Ժենգեալով Հացի Պատմութիւն
Արցախ այցելող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ անպայման կ՛այցելէր Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկան` համտեսելու համար տեղական հանրայայտ ժենգեալով հացը:
Ստեփանակերտցիներու մեծ մասը միաբերան կը հաստատէ, որ «շուկայի ամենահամով ժենգեալով հացը տիկին Տոնարան կը պատրաստէ…»:
60-ամեայ Տոնարա Գասպարեանը անուանի «պիզնես վումըն» է, որ արդէն 30 տարիէ կը թխէ ու կը վաճառէ արցախեան խոհանոցի խորհրդանիշ դարձած ժենգեալով հացը: Տոնարային խօսքով, ղարաբաղեան ժենգեալով հացին բաղադրատոմսը շատ պարզ է. խմորին համար` ալիւր, աղ, ջուր, միջուկին համար` 17-25 տեսակ կանաչեղէն, որոնց քանակը կախեալ է տարուան եղանակէն, ինչպէս նաեւ` շրջանէն:
Ժենգեալով հաց թխելու ամենաբարենպաստ ամիսները ապրիլն ու մայիսն են, երբ բանջարանոցները կը յորդին այս բուսատեսակներով` ճռճռոկ, թրթնջուկ, շոմին, խազազ, սիմսիմոկ, գինձ, կրմձուկ եւ այլն…
«Պակաս-Պռատ Տարիներ Էին…»
Տոնարան ժենգեալով հաց թխելու սկսած է 1990-ականներու սկիզբը, երբ տղամարդոց մեծ մասը պատերազմի գացած էր, իսկ ընտանիքը կերակրելու ամբողջ բեռը մնացած էր կիներու ուսերուն:
«Պակաս-պռատ տարիներ էին, գործ չկար, ուտելու բան չկար: Ամուսինս ճակատ գացած էր, երկու անչափահաս երեխաներուս եւ կեսրոջս հետ «եոլա» կ՛երթայինք: Օր մըն ալ առի տղաքս, գացինք բանջարանոցներէն, դաշտերէն ժենգեալ հաւաքեցինք եւ սկսայ ժենգեալով հաց թխել կեսրոջս հետ», կը պատմէ Տոնարան:
Տոնարան կը յիշէ, թէ յաջորդ առտու ինչպէս ժենգեալով հացը շուկայ տարին, հատը 150 դրամի ծախեցին գումար շահելու եւ ապրելու համար:
1991-ին, երբ Ստեփանակերտը կը ռմբակոծուէր, շուկան ժենգեալով հաց ծախելը վտանգաւոր էր: 1994-ին զինադադար հաստատուելէն ետք Տոնարան առաջիններէն էր, որ Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկայէն փոքրիկ տաղաւար մը վարձեց. ան գործը ընդարձակեց, պատուէրներու քանակը քառապատկուեցաւ:
27 սեպտեմբեր 2020…
Պատմութիւնը ինքզի՛նք կը կրկնէ…
Այժմ չենք գիտեր, ո՛ւր է Տոնարան, բայց վստահ ենք, որ շուտով ան կը վերադառնայ իր տաղաւարը: