Ծիսական գիտելիքներ : ​Սուրբ Ծնունդ, Աստուածայայտնութիւն, Նոր Տարի, Տօնածառ…
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Շաւաղօտ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Սուրբ Ծնունդ, Աստուածայայտնութիւն, Նոր Տարի, Տօնածառ…

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

05 Ocak 2021  

​Սուրբ Ծնունդ, Աստուածայայտնութիւն, Նոր Տարի, Տօնածառ…



Տիրոջ Ծննդեան տօնակատարութեան առաջին յիշատակութիւնները սկսած են Գ. դարէն։ Արեւելքի մէջ մինչեւ Դ. դար Քրիստոսի ծննդեան տօնը կապուած էր Աստուածայայտնութեան, այսինքն` Յիսուսի Մկրտութեան տօնին հետ, որ կը նշուէր Յունուար 6-ին

Սուրբ Ծնունդը և Աստուածայայտնութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ տաղաւար տօներուն առաջինն են, նուիրուած՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին: Տիրոջ Ծննդեան տօնակատարութեան առաջին յիշատակութիւնները սկսած են Գ. դարէն։ Արեւելքի մէջ մինչեւ Դ. դար Քրիստոսի ծննդեան տօնը կապուած էր Աստուածայայտնութեան, այսինքն` Յիսուսի Մկրտութեան տօնին հետ, որ կը նշուէր Յունուար 6-ին։ Սակայն 336-ին, Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ Դեկտեմբեր 25-ը պաշտօնապէս որոշեց որպէս Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան օր։ Յետագային՝ Դ. դարու վերջին, Ասորիքի մէջ, իսկ Ե. դարու կէսին, գրեթէ ամբողջ Արեւելքի մէջ (Աղեքսանդրիա, Անտիոք, Կ. Պոլիս) Քրիստոսի Ծննդեան տօնի օրը փոխադրուեցաւ Դեկտեմբեր 25-ին, Յունուար 6-ը մնալով որպէս Տիրոջ Աստուածայայտնութեան օր։ 451-ին Քաղկեդոնի ժողովը Դեկտեմբեր 25-ը վերջնականապէս հաստատեց որպէս Յիսուսի Ծննդեան օր, թէեւ Երուսաղէմի Եկեղեցին մինչեւ 549-ը շարունակեց նշել Յունուար 6-ը։ Այսօր միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցին է, որ հաստատ մնացած է հնագոյն աւանդութեան վրայ և Քրիստոսի Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը կը շարունակէ նշել միասին՝ Յունուար 6-ին։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՝ Ս. Ծնունդը և Աստուածայայտնութիւնը օրացոյցային տարուան առաջին տօնն է։

Ամանոր, Նոր Տարի

Ամանոր (Նոր տարի, Նաւասարդ), տօն, կը նշուի տարբեր ժողովուրդներու կողմէ ընդունուած օրացոյցով ընթացիկ տարուայ վերջին օրուայ եւ յաջորդ տարուայ առաջին օրուայ գիշերը: Նոր տարին նշելու սովորոյթը գոյութիւն ունէր դեռ Ք.ա. 3-րդ հազարամեակին Միջագետքի մէջ:

Ամանորով կը նշեն տարուայ սկիզբը: Տարին ժամանակի սահմանն է, որ վերցուած է բնութենէն: Անիկա այն ժամանակաշրջանն է, որուն ընթացքին երկիր մոլորակը կը կատարէ լրիւ պտոյտ մը Արեգակին շուրջ: Երկրի կատարած շրջապտոյտը հաւասար է 934 միլիոն քիլոմեթրի, որ կ՛անցնի մեծ արագութեամբ:

Յունուար 1-ը` որպէս տարուայ սկիզբ, սահմանուած է Հռոմի կայսր Յուլիոս Կեսարի կողմէ Ք․ա. 46-ին: Հին Հռոմի մէջ այդ օրը նուիրուած էր Եանուսին` ընտրութեան, դռներու եւ բոլոր սկզիբներու աստուծոյ: Յունուար ամիսը իր անուանումը ստացած է անունէն Եանուս աստուծոյ, որուն կը պատկերէին երկու երեսով, որոնցմէ մէկը կը նայէր առաջ, իսկ միւսը` ետ:

Տարուայ գաղափարը առաջին անգամ ծագած է Հին Արեւելքի մշակութային կեդրոններէն մէկէն` եգիպտոսէն: Անիկա կապուած է Նեղոս գետի վարարման հետ: Ատոր պայմանաւորուած էր եգիպտացիներու կեանքը, երկրագործական աշխատանքները: Նեղոսի վարարման սկիզբը կը համընկնէր Սիրիուս աստղի երեւալուն: Եւ ահա այդ աստղի եւ Նեղոսի վարարման միջեւ ինկած ժամանակաշրջանն ալ կոչեցին տարի:

Գրիգորեան օրացոյցով

Աշխարհի երկիրներուն մեծ մասը (ինչպէս նաեւ` Հայաստանը) կը տօնէ Ամանորը Յունուար 1-ին, որ, ըստ Գրիգորեան օրացոյցի, տարուայ առաջին օրն է: Որոշ երկիրներ կը տօնեն Ամանորը ըստ լուսնային օրացոյցի:

Հայկական Նոր Տարին

Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր «Նաւասարդ», որ կազմուած է Նաւա (=Նոր) եւ Սարիթա (=Տարի) բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին, իբրեւ հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն:

Արեւմուտքի մէջ, Յունուար 1-ը, իբրեւ նոր տարուան առաջին օրը, ընդունելութիւն գտած է ԺԴ. դարու վերջաւորութեան, իսկ Հայաստանի մէջ, հաւանաբար ընդհանրացած է 1650-ական թուականներուն: Այդ թուականներուն՝ հայերը՝ հետեւելով Հռոմէացիներու Նոր Տարին Յիսուսի ծննդեան տօնի հետ կապելուն, սկսած են Ամանորը Յունուար 1-ին տօնել:

Աւելի ուշ, Հայաստանի մէջ, ընդհանրացած է Ամանորի նոր անունը եւ կոչուած՝ ”Կաղանդ”, որ կը նշանակէ “կանչել= կոչել” ամսուան մուտքը: Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առիթով կը կատարուէին խրախճանքներ, գուսանական թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր, եւ այլն:

Ինչպէ՞ս Եւ Ուրկէ՞ Եկած է «Կաղանդ» Բառը

«Զի՞նչ է Կաղանդ եւ Կաղանդիքա»: Կաղանդ ամսամուտ է, իսկ Կաղանդիքա «նախասկզբնակ օր տարւոյն» գրած է Անանիա Շիրակացին` իր «Տիեզերագիտութիւնը եւ տոմար» գիրքին մէջ:

«Կաղանդ» բառը ծագած է լատիներէն «calendae» բառէն, որ հայերէնով ստացած է Նոր Տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը: Արդարեւ, Նոր Տարի հասկացողութիւնը կ’արտայայտուի նաեւ Կաղանդ բառով, այդ առիթով իրար շնորհաւորելու սովորութիւնը՝ կաղընդել, նուէրը՝ կաղըդնչէք, իսկ երգերը՝ կաղանդոս բառերով:

«Ամանոր» բառն ալ ունի իր տարբեր անուանումները՝ ամանորաբեր, տարեմուտ, տարեգլուխ, տարին գլուխ, տարենոր, նոր տարի, նորաբեր, նաւասարդ եւ ծաղկըմուտ:

Ուրկէ՞ սկիզբ առած է Կաղանդին տօնածառ զարդարելու սովորութիւնը հայոց մօտ

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, առաջնորդուելով Նաւասարդեան տօնի սովորութիւններէն, որուն վերապրուկները մինչեւ այսօր դեռ կան հայկական մեր ընտանիքներու կենցաղին մէջ, «Կաղանդ» բառի ծագումնաբանութիւնը կապուած է “կախանդ” բառի հետ, որ կախել – կախելու գործընթացէն յառաջացած է: Այսօր յաճախ կը հանդիպինք տօնածառի զարդերու, որոնք տարբեր պտուղներու տեսքով են: Հայկական տօնածառի զարդերը հանդիսացած են մարաններէն բերուած տանձ, խնձոր, նուռ, ինչպէս նաեւ չիրերու կապոցներ ու շարաններ, որոնք կախած են տօնական սեղանի մօտ դրուած ծառի մերկ ճիւղէն:

Երկրորդ կախելու արարողութիւնը աւելի հին արմատներ ունի, երբ դեռ օճախ կը վառէին եւ տան երդիքի վրայ ծխատար անցք կար: Ամանորի գիշերը պատանիները կը պտըտէին տունէ տուն և իրենց գուլպան ամրացնելով գօտիի ծայրին կամ պարանին, երդիքէն կ’իջեցնէին տուն, որպէսզի տանտիկինը լեցնելով գուլպան, իրենց կաղընդէր խմորեղէնով կամ չիրերով ու պտուղներով: Որոշ շրջաններու մէջ, կաղանդ բառին հոմանիշ է “գօտեկախ” բառը, որ աւելի հաւաստի կը դարձնէ այդ սովորութեան գոյութիւնը:

Տօնածառը եւ ձմեռ Պապը կամ Կաղանդ Պապան

Համայն աշխարհի հասարակութեան մէջ, Տօնածառը եւ Ձմեռ Պապը կամ Կաղանդ Պապան դարձած են Նոր Տարուան խորհրդանիշներ: Հայ ժողովուրդի համար Սօսին (Akkavak), Բարտին (Kavak), Եղեւինը(Çam) արդէն վաղուց եղած էին «Կենաց Ծառեր», որոնք հայ կեանքի մէջ բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշեն:

Հայերը հեթանոսական շրջանէն ի վեր կը զարդարէին տօնածառը խնձորով, նուռով, կաղինով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը եւ սրտի ցանկութիւնը, բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքով:

Հին ժամանակներէն ի վեր, հայ կեանքի մէջ սովորութիւն էր նաեւ 31 Դեկտեմբերի գիշեր երիտասարդները տունէ – տուն երգելով ու պարելով պտտիլ ու Նոր Տարուան նուէրներ խնդրել:

+