Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը։
Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը` տարիներու չէ՛ այլ դարերու ընթացքին` խօսուած, խնդրուած հաղորդութիւնն է Մարդ` մարդու հետ... Մարդս` Աստուծոյ հետ եւ փոխադարձաբար` Աստուած` մարդու հետ...Կարելի չէ Մայիս ամսուայ ընթացքին, Տիրամօր ընծայուած այս գարնանային գեղեցիկ ամսուայ ընթացքին` չխօսիլ Վարդարանի Աղօթքի ջերմեռանդութեան վրայ...
Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը` տարիներու չէ՛ այլ դարերու ընթացքին` խօսուած, խնդրուած հաղորդութիւնն է Մարդ` մարդու հետ... Մարդս` Աստուծոյ հետ եւ փոխադարձաբար` Աստուած` մարդու հետ... Ինչպէս Մարդեղութեան ուրախութեան Խորհուրդը` Հրեշտակը` որ Մարիամու` կ՛աւետէ... եւ ապա Աւետիսը կը փոխանցուի, կը հասնի «հայրագիր` Սուրբ Յովսէփի»:
Երկրորդ տրտմութեան մասը` Քրիստոսի մատնութեան, ձերբակալութեան, չարչարանքներուն, նաեւ խաչելութեան...անարգ փայտի վրայ, մահուան...ու Թաղումին հանգրուանները ...
Երրորդ մասը` Փառաւորութեան` Յիսուսի հրաշալի Յարութեան, մահուան վրայ յաղթանակի լուրը որ աշխարհ կը գրաւէ ու կը թնդացնէ` կը հասնի Յիսուսի Մօրը` Սուրբ Կուսին, բարեպաշտ կիներուն...Առաքեալներուն...եւայլն...
Անպատմելի, անըմբռնելի հրաշքները...եւ Համբառնալը` երկինք...
Երեք զանազան շրջաններուն մէջ Տիրամայրը` միշտ ներկայ ու բաժնեկից է...: Ուրախ¬տխուր¬եւ փառաւոր, որոնք կը կազմեն այսօր վարդարանի երեք նշանակալից հանգրուանները` Յիսուսի ու Տիրամօր կեանքին...:
Վարդարան Աղօթքի ջերմեռանդութիւնը միշտ խնդրուած ու պահանջուած է Սուրբ Կուսէն...եւ ապա ժամանակով կազմուած...
Ինչպէս Լուրտի Տիրամայրը` կը հետապնդէ Պեռնատէթը իր երեւումներով եւ ամէն առթիւ անոր կրկնելով, յիշեցնելով Աղօթել...Վարդարանը աղօթել...
Ֆաթիմայի Տիրամայրը` պատգամ կու տայ...անընդհատ կրկնելով, «Վարդարանը Աղօթել»:
Նոյնպէս Եկեղեցին` Պիոս Ժ.րդ (10¬երորդ) Բենետիկտոս ԺԱ տասնըմէկերորդ...Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ¬րդ պապերը որոնք` միշտ յորդորեցին ու կը պատգամեն եռանդով, սիրով եւ որդիական մեծ ջերմեռանդութեամբ` հաւաքական կամ առանձին` Աղօթել Սուրբ Վարդարանի հզօր Աղօթքը...
Տիրամայրը` յատուկ իր պաշտպանութիւնը խոստացած է ամէն անոնց որոնք սիրով եւ ջերմեռանդութեամբ կ՛աղօթեն Վարդարանը, յատկապէս Մայիս ամսուայ մէջ:
Ո՛վ Մարիամ, որքան դու՛ն խոնարհեցար, դուն քեզ պահեցիր համեստ...այնքան Տէրը բարձրացուց Քեզ... Կը խնդրենք, մայրենի հայեացքդ մեր վրայ դարձուր եւ շնորհք տուր կարենալ հետեւելու Քու օրինակիդ: