Ծիսական գիտելիքներ : Եօթներորդ շաբաթ Խաչին (25 Հոկտեմբեր -­ 1 նոյեմբեր 2020)
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Եօթներորդ շաբաթ Խաչին (25 Հոկտեմբեր -­ 1 նոյեմբեր 2020)

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

26 Ekim 2020  

Եօթներորդ շաբաթ Խաչին (25 Հոկտեմբեր -­ 1 նոյեմբեր 2020)

Այսօր Հռոմի Սուրբ Խաչ Պազիլիքային մէջ կը պահուի այժմ ամենամեծ կտորը Սուրբ Խաչին, ինչպէս նաեւ գամերը եւ տախտակը որուն վրայ գրուած է երեք լեզուով Յիսուս Նազովրեցի Թագաւոր Հրէից. Իսկ փշէ պսակը կը գտնուի. Ֆրանսա, Փարիզ քաղաքին մէջ։
Ունկնդրէ լուրըԿիրակի 25 Հոկտեմբերին, Սուրբ Խաչի 7-րդ շաբաթը` կը տօնենք Խաչի Գիւտը, որ հանդիսաւորապէս կը կատարուի Հայ Ծէսի մօտ. Կոստանդին Առաջին կայսեր մայրը, Սրբուհի Հեղինէ, 326 թուին, ամէն ճիգ թափեց գտնելու եւ երեւան հանելու համար այն խաչափայտը, որուն վրայ իր արիւնը թափած էր Յիսուս-Քրիստոս։ Բազմաթիւ ապարդիւն պրպտումներէ ետք` ի վերջոյ Յուդա անունով Երուսաղէմացի Հրէայի մը ցուցմունքներուն վրայ, գտնուեցաւ թաքստոցը Գողգոթայի երեք խաչերուն, որոնք պահուած էին առաջին քրիստոնեաներուն կողմէ։ Որպէսզի կարելի ըլլար անոնց մէջէն ճանչնալ թէ որն էր Յիսուսի Խաչը, մեռած պատանի մը բերուեցաւ եւ դրուեցաւ իւրաքանչիւր խաչի վրայ. Անոնցմէ մէկուն վրայ պատանին յարութիւն առաւ եւ այսպէսով յայտնի եղաւ թէ որ մէկը երեքէն Յիսուսի իսկական խաչափայտն էր։

Կիւրեղ Երուսաղէմի այդ շրջանի Հայրապետը բարձրացուց այդ խաչը բոլորին առջեւ եւ հրաւիրեց ամէնքը անոր երկրպագութիւն կատարելու։ Այդ օրէն ի վեր, Յիսուսի խաչը յայտնի եղաւ բոլոր աշխարհի քրիստոնեաներուն. Մաս մը պահուեցաւ Երուսա-ղէմ, ուրիշ մը բերուեցաւ Կոստանդնուպոլիս, որ փոխադրուեցաւ Հռոմ։ Այսօր Հռոմի Սուրբ Խաչ Պազիլիքային մէջ կը պահուի այժմ ամենամեծ կտորը Սուրբ Խաչին, ինչպէս նաեւ գամերը եւ տախտակը որուն վրայ գրուած է երեք լեզուով Յիսուս Նազովրեցի Թագաւոր Հրէից. Իսկ փշէ պսակը կը գտնուի. Ֆրանսա, Փարիզ քաղաքին մէջ։

Երկուշաբթի 26 Հոկտեմբերին կը տօնենք Սուրբ Անաստաս քահանան. Շատ հետա-քրքրական է անոր կեանքին պատմութիւնը. Բուն անունն էր Մակունդոս եւ ազգով պարսիկ էր, զինուոր` թագաւորին։ Երբ Հերակլ կայսրը, 629 թուին, յաղթեց պարսիկ-ներուն եւ սուրբ խաչը, զոր անոնք գերի տարած էին, ետ վերադարձուց Բիւզանդիոն, Մակունդոս` տեսնելով քրիստոնեաներու պաշտամունքը խաչին նկատմամբ եւ վկայ ըլլալով անոր միջոցաւ գործուած շատ մը հրաշքներու, դարձի կու գայ, եւ հետագային` աւելի մօտէն ուսումնասիրելով քրիստոնէական կրօնը, քահանայ կը ձեռնադրուի Պաղեստինի Սուրբ Սապայ վանքին մէջ, ուր եւ կ՛ապրի որպէս կրօնաւոր. Սակայն երբ Սուրբ Երկիրը կ՛անցնի դարձեալ Պարսիկներու ձեռքը, ան կը ձերբակալուի եւ բազմաթիւ տանջանքներէ վերջ` կը նահատակուի։ Նոյն օրը` նաեւ տօնն է Վարոս անու-նով Հռովմայեցի նահատակ զինուորի մը, 4-րդ դարուն։ Տօնն է ի վերջոյ նաեւ Թէոդիտէ վկայուհիին, Իկոնիացի բարեպաշտ այրի մը որ իր երեք զաւակներուն ջամբած էր քրիստոնէական կրօնը. Ան կը նահատակուի իր երեք որդիներուն հետ, 300 թուականին։

Երեքշաբթի 27 Հոկտեմբերին` կը տօնենք Հիպերիքեանք կոչուած Սամոսատցի նա-հատակները, որոնք 7 բարեկամներ էին եւ, իրենց գլխաւորին` Հիպրիքոսի հետ մէկտեղ նահատակուեցան խաչի վրայ գամուելով, Մաքսիմիանոս կայսեր օրով։

Հինգշաբթի 29 Հոկտեմբերին, տօնն է Սեւերիանոս հռովմէացի զօրավարին, որ մխիթարող պահակն էր Սեբաստիոյ 40 քրիստոնեայ զինուորներուն. Երբ յայտնի եղաւ թէ ինք եւս քրիստոնեայ է, ինքն ալ նահատակուեցաւ 322 թուին։ Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Բաբելաս ծեր ուսուցիչը որ Մաքսիմիանոս կայսեր օրով` նահատակուեցաւ իր 84 աշակերտներուն հետ։

Շաբաթ օր, 31 Հոկտեմբերին, տօնն է Բարաղամ Անտիոքացիին, որ նահատակուեցաւ չզոհելու համար կուռքերուն։ Տօնն է նաեւ Եփեսոսի 7 երիտասարդնե-րուն որոնք հալածանքներէ փախչելով ապաստանեցան քարայրի մը մէջ, ուր իրենց վրայ 100 տարուայ քուն մը եկաւ եւ արթնցան երբ Բիւզանդիոնը Քրիստոնեայ էր արդէն։

Կիրակի 1 նոյեմբեր 2020-ին, Խաչի 8-րդ Կիրակին է։ Նոյն օրը Ամենայն Սրբոց տօնն է (ըստ լատինաց)


+