Այլեւայլ : ​Սուրբ Սարգիս Տօնը
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : ​Սուրբ Սարգիս Տօնը

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

30 Ocak 2021  

​Սուրբ Սարգիս Տօնը

Ս. Սարգիսը շարժական տօն է. այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն անմիջապէս յաջորդող 49 օրեայ Մեծ պահքը կ՛աւարտի Զատիկով: Այսպիսով, անուղղակիօրէն կապուելով 35 օրուան շարժականութիւն ունեցող Զատկուան հետ, Ս. Սարգիսի տօնը նոյնպէս կը շարժի 35 օրերու ընթացքին, նշուելով յունուար 18-էն մինչեւ փետրուար 23-ը երկարող այն շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատկուան տօնէն ճիշդ 63 օր առաջ կու գայ:

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ` ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւններ դարձած են:

Ս. Սարգիս Զօրավարը երիտասարդներու արագահոս բարեխօսն է, իր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կ՛աղօթեն սուրբին, որպէսզի իրենց աղօթքները հասցնէ Աստուծոյ:

Ս. Սարգիս հայ ժողովուրդի ամէնէն աւելի սիրած սուրբերէն է: Անոր մասին բազմաթիւ աւանդապատումներ կան, ինչպէս նաեւ` ժողովրդական սովորութիւններ:

Տօնին կը նախորդէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած առաջաւորաց պահքը, որ կը տեւէ 5 օր:

Ժողովրդական սովորութիւններէն է Ս. Սարգիսի տօնին ալիւրով լեցուն ափսէ դնել տան տանիքը կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիս Զօրավարի ձիուն պայտի հետքին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ ձգէ իր սպիտակ ձիուն պայտին հետքը, այդ տարի կ՛իրականանան երիտասարդին երազները:

Ամբողջ պատմական Հայաստանի տարածքին Ս. Սարգիսին անունով շատ սրբավայրեր կան, եկեղեցիներ, մատուռներ, նոյնիսկ` լեռ:

Մուսա լերան աւանդական խոհանոցին մէջ մինչեւ օրս պահպանուած է «գումպա» անունով ծիսական հաց-քաղցրեղէնի պատրաստութիւնը: Խմորը կը շաղեն երեկոյեան եւ անիկա ամբողջ գիշերը կ՛եփի մարած թոնիրի տաքութեամբ:

Գումպան կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով: Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որո՛ւ որ ելլէ դրամը, ան կը համարուի տարուան բախտաւորը:

Ս. Սարգիսի նախորդող առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդէն, այլ նաեւ աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ: Արգիլուած էր լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Ս. Սարգիսի ձիու ոտքերուն թնճուկ կը փաթթուի եւ որպէս պատիժ` իրենց մազերը կը թափին…

Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին թաթախման պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինդ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդերու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային գունդերով:



Սակայն ծոմ պահած երիտասարդները չէին ուտեր, անոնք այդ երեկոյ աղի կրկնեփ կ՛ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՛վ ջուր պիտի տայ: Շաբաթ առտու աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՞ գաւաթով, որքա՛ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն… Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր: Փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը նախագուշակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք, եւ այլն…

Աւանդութեան համաձայն, Ս. Սարգիսի կրկնեփը պէտք է պատրաստէր հաւաքուած կիներէն ամենաերջանիկը, ան, որ մեծ սէր ապրած եւ երեխաներ ունեցած է: Կրկնեփին բաղադրութիւնը շատ պարզ է` ալիւր, աղ եւ ջուր: Պատրաստելու համար 3 բաղադրութիւնները խառնել, շաղել, սրտաձեւ կամ կլոր ձեւաւորել եւ նախքան փուռին մէջ եփելը ծակեր բանալ` մէջերէն ժապաւէն անցընելու համար:




Նկարչուհի, ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի խօսքերով, Ս. Սարգիս տօնը ունի իր ծիսական ծառը, որ պատրաստուած կ՛ըլլայ փուշերէ, նուռէ, հացահատիկներէ (աղանձ, խաշիլ, փոխինձ): Ազգագրագէտին համաձայն, ոչ միայն եկեղեցին, այլ նաեւ տունը ունի տիեզերական խորհուրդ եւ բոլոր հայ ընտանիքները պէտք է պատրաստեն ծիսական այս ծառը: Հետաքրքրական է փուշի ընտրութիւնը, Ագուլեցիի բացատրութեամբ, «սէրը փշոտ է. սիրոյ համար պէտք է պայքարիլ, ի հարկին` զոհողութիւններու երազ, եւ քանի որ մարդը բնական էակ է, ան կրնայ ճիշդ ընտրութիւն կատարել»:






+