Ծիսական գիտելիքներ : Եկեղեցական Գիտելիքներ: 7-րդ Շաբաթ Յիսնակաց
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ճառագայթեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Եկեղեցական Գիտելիքներ: 7-րդ Շաբաթ Յիսնակաց

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

30 Aralık 2020  

Եկեղեցական Գիտելիքներ: 7-րդ Շաբաթ Յիսնակաց



27 Դեկտեմբեր 2020 – 3 Յունուար 2021

Ոսկին որ կը յանձնուի մեզմէ ամէն մէկուն` Աստուծոյ տուած տաղանդներն ու ձիրքերն են. Տէրը մեզի յանձնած է զանոնք որպէսզի օգտագործենք մեր շուրջիններու օգտին եւ Աստուծոյ փառքին համար։

Ունկնդրէ լուրըՅիսնակաց 7-րդ շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է. Յիսուս առակ մը կը պատմէ, որուն մէջ իշխանութեան տէր անձ մը իր ծառաներուն մէկական ոսկի կը յանձնէ որպէսզի իր բացակայութեան զայն շահագործեն. Եւ վերադարձին` հաշիւ կը պահանջէ իրենցմէ. Ի՞նչ ըրիք այդ մէկ ոսկին. Մինչ անոնցմէ մին կը հաստատէ թէ մէկը տասը բերաւ եւ ուրիշ մը թէ մէկը հինգ բերաւ, երրորդ մը կու գայ եւ ոսկին զոր ծրարած էր թաշկինակի մը մէջ` կը յանձնէ ինչպէս որ էր, առանց զայն օգտագործած ըլլալու։ Ոսկին որ կը յանձնուի մեզմէ ամէն մէկուն` Աստուծոյ տուած տաղանդներն ու ձիրքերն են. Տէրը մեզի յանձնած է զանոնք որպէսզի օգտագործենք մեր շուրջիններու օգտին եւ Աստուծոյ փառքին համար։ Անոր հանար մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի. Տարուան վերջին օրերուն` ժամանակն է ուր պիտի կատարենք հաշուեկշիռը մէկ տարուայ մեր կեանքին, իրազեկ ըլլալու համար թէ որքանով օգտագործած ենք մեր մէջ դրուած զանազան տաղանդները։

Երկուշաբթի 28 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու գլխաւոր առաքեալները, Պետրոս եւ Պօղոս։ Պետրոս կը կոչուէր Սիմոն եւ Յիսուս զինք անուանեց Պետրոս, որ կը նշանակէ ժայռ, որով իր հաւատքին վրայ հիմնեց իր Սուրբ Եկեղեցին։ Իսկ Պօղոս դարձի եկաւ երբ կը հալածէր քրիստոնեաները, Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան հանդիսացաւ այն առաքեալը որ Քրիստոսի պատգամը տարածեց ամբողջ աշխարհին վրայ։ Պետրոս եւ Պօղոս նկատուած են որպէս գլխաւորները Քրիստոսի առաքեալներուն։ Անոնք եկան Հռոմ եւ երկուքն ալ նահատակուեցան սոյն քաղաքին մէջ։ Պետրոսի գերեզմանը կը գտնուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագ խորանին ներքեւ, իսկ Ս. Պօղոս, որ գլխատուած էր Հռոմէն դուրս, թաղուած է Սուրբ Պողօսի Պազիլիքայի խորանին ներքեւ։

Երեքշաբթի 29 Դեկտեմբերին` տօնն է երկու առաքեալ եղբայրներուն` Յովհաննէս եւ Յակոբ, որոնք կոչուած են Z Եկեղեցւոյ կողմէ Որդիներ որոտման։ Արդարեւ իրենք էին որ խնդրեցին Յիսուսէն կայծակներ տեղացնել Սամարացիներու մէկ քաղաքին վրայ, որովհետեւ զիրենք չէին ընդունած։ Ըստ աւանդութեան, Յակոբ, զոր պէտք չէ շփոթել Յակոբոսի հետ, որ կը կոչուի նաեւ Տեառնեղբայր եւ որ Պետրոս առաքեալի կողմէ պետ կարգուեցաւ Երուսաղէմի առաջին քրիստոնեաներուն, հանդիսացաւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներէն մին։ Իսկ Յովհաննէս ամենաերկար կեանքն ունեցաւ, մինչեւ 100 տարիքը հասաւ ըստ ոմանց, եւ ինքն է որ գրեց չորրորդ աւետարանը, ինչպէս նաեւ սիրոյ խրատներով լի երեք նամակները։ Իրեն կը վերագրուի նաեւ Յայտնութեան գիրքը որ վերջին հատորն է Սուրբ Գրքին։

Հինգշաբթի 31 Դեկտեմբերը` 2020 տարւոյն վերջին օրն է. Հրաժեշտ առնենք 2020 տարիէն, շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ մեզի պարգեւած առատ շնորհքներուն համար, յոյսով դիմաւորելու 2021 տարին:

Ուրբաթ 1 Յունուար 2021 , Կաղանդ է, որ կը նշանակէ տարուան առաջին օրը: Քրիստոսի Տնօրէնութեան եւ անուան տօնն է. Արդարեւ ծննդենէն ութը օր վերջ, ըստ Ղուկասի զեկուցումին, Քրիստոս կը թլփատուի եւ իրեն կը տրուի Յիսուս անունը։ Քրիստոնեաները կը տօնեն այդ օր Յիսուսի տնօրէնութեան, կամ անուանկոչութեան տօնը։ Ըստ օրինի, իր ծննդենէն 8 օր վերջ` ան թլփատուեցաւ եւ Յիսուս կոչուեցաւ, ինչպէս որ որոշած էր Գաբրիէլ հրեշտակը նախապէս: Այս տօնակատարութեամբ ‘ Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։ Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կ’ուղղէ համայն մարդկութեան։

Շաբաթ 2 Յունուարին` կը տօնենք Կեսարիոյ մեծ հայրապետները, Բարսեղ եւ Գրիգոր Նիւսացի:

Կիրակի 3 Յունուար 2021, Յիսնակաց 8-րդ Կիրակին է:




+