Ծիսական գիտելիքներ : Մխիթար Աբբահօր Երանացման դատի վերաբացման արարողութիւնը Վենետիկի մէջ։
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ճառագայթեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Մխիթար Աբբահօր Երանացման դատի վերաբացման արարողութիւնը Վենետիկի մէջ։

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

08 Eylül 2020  

Մխիթար Աբբահօր Երանացման դատի վերաբացման արարողութիւնը Վենետիկի մէջ։



Մխիթար խորունկ հաւատքի, հզօր կամքի, բացառիկ տրամաբանութեան ու խորաթափանց մտքի, ինչպէս նաև հեռատես ծրագրումի և անդուլ աշխատանքի տէր անձնաւորութիւնն էր՝ օժտուած իմացական, հոգեկան ու գործնական արտակարգ ձիրքերով:

Երեքշաբթի 8 սեպտեմբեր 2020-ին, ժամը 4-ին, Ս. Աստուածածնայ Ծննդեան Տօնին օրը ու Մխիթարեան միաբանութեան 320-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՛ունենայ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր՝ Աստուծոյ Ծառայ Սեբաստացի Մխիթար Աբբահօր երանացման եւ սրբադասման դատի վերաբացման արարողութիւն, Վենետիկ նոր ժամանած Մխիթարի առաջին բնակավայր՝ Արսենալէ թաղամասի Ս․ Մարտինոս «San Martino di Castello» եկեղեցիին մէջ, , նախագահութեամբ Վենետիկի Պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիային

Մխիթար Աբբահայր ծնած է Սեբաստիա 7 փետրուար 1676-ին,Պետրոս Մանուկ անունով, երբ Հայաստանի մեծ մասը եւ ժողովուրդը կ’ապրէր դժուարին ժամանակներ: Տակաւին շատ փոքրիկ՝ ստացաւ կրօնական դաստիարակութիւն: Բարձրագոյն ուսումի անյագ ծարաւով՝ շրջեցաւ Էջմիածնի, Սեւանի ու Բասենի վանքերը, ուր յուսախաբուած՝ չգտաւ իր ակնկալածը: Պատանի տարիքէն Սեբաստիայի Ս. Նշան վանքին մէջ նուիրուեցաւ անխոնջ ընթերցումի եւ ինքնազարգացումի: Քսան տարեկանին, հազիւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ ականատես Հայաստանի նիւթական եւ իմացական տխուր վիճակին, կը յղանայ աշակերտներ հաւաքելու եւ միաբանութիւն մը հիմնելու գաղափարը՝ միասնաբար աշխատելու համար հայ ժողովուրդին հոգեւոր, բարոյական եւ իմացական մակարդակին բարձրացումին համար: Այս նպատակով է որ Ան 1700-ին, կը դնէ հիմը իր երազած հաստատութեան, որ իր անունով ալ պիտի կոչուէր ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երկու տարի ետք Սուլթանական մայրաքաղաքին մէջ հալածուած ազգակիցներէն իր կրօնական դաւանանքին եւ ազգային հաշտարար համոզումներուն պատճառով՝ կ’ապաստանի նախ Մեթոդն (Յունաստան) եւ ապա 1715-ին վերջնականապէս կ’անցնի Վենետիկ ուր պաշտօնապէս կը հաստատուի 8 Սեպտեմբեր 1717-ին, տասնուվեց միաբաններով Ս. Ղազար կղզիին մէջ:

Այդ թուականէն սկսեալ, ամայի կղզին կը դառնայ օրրանը հայ մշակոյթին, ամէնէն կենսունակ կենդրոնը «Հայկական Վերածնունդին»:

Մխիթար Աբբահօր կեանքը մէկ նպատակ ունեցաւ, և այն՝ հասցնել պատրաստուած կրօնաւորներ, «Որդեգիր Կուսի, Վարդապետ Ապաշխարութեան» պատուանունին ներքեւ, որոնք հոգեւոր կեանք, մտաւոր լոյս եւ բարձր գիտութիւն պիտի ջամբէին իրենց ազգակիցներուն:

Մխիթար խորունկ հաւատքի, հզօր կամքի, բացառիկ տրամաբանութեան ու խորաթափանց մտքի, ինչպէս նաև հեռատես ծրագրումի և անդուլ աշխատանքի տէր անձնաւորութիւնն էր՝ օժտուած իմացական, հոգեկան ու գործնական արտակարգ ձիրքերով:

Մխիթար Աբբահօր հեղինակային, խմբագրային ու տպագրային արտադրութիւնը կը կազմեն 66 հրատարակութիւնները. անոնց մէջ ամէնէն ակներեւն է դարագլուխ բացած «Հայկազեան Բառարան»ը, որ լոյս տեսաւ 1749-ին, սրբաշնորհ Հիմնադրին մահէն երեք շաբաթ ետք:

Մխիթարի հրատարակչական առաքելութեան գլուխգործոցն է Ս. Գիրքին բնագրագիտական լոյսընծայումը, որ իբր «Աբբայի Աստուածաշունչ»ը հռչակուեցաւ բոլորէն և տակաւին ցայսօր չէ կորսնցուցած իր արժէքը:

Իր հրատարակած Աստուածաշունչի վերջաբանին մէջ որպէս կտակ կ’աւանդէ կրօնի եւ ազգասիրութեան երկու անշփոթ գաղափարներու վարդապետութիւնը, առանց մէկը միւսին զոհելու. այդ իր տուած ուղղութիւնը եղաւ նկարագիրը իր հետեւորդներուն:

Կրօնական ու մշակութային կեանքի մը վերանորոգումին, եւ անոր հասնելու լուսաւոր ծրագիրի մը յղացումին ու կիրարկումին մէջ, հետեւաբար, հարկ է տեսնել Մխիթար Աբբահօր բուն արժէքը, եւ մանաւանդ այն ապառաժեայ կամքին մէջ, որ գիտցաւ ստեղծել գրական շարժումի կենդրոն մը եւ տալ անոր անհրաժեշտ մղումը, որպէս զի իր յաջորդները կատարելագործեն իր ձեռնարկները եւ տան անոնց հաստատութիւն ու բեղմնաւոր կեանք:

Մխիթար Սեբաստացի եղաւ ռահվիրան, որ, անկումի դարերէն ետք, ներարկեց մեր մէջ կրօնի, հայրենիքի, ճշմարտութեան եւ արուեստի գաղափարները, փոխեց մեր մտայնութիւնը, փարատեց հայ մտքին հորիզոնին թանձր խաւարը՝ բանալով նոր աշխարհ մը լոյսի, գիտութեան եւ ապագայի:

Ան իր մահկանացուն կնքեց 27 ապրիլ 1749-ին Սուրբ Ղազար Կղզիի մէջ։


+