Ծիսական գիտելիքներ : Տօն փոխման Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Զօրացեալ

Ծիսական գիտելիքներ : Տօն փոխման Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

15 Ağustos 2020  

Տօն փոխման Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի




Վերափոխման յաջորդող օրը, երկուշաբթի, օր մեռելոց է, ինչպէսամէն տաղաւարի յաջորդ օրը։ Իսկ Վերափոխումէն ետք՝ հայեկեղեցին ինը օր կը տօնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը:

Կիրակի 16 Օգոստոս տօնն է Աստուածածնայ Վերափոխման, որ է հայ եկեղեցւոյ 5 տաղավարներէն մին, այսինքն 5 մեծագոյն տօներէն մին։ Յոյները եւ Լատինները 15 Օգոստոսին կը տօնեն Աստուածածնայ Վերափոխումը, իսկ Հայերը 15 Օգոստոսի մօտալուտկիրակին, այս տարի 16 Օգոստոսին ։ Այս տնօրինումը եղած է Հայերուս համար` մղուածգործնական տեսակետէ. տրուած ըլլալով որ երկար դարերու ընթացքին հայ ազգըանկախութիւն չէ ունեցած, ուստի եւ չէ կրցած իր տօները կատարել որոշեալ օրերուն եւ իշխողտարրերու կողմէ պարտադրուած է իրեն բոլոր տօները կիրակի օրերուն փոխակերպելու. Ուստի ստիպողաբար է որ հայ եկեղեցին սովորութիւն ըրած է կատարել կարգ մը մեծ տօներ, ինչպէս Վերափոխումը, Խաչվերացը եւ ուրիշներ, որոշեալ թուականին մօտակայ կիրակին։

Անշուշտ Սուրբ աւետարանը որ կը կարդացուի տօնին օրը Աստուածածնայ նուիրուածաւետարաններէն մին է, այս պարագային Քրիստոսի ծննդեան աւետարանը, Ղուկասիերկրորդ գլխուն մէջ։ Աստուածածնայ վերափոխման դէպքը չէ պատմուած աւետարաններունմէջ, այլ եկեղեցական աւանդութեան հետ կապուած է եւ կարելի է զայն գտնել հետագայինյօրինուած պարականոն աւետարաններուն մէջ. Պարականոն բառը կը գործածենք այնաւետարաններուն համար որոնք եկեղեցական կանոնէն չեն ընդունուած որպէս վաւերականաւետարան։ Երոպական լեզուով զանոնք կը կոչենք Apocryphe։ Միայն վերջերս է, 1950 թուին, որՊիոս ԺԲ. Պապը հաստատեց թէ Աստուածածնայ Վերափոխումը մաս կը կազմէքրիստոնէական հաւատոյ դաւանանքին։ Սակայն հին դարերէ ի վեր արդէն ժողովուրդըընդունած էր այս ճշմարտութիւնը որպէս վաւերական։ Ըստ հայկական եկեղեցւոյ, երբՄարիամ կը մահանայ, Բարդողիմէոս առաքեալը ներկայ չէր եղած թաղմանը. Երբ կըվերադառնայ Երուսաղէմ, կ՛ուզէ գէթ տեսնել երեսը Յիսուսի մօր. Կը բանան դագաղը եւ կըտեսնեն որ մարմինը չկայ։ Ահա այս սուրբ աւանդութիւնը բերած է Բարդողիմէոս երբՀայաստան եկած է քարոզութեան։

Վերափոխման յաջորդող օրը, երկուշաբթի, օր մեռելոց է, ինչպէս ամէն տաղաւարի յաջորդօրը։ Իսկ Վերափոխումէն ետք՝ հայ եկեղեցին ինը օր կը տօնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը. Նախապէս երեք օր էր տօնը. Սուրբ Ներսէս Շնորհալին բարձրացուց զայն երեք անգամ երեքի, այսինքն ինը օրուան. Տրուած ըլլալով որ նախապէս սահմանուած չէին ընթերցումներ եւաւետարաններ մնացեալ վեց օրերուն համար, նոյն երեք օրուայ ընթերցումները կը կրկնուինյաջորդ վեց օրերուն։

Այս երեք աւետարաններն են նախ՝ Քրիստոսի Ծննդեան աւետարանը, ինչպէս տեսանք, ապա՝Հրեշտակի աւետման աւետարանը եւ երրորդ՝ Եղիսաբեթի այցելութեան աւետարանը։ Այսվերջին աւետարանին մէջ է որ Մարիամ կը հռչակէ իր նշանաւոր Մեծացուսցէն, ուր կը յայտնէթէ Տէրը մեծամեծ շնորհքներ պարգեւած է իրեն։

Յիշենք այդ շնորհքներէն ոմանք. Անարատ յղութիւնը, կուսութիւնը, աստուածամայրութիւնը եւի վերջոյ՝ վերափոխումը, որով ան հոգիով եւ մարմնով երկինք վերափոխուեցաւ իր մահուընէետք։

Վերափոխման տօնի օրը, սուրբ պատարագէն ետք, հայ Եկեղեցին սովորութիւն ունիկատարելու խաղողօրհնէք։ Կ՛օրհնուին առաջին բերքի խաղողները որպէս երախայրիքըերկրի պարգեւած բոլոր պտուղներուն։








+