Այլեւայլ : ​Բարեկենդան Է
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : ​Բարեկենդան Է

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

04 Mart 2019  

​Բարեկենդան Է



Բարեկենդանը ուրախութեան, խրախճանքի եւ եւ ազատութեան օր մըն է, որուն ընթացքին կեանքի բնական պայմանները իրարու կը խառնուին: Այս սովորութիւնը սկսած է միջին դարերուն: Բարեկենդանին ժողովուրդը իրաւունք ունէր երգելու, պարելու, զբաղելու քաղաքներուն փողոցներուն մէջ: Այդ կարճ շրջանին մարդիկ իրաւունք ունէին ծպտուելու` ծածկելով իրենց դէմքը, որպէսզի ոչ մէկը զիրենք ճանչնար` հակառակ կատարուած խենթութիւններուն: Այդ օրը փոքրիկները չափահասներու կը վերածուէին, ծառաները` տէրերու, դերերը շրջուած էին:

Այդ օրը բոլոր ծայրայեղութիւնները արտօնուած էին, որովհետեւ անոր պիտի հետեւէին Մեծ պահքի քառասուն օրերը: Այդ քառասուն օրերուն ընթացքին, վերայիշելով Յիսուսի անապատին մէջ անցուցած աղօթքի եւ պահքի քառասուն օրերը, քրիստոնեաները պահք պիտի բռնեն, պիտի չուտեն հարուստ կամ իւղոտ ուտելիքներ, միս, տապկուած ուտելիքներ կամ կաթնեղէններ: Պահքը վերջ կը գտնէ քառասուն օր ետք, Զատիկին:

Ռիոյի Քարնաւալը

Ռիոյի մէջ Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը աշխարհի ամէնէն նշանաւորն է: Սկզբունքով անիկա բնիկ տօն մը չէր. փորթուգալցիներն են, որոնք Պրազիլ բերած են Բարեկենդանի տօնի սովորութիւնը:

Սկզբնական շրջանին մարդիկ կը տօնէին «Էնթուտօ» կոչուած տօն մը. անոնք իրարու վրայ կամ ջուր, կա՛մ ալ ալիւր կը թափէին

1940-ին, շնորհիւ կնոջ մը, Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը ամբողջովին ուրիշ պատկեր մը պիտի ստանար: Ծագումով իտալացի այս կինը ամուսնացած էր պանդոկի մը տիրոջ հետ, ան կ՛որոշէ կանչել երաժիշտներ, զարդարանքներ դնել եւ մեծ դիմակահանդէս մը կազմակերպել: Կամաց-կամաց բարեկենդանի այս գաղափարը կը տարածուի ժողովուրդին մէջ, եւ քանի մը տարիէն մեծ դիմակահանդէսները դարձան տօնակատարութեան միակ միջոցը:

Այժմ Ռիոյի Բարեկենդանը հսկայական տօն մըն է: Ըստ ընտրուած նիւթին, զարդարուած մեծ կառքեր կը տողանցեն Ռիօ տը Ժաներոյի փողոցներուն մէջ, Սամպայի երաժշտութեան կշռոյթներով, հարուստ տարազներ հագուած հազարաւոր անձերու կողքին:

Վենետիկի Քարնաւալը

Վենետիկի Բարեկենդանի տօնակատարութեան մասին կը խօսուէր արդէն 11-րդ դարուն: Սակայն 1269 թուականին է, որ ծպտուիլը կ՛արտօնուի: Այդ շրջանին քաղաքը կը դառնար տօներու եւ ուրախութեան ընդարձակ դաշտ մը: Այս զուարճութեանն կողքին, ան նաեւ ազատօրէն արտայայտուելու առիթ մըն էր: Դիմակին ետեւը պահուըտած` այդ օրը կարելի էր քննդատել եւ ծաղրել շուրջինները` առանց վախնալու հետեւանքներէն: Բարեկենդանի տօնակատարութիւնները միայն քանի մը օր չէին տեւեր, ինչպէս` ներկայիս, այլ տեղի կ՛ունենային տարին քանի մը անգամ, ձմրան, Մեծ պահքէն առաջ, մայիս-յունիսի կէսերուն, աշնան… կարգ մը տարիներ Բարեկենդանը կրնար տեւել մինչեւ վեց ամիս:

Վենետիկի Բարեկենդանին ամէնէն յատկանշական տարազը «պաութան է: Անիկա յայտնուած է 18-րդ դարուն: Անիկա կազմուած է սեւ թիկնոցէ մը, եռանկիւնաձեւ գլխարկէ մը եւ ճերմակ խաւաքարտէ դիմակէ մը. դիմակին վարի բաժինը ցցուն է, որպէսզի զայն դնողը կարենայ դիւրութեամբ ուտել ու խմել` առանց դիմակը հանելու: Դիմակին այս յատուկ ձեւին պատճառով նոյնիսկ անձին ձայնը «ծպտուած» կրնայ թուիլ, եւ դիւրին չ՛ըլլար անձը ճանչնալ:

Նիւ Օրլինզի Մարտի Կրան

Կաթողիկէներուն համար Մարտի Կրա, կամ Իւղոտ երեքշաբթին, Բարեկենդանի վերջին օրն է. յաջորդ օրը կը սկսի պահքը: Միացեալ Նահանգներու Նիւ Օրլինզի Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ Նիւ Օրլինզի Մարտի կրայի տօնը:

Նիւ Օրլինզի առաջին Մարտի կրայի տօնակատարութիւնը փոքրիկ արարողութիւն մըն էր: Անիկա տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 3 մարտ 1699-ին, այդ օրը ֆրանսացի հետախոյզ Ռընէ Ռոպեր Քաւըլիէ Միսիսիփի գետի ափին գտնուող հողաշերտ մը անուանեց «Մարտի կրայի կէտը»: Այդ օրը նաեւ Ֆրանսայի մէջ կը տօնուէր Մարտի կրան:

Յաջորդող տարիներուն, այս առիթով կազմակերպուեցան խրախճանքներ եւ տօնակատարութիւններ: Սակայն սպանացի ղեկավարները համամիտ չէին եւ արգիլեցին այս տօնակատարութիւնները: 1820-ին ժողովուրդին ճնշումին տակ անոնք դարձեալ արտօնուեցան:

Մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը Մարտի կրայի տօնակատարութիւնները շատ աղմկարար էին եւ շատ անկանոն: Պետութիւնը կը մտածէր զանոնք արգիլել: Սակայն 1857-ին, Ալապամայի շրջանէն վեց երիտասարդներ փրկեցին Մարտի կրան: Անոնք կազմեցին «Միսթիք քրուի օֆ քոմիւս» անունով խմբակ մը եւ տողանցք մը կազմակերպեցին Մարտի կրայի գիշերը: Անոնցմէ մէկը նշանակուեցաւ տողանցքին թագաւորը, եւ անոնք շրջեցան քաղաքին պատմական թաղամասին` Վիէօ Քարէի փողոցներուն մէջ: Այդ ժամանակէն ի վեր սովորութիւնը շարունակուեցաւ. զիրար ճանչցող անձերէ, բարեկամներէ, դրացիներէ, միասին աշխատող անձերէ կազմուած խմբակներ` «Քրուիներ» (անգլերէն քրու բառէն, որ կը նշանակէ անձնակազմ) կազմուեցան, կազմակերպուեցան, յղացան իրենց կառքերուն կերպարանքը, անձնապէս հոգացին ծախսերը եւ շարունակեցին տողանցել քաղաքին փողոցներուն մէջ: Այժմ այդ տողանցքներուն կը մասնակցին մօտաւորապէս քսան կառքեր եւ տասնեակ մը փողերախումբեր:

Նիսի Քարնաւալը

Նիսի Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը Ֆրանսայի ամէնէն նշանաւորն է: Անիկա սկսած է 1830-ին: Այս տօնակատարութեան ընթացքին «կը տողանցեն» խաւաքարտէ շինուած մեծ կերպարներ եւ կառքեր, վառ գոյներով ներկուած կարմիր, կանաչ, դեղին… կառքերը եւ կերպարները կը շարժեն պարաններու եւ գործիքներու միջոցով:

6 մեթր բարձրութեամբ, 7 մեթր երկարութեամբ եւ 2 մեթր լայնքով կառքերը զարդարուած կ՛ըլլան հազարաւոր ծաղիկներու թերթերով, որոնք մէկ-մէկ կը փակցուին գիշերը, «պատերազմին» նախօրեակին: Յաջորդ օրը այդ կառքերուն վրայ կանգնած տղաք ու աղջիկներ ժողովուրդին վրայ ծաղիկներ կը նետեն ծաղիկներու պատերազմին ընթացքին:

Պինշի Քարնաւալը

Պինշը պելճիքական փոքրիկ քաղաք մըն է, սակայն անոր Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը երկրին ամէնէն կարեւորն է:

Պինշի քաղաքին մէջ, Մարտի կրայի օրը, փողոցներուն մէջ կը յայտնուին տարօրինակ կերպարներ: Անոնք իրենց գլուխներուն վրայ ունին ջայլամի փետուրներով ծանր գլխարկ մը, զանգակներով գօտի մը, յարդով լեցուած հաստ կերպասէ շապիկ մը եւ փայտէ կօշիկներ: Անոնք ժիլերն են. անոնք կը շրջին քաղաքին փողոցներուն մէջ` թմբուկներու ձայներուն ընկերակցութեամբ եւ փոքրիկներուն վրայ նարինջներ կը նետեն քսանչորս ժամուան ընթացքին: Ժիլ մը կարենալ ըլլալու համար պէտք է Պինշի մէջ ծնած ըլլալ կամ Պինշի բնակիչ` նուազագոյնը հինգ տարիներէ ի վեր:

Սարտինիայի Քարնաւալը

Իր աշխարհագրական դիրքին շնորհիւ` այս կղզիին վրայ իրարու խառնուած են բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ` սպանական, ափրիկեան, իտալական… Այս պատճառով է, որ Սարտինիայի մէջ Բարեկենդանը տարբեր ձեւով կը տօնուի, ըստ շրջաններուն:

Պարաճիա քաղաքին մէջ մամութոնները կը տողանցեն: Անոնք ամբողջովին մութ գոյնով են, հագած են ոչխարի սեւ մորթ եւ դրած են դիմակ: Անոնց բաճկոնին վրայ կախուած են թաւ ձայնով զանգակներ: Թափօրին սկիզբը եւ վերջաւորութեան կեցած են Իսսոքատորները. անոնք հագուած են կարմիր բաճկոնակ, չեն դրած դիմակ, սակայն ասոնք եւս ունին զանգակներ եւ յատկապէս` պարաններ, որոնց միջոցով պիտի բռնեն հանդիսատեսներ:

Օրիսթանոյի մէջ գլխաւոր դէպքը «սարթիկլիան» է: Ան ձիարշաւի «մրցում» մըն է. ձիաւորը իր ձիուն վրայ սլանալով` իր նետովը պէտք է ծակէ կախուած աստղ մը: Ձիաւորին դէմքը ծածկուած է մետաքսէ երիզներով եւ խումբ մը աղջիկներու` «մասսաէտասներուն» կողմէ շինուած ճերմակ փայտէ դիմակով մը:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+