Մարիամ Մագդաղենացին ամենամեծ յոյսի առաքելուհին
Եկեղեցին այսօր կը նշէ Մաիրամ Մագդանեղացիին ծիսական տօնը, այն կինը որուն աչքերը արցունքով լեցուած էին, որովհետեւ ականատես եղած էին թափուր գերեզմանին, ապա անոր աչքերը դարձան ուրախութեան հայելի։Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 22 յուլիսին, Լատին ծէսին համաձայն, Մարիամ Մագդաղենացիին ծիսական տօնն է, հաստատուած չորս տարի առաջ, շնորհիւ Վատիկանի Աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներուն մատակարարման ժողովի որդեգրած եկեղեցական օրէնքին։
Մարիամ Մագդաղենացիին տօնը նախապէս կը նշուէր, որպէս յիշատակ օր։ Ֆրանչիսկոս Պապի ինքն է, որ ողորմածութեան յոբելենական տարուան ծիրէն ներս, որոշեց Մարիամ Մագդաղենացիին յիշատակի օրը վերածել ծիսական տօնի, զայն անուանելով նորածին Եկեղեցւոյ ծառայութեան ի սպաս առաքելուհի։
Յիսուս յարութիւն առնելէ ելք, նախ Մարիամ Մագդաղենացին է, որ կը տեսնէ։ Ան է, որ Յիսուս անոր անունով կը կոչէ , արթնցնելով այդ հաւատարիմ կինը՝ անոր տխուր վիճակէն, վերածելով զայն Յարութեան եւ Յոյսի վկայ։
Եկեղեցին այսօր կը նշէ Մաիրամ Մագդանեղացիին տօնը, այն կինը, որուն աչքերը արցունքով լեցուած էին, որովհետեւ ականատես եղած էին թափուր գերեզմանին, ապա անոր աչքերը դարձան ուրախութեան հայելի։
Ֆրանչիսկոս Պապ 17 մայիս 2017-ին, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին անդրադառնալով Մարիամ Մագդաղենացիին արցունքներուն, նշեց, թէ այդ արցունքները պտուղն է անսպառ ջրվէժի մը, որ կը սատարէ ամբողջ կեանքին ։
Մարիամ Մագդաղենացիին Քրիստոսի վրայ սեւեռած աչքերը , երբեք չդադրեցան Յիսուսի նայելէ, նախ խաչին տակ, ապա թափուր գերեզմանին դիմաց, վերջապէս անոր աչքերը ճշմարտութեան վկայութիւնը տուին նոյնինքն առաքեալներուն։ Մարիամ մագդանեղացիին ինքն է, որ հռչակեց Յիսուս իր մահով յաղթեց մահուան։