութիւնը հայկական ծէսին մէջ, ուրուն կը յաջորդէ Քրիստոսի թաղման թափօրը արեւելեան երկիրներու մէջ։

Շաբաթ 3 Ապրիլին . Աւագ Շաբաթ է . Կը սկսի Ճրագալոյցը Սուրբ Յարութեան. Երեկոյեան դէմ` կը կատարուի ընթերցում Քրիստոսի յարութեան հայող մարգարէութիւններու եւ ապա` հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։ Կիրակի 4 Ապրիլին ` տօնն է Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան:

«Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց» - Oրհնեալ է Յարութեան Քրիստոսի


Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+