Ծիսական գիտելիքներ : Եպիսկ.Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը.«Աստուծոյ հպատակիլ ամէն բանէ առաջ»։
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ճառագայթեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Եպիսկ.Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը.«Աստուծոյ հպատակիլ ամէն բանէ առաջ»։

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

05 Eylül 2020  

Եպիսկ.Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը.«Աստուծոյ հպատակիլ ամէն բանէ առաջ»։

Ո՜վ Տէր, տո՛ւր ինծի խաղաղ սիրտ մը որպէսզի քեզ հանդարտութեամբ եւ սիրով փնտռեմ:Այս սերունդը չար սերունդ մըն է. նշան կը խնդրէ եւ որպէս նշան ուրիշ պիտի չտրուի իրեն, բացի Յովնանի նշանէն: Ինչպէս որ Յովնան նշան եղաւ Նինուեցիներուն, այնպէս ալ Մարդու Որդին, նշան պիտի ըլլայ այս սերունդին (Ղկ 11, 29-30)

Խնդրել եւ փնտռել Յիսուսը կը մատնէ այն անձը որ նշաններ կը խնդրէ բայց մենք որպէս հաւատազեալներ պէտք ունինք միշտ թէ ինչպիսի ձեւով գործենք, ուր երթալ եւ որ ուղղութիւնը բռնել: Արդեօթ ինչո՞ւ Տէրը կը մատնէ այս չար սերունդը որ զինքը կը փնտռէ եւ իրմէ պէտք եղած շնորհքները կը փնտռէ:Ունկնդրէ խորհրդածութիւնըԱյս բնագիրը ուշադրութեամբ կարդանք որպէսզի աւելի լուսաւոր երեւայ մեր առջեւ: Հոս շատ յստակ կերպով Տէրը մեզի ցոյց կու տայ տարբերութիւնը խնդրելու ըւ փնտռելու. կը նմանինք այդ շփացած մանուկներուն որոնք կը պոռան եւ կու լան պարզապէս իրենց հաճոյքին համար: Օրուան ընթացքին, քանի անգամ ինքզինքս Աստուծոյ հետ կը գտնուիմ թախանձելու իրմէ նշան նը, քանի անգամ կը փափաքիմ շնորհք մը ստանալու իրմէ, եւ քանի անգամ անմիջական պատասխան եւ շնորհք մը կը սպասեմ իրմէ: Եւ սակայն խորքին մէջ ինքզինքս ուղղամիտ կը զգամ որովհետեւ ինք արդիւնքն է իմ կամքիս եւ սակայն իսկական պատասխանը պիտի ըլլայ երբ յարատեւութեամբ եւ քաջութեամբ փնտռեմ Տէրը:

Թող Տէրը միշտ մեզի ցուցնէ այն նշանները զոր կը փնտռենք եւ որոնք կ'երեւին մեր կեանքին մէջ: Հոս Տէրը երկու ձեւերով կ'ուզէ ցուցնել մեզի իր նշանները. կան նշաններ որոնք կը փնտռուին մեր կողմէն եւ ուրիշներ որոնք մեզի կու գան եւ որոնց միջոցաւ Սուրբ Հոգին մեր խիղճին առջեւ կը բանայ այն ճշմարիտ ճանապարհը զոր մեզի կ'իյնայ իսկական ուղղութիւնը առնելու: Ինչպէ՞ս գտնել այս նշանները: Մեզմէ կը պահանջուի յստակ եւ ճշգրիտ կեցուածք մը, լաւ ընդունելութիւն մը, այս տենջը կը կազդուրուի բոլորովին մտնելու Աստուծոյ ձեռքին մէջ: Այս տենչը փնտռելու եւ ճանչնալու իր կամքը, եւ մանաւանդ իր սիրոյ եւ բարեխօսութեան շնորհքը: Աստուած մեզի կը խօսի իր նշաններով երբ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը հաստատուին իր բարի կեցուածքին մէջ: Օրինակի համար բարեկամի մը նամակը, գեղեցիկ քարոզ մը, յայտնատեսութիւն մը... եթէ մեր հաւատքն ու մեր վստահութիւնը թեթեւամիտ ըլլան դժուարին կեցուացքի մը առջեւ, նոր փնտռտուքը կը զռրացնէ մեր հաւատքը եւ մեր միութիւնը Աստուծոյ հետ:

Ո՜վ Տէր, տո՛ւր ինծի խաղաղ սիրտ մը որպէսզի քեզ հանդարտութեամբ եւ սիրով փնտռեմ:

... «եւ Բանն մարմին եղաւ...»: Քրիստոսը այս խօսքով կ'ուզէ ցուզնել մեզի վստահելի նշանը որ մեր կեանքին մէջ կը գտնուի, որովհետեւ Յիսուս նշաններու ձեւերով հասաւ մեզի եւ կը նմանի Յովնանու նշանի որ երբեմն կու գայ լռելեան ձեւով եւ որով կը զօրացնէ մեր հաւատքը...: Արդե՞օք ես որպէս հաւատացեալ կը ջանամ փնտռելու սէրը: Արդե՞օք կը ջանամ հասկնալու իր նշանները իմ կեանքիս մէջ...: Արդե՞օք կը հաւատամ թէ որ ինքն է որ զիս երջանիկ, յաջող կը պահէ իր ճշնարիտ ճամբուն վրայ:

Հայր Գէորգ Եպիսկ Ասատուրեան


+