Ծիսական գիտելիքներ : Քառասնորդացի շրջանը կարեւոր է Ս. Յարութիւնը տօնելու համար
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Ճառագայթեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Քառասնորդացի շրջանը կարեւոր է Ս. Յարութիւնը տօնելու համար

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

20 Şubat 2021  

Քառասնորդացի շրջանը կարեւոր է Ս. Յարութիւնը տօնելու համար

Քառասնորդացը անհրաժեշտ շրջան մըն է Զատկուան մեծ տօնին պատրաստուելու համար Աղօթքով, Ծոմապահութեամբ եւ Ողորմութեամբ․ "հացի" բաժանումով եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ յատկապէս աւելի թշուառներուն հետ։
"Ձեռնադրեցին անոնց երէցներ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ համար, կատարեցին աղօթքներ հանդերձպահքով, յանձնեցին զանոնք Տիրոջ, որուն հաւատացեր էին" (Գործ Առաքելոց 14,23)։Ունկնդրէ խորհրդածութիւնըԵկեղեցին այս օրերուն կը գտնուի ծոմապահութեան եւ աղօթքի ժամանակաշրջանի մէջ։ Ան մեզ կը պատրաստէ Յիսուսի Սբ. Յարութիւնը տօնելու։

Քառասնորդացը անհրաժեշտ շրջան մըն է Զատկուան մեծ տօնին պատրաստուելու համար Աղօթքով, Ծոմապահութեամբ եւ Ողորմութեամբ․ "հացի" բաժանումով եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ յատկապէսաւելի թշուառներուն հետ։ Անոր նպատակն է, աշխարհի վրայ ամէն բան վսեմացնել ու բարձրացնել, մերաչքերը սեւեռել Աստուծոյ եւ անոր սիրելիներուն վրայ։ Ան մեզի կ’օգնէ յստակացնելու մերյարաբերութիւնը Անոր, մենք մեզի եւ մարդոց հետ։

Քառասնորդացի սկզբնաւորութեան, քրիստոնեան հրաւիրուած է վերանորոգելու իր հոգեւոր կեանքիյանձնառումը երեք յենարաններու վրայ․ Աղօթք, Ծոմապահութիւն, Ողորմութիւն։

Ինչպէ՞ս պահք կը պահենք:

Առաջին. պէտք է հրաժարինք կենդանական բաղադրութիւն ունեցող ամէն տեսակի կերակուրներէ(մսեղէն, կաթնեղէն, ձկնեղէն եւայլն):

Երկրորդ. հեռու մնալ մոլութիւններէն (ծխախոտ, խմիչք, թմրադեղ, թղթախաղ, խնճոյք եւ զուարժանքներ, ագահութիւն եւայլն): Անշուշտ, մոլութիւններէն հրաժարելու համար պէտք չէ սպասենք պահքին, այլ պէտքէ փորձենք զանոնք վերջնականապէս ջնջել մեր կեանքէն:

Երրորդ. հեռու մնալ ամուսնական յարաբերութիւններէն ու տեղ չտալ մեր մարմնական փափաքներուն, խօսքը անշուշտ ընտանիքի մասին է, իսկ ինչ կը վերաբերի ընտանիքէն դուրս յարաբերութիւններուն, եկեղեցին բացարձակապէս կը մերժէ եւ կ'արգիլէ այսպիսի յարաբերութիւնները:

Չորրորդ. մեր լեզուները մաքուր պահենք (ստախօսութենէն, հոյհոյանքէն, շատախօսութենէն, եւ ամէնտեսակ անկրթութենէն, որոնք դէմ են մարդկային արժանապատուութեան):

Հինգերորդ. ըլլանք համեստ եւ չգանգատինք եւ հպարտանանք պահքի ժամանակ (այսինքն պէտք չկայամէն ժամ յիշեցնելու մեր շուրջիններուն որ պահք պահած ենք). փորձենք չըլլալ անձնասէր :

Ամէնէն առաջ եւ աւելի կարեւորը՝ պահքի շրջանին աղօթենք եւ Սուրբ Գիրքը կարդանք: Զղջա՛նք եւապաշխարենք քանի որ ասիկա կը հանդիսանայ հիմնական պայմանը, որպէսզի Աստուած մեզ բժշկէ եւմեր մեղքերը ջնջէ:

Փորձենք եւ ջանանք բարիք ընել: Մեր մեծերը յարգենք, աղքատներուն օգնենք, անօթիները կերակրենք, նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնենք այն մարդոց, որոնք մեզմէ աւելի վատ պարագաներու մէջ կ'ապրին եւթեթեւցնենք անոնց հոգերը:

Պահքի շրջանին կարեւոր է զօրացնել մեր հոգեւոր շնորհքները եւ յատկապէս եղբայրասիրութիւնը, քանիոր, ինչպէս Եզնիկ Կողբացին կ'ըսէ. « մէկը կրնայ կենդանիի միսը չուտել՝ բայց անդադար իր եղբօր միսըկը ծամէ»:




+