Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական Գիտելիքներ՝ Դ. Շաբաթ Պենտեկոստէի - 28 Յունիս – 5 Յուլիս 2020
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Ճառագայթեալ

Ծիսական գիտելիքներ : ​Եկեղեցական Գիտելիքներ՝ Դ. Շաբաթ Պենտեկոստէի - 28 Յունիս – 5 Յուլիս 2020

Ծիսական գիտելիքներ

Ծիսական գիտելիքներ Tüm yazılarını göster..

28 Haziran 2020  

​Եկեղեցական Գիտելիքներ՝ Դ. Շաբաթ Պենտեկոստէի - 28 Յունիս – 5 Յուլիս 2020

Հինգշաբթի տօնն է թարգմանչաց Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Կաթողիկոսի եւ բոլոր 75 թարգմանիչներուն. Կարեւոր տօնակատարութիւն մըն է հայ ծէսին համար։Հոգեգալստեան չորրորդ շաբաթը, լի է «հայ սուրբերու տօնակատարութիւններով»

Կիրակի օրուայ` Սուրբ Աւետարանին մէջ կը կարդանք «Յովնան Մարգարէի» դէպքը, որ կը ներկայացուի Յիսուսի կողմանէ որպէս նշան իր պանծալի յարութեան։ Յովնանի քարոզութիւնը իր փրկարար ազդեցութիւնն ունեցաւ Նինուէի ժողովուրդին վրայ եւ անոնք դարձի եկան։ Սակայն գալիք սերունդները պիտի ընդունի՞ն արդեօք Մարդու Որդիի փառաւոր նշանը։Ունկնդրէ լուրըԵրկուշաբթի Յունիս 29-ին կը տօնենք Մեծ Ներսէս հարեպատի եւ Խադայ եպիսկոպոսին տօնը որ նոյն շրջանին եղած է կարեւոր առաջնորդներէն մին, աջակից Ներսէս Մեծն Կաթողիկոսի իր բարեսիրական գործունէութիւններուն մէջ։ Նոյն օրը Լատինաց մօտ տօնն է Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու։

Երեքշաբթի տօնն է Դանիէլ Մարգարէին եւ երեք երիտասարդներուն որոնք հնոցին մէջէն ողջ առողջ ելան եւ կ՛աղօթէին հրեշտակին հետ։ Երեք երիտասարդ հրէաներուն անուններն են Սեդրակ, Միսաք եւ Յաբեթ. Այս անունները ընդհանրապէս միշտ գործածական եղած են Հայերու մօտ, իսկ անոնց պատմութիւնը կը նորոգուի ամէն ճրագալողցին, Զատկուայ թէ Ծննդեան։ Մերժելով երկրպագել Ասորեստանի Նաբուգո-դոնոդոր թագաւորի արձանին, անոնք դատապարտուեցան բորբոքեալ հնոցի մէջ նետուելու. Սակայն բոցերը հեռացան իրենց քովէն եւ անոնք անվնաս կերպով շրջագայեցան կրակի հնոցին մէջ։ Ասոր վրայ թագաւորը զիրենք ազատ արձակեց եւ խոստացաւ յարգել Հրէաներու Աստուածը։

Հինգշաբթի տօնն է թարգմանչաց Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Կաթողիկոսի եւ բոլոր 75 թարգմանիչներուն. Կարեւոր տօնակատարութիւն մըն է հայ ծէսին համար։

Թարգմանիչները հանդիսացան երկրորդ լուսաւորիչները հայ ազգին. Անոնք է որ տարածեցին, հայերէն լեզուին հետ, քրիստոնէական հաւատքը երկրի ամէնէն հեռաւոր գաւառներուն մէջ իսկ։ Թարգմանիչները երկրորդ տօնակատարութիւն մըն ալ ունին հոկտեմբեր ամսոյն մէջ, ասոր համար հոկտեմբերը նուիրուած է հայ ծիսական աւանդութեամբ մեր թարգմանիչ սուրբ հայրերուն։

Իսկ շաբաթ դարձեալ կը վերադառնանք հին կտակարանին, յիշատակելու համար Զաքարիա մարգարէն, որ վերջինն էր մարգարէական դասուն։ Յիսուս կը վկայէ անոր մասին թէ ինչպէս իր իսկ ժողովուրդը զինք սպանեց տաճարին մէջ իսկ, զոհ մատուցած պահուն։ Իր հետ կը տօնուի նաեւ Ոնոփրիոս սուրբ ճգնաւորը, որ Եգիպտոսի անապատին նշանաւոր միայնակեացներէն մին էր եւ որ ապրեցաւ իր բոլոր կեանքը -60 տարի- խրճիթի մը մէջ, արմաւենիի մը շուքին տակ։

+