Այլեւայլ : Միջինքը
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Միջինքը

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

10 Mart 2021  

Միջինքը

Ըստ Մա­ղաք­իա Արք. Օր­ման­եա­նի՝ Մի­ջինք անու­նը տր­ուած է մեծ պահ­քը կի­սող օր­ուան:

Այս­պէս Մեծ Պահ­քի կէ­սը կամ 24-րդ օրը կը կոչ­ուի Մի­ջինք: Մի­ջին­քի առի­թով եկե­ղեցի­ին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ առա­ւօտ­եան արեւագա­լի արա­րո­ղու­թիւնը, իսկ երե­կոյ­եան՝ եկես­ցէն:

Մի­ջին­քը կը զու­գա­դի­պի Չո­րեք­շաբ­թի օր­ուան, այդ օրը կը կազ­մա­կերպ­ուին Մի­ջի­նքի հա­ւա­քոյթ­ներ եւ Մեծ պահ­քի յա­տուկ ու­տե­լիք­նե­րով սե­ղան­ներ կը բաց­ուին:

Ժա­մա­նա­կին գա­ւառ­նե­րու մէջ կը պատ­րաստ­ուէր Մի­ջի­նքի բա­ղարջ հա­ցը, Մի­ջին­քի կար­կան­դա­կը։ Բա­ղարջ Հա­ցին մէջ սո­վո­րա­բար փոքր եր­կա­թ­եայ ման­րադ­րամ կը պահ­ուէր, եւ ըն­տա­նե­կան ճա­շի կամ հա­սա­րա­կական հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին հա­ցը կտոր-կտոր կը բաժն­ուէր բո­լո­րին, եւ բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւնը կը սե­ւե­ռէր օր­ուան բախ­տա­ւո­րին վրայ:

Հե­տաքրք­րա­կան է նա­եւ Մի­ջին­քը կտ­րե­լու ծէ­սը։ Երե­կոյ­եան տան աւա­գը բա­ղարջ հա­ցը կը դնէր տան ամե­նա­փոքր ան­դա­մի մէջ­քին, կը կտ­րէր զայն եւ ան­կէ հա­ւա­սար բա­ժին­ներ կը հա­նէր տան բո­լոր ան­դամ­նե­րուն եւ ըն­տա­նի կեն­դա­նի­նե­րուն ու հո­ղին։ Որուն բա­ժի­նին մէջ, որ նշան յայտ­նա­բեր­ուէր, ան տար­ուան ըն­թաց­քին յա­ջո­ղու­թիւն կը գտ­նէր:

Հին Ջու­ղա­յի մէջ կը հա­ւա­տա­յին. որ եթէ բա­ղար­ջը կտ­րե­լու ատեն նշա­նը դիպ­չէր դա­նա­կին, ըն­տա­նի­քի ապ­րուս­տին աղ­բիւ­րը հո­ղը կ՚ըլ­լար:
Մի­ջին­քի օրը պահ­քը չի լուծ­ուիր, այլ կը պահ­ուի նոյն խս­տու­թեամբ:

Հա­յաս­տա­նի նա­հանգ­նե­րու մէջ տար­բեր ձե­ւով կը տօ­նէ­ին Մի­ջին­քը, օրի­նակ Վա­նի մէջ, երի­տա­սարդ­նե­րը իրենց ար­տը կ՚եր­թա­յին «ող­ջու­նե­լու» եւ աւե­տե­լու գա­րու­նը հե­տեւ­եալ խօս­քե­րով. «Աշ­խարհն լոյս տա­լու եկո­ղը՝ թող քեզ ալ լիու­թիւն տայ»:

Մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու հա­ցա­գործ­նե­րը նախ ան­պայ­ման կ՚այ­ցե­լէ­ին իրենց ար­տե­րը՝ ստու­գե­լու բեր­քին վի­ճա­կը:
Մի­ջին­քի ճա­շա­ցանկը բազ­մա­զան է, որուն գլ­խա­ւոր բա­ղադ­րի­չը հա­տի­կե­ղէնն է:

Կե­սուր­նե­րը հա­տի­կով եւ նուէ­րով կ՚եր­թա­յին իրենց խնամի­ին տու­նը, այ­ցե­լե­լով հարսնց­ուին:

Ներ­կա­յիս ալ Մի­ջին­քը կը շա­րու­նակ­ուի, սա­կայն տար­բեր ձե­ւե­րով: Շռայ­լու­թիւնը ակն­յայ­տօ­րէն բոյն դրած է բո­լո­րին մօտ։

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+