Այլեւայլ : ​Բուժում Ծաղիկներով
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Առագոտ

Այլեւայլ : ​Բուժում Ծաղիկներով

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

18 Aralık 2017  

​Բուժում Ծաղիկներով



Աղբաման նետելով չորցած ծաղկեփունջը` անոր հետ միասին «կը նետենք» նաեւ մեր անպէտք խնդիրները:

Ծաղիկները կը ներդաշնակեն մեր կեանքը եւ ուժ կը հաղորդեն փոքր ու մեծ ճնշումները յաղթահարելու համար: Այդպէս կը կարծեն ծաղիկներով բուժողները:

Կանաչով պատելով ձեր տունը, հողամասը, ծաղկամանի մէջ միշտ թարմ ծաղիկներ դնելով` դուք կ՝առաջնորդուիք բնութեան մօտ ըլլալու բնական ցանկութեամբ: Ծաղիկներով եւ այլ բոյսերով բուժումը հրաշալի եւ, թերեւս, ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս աւելի մաքուր ըլլալու ամենագեղեցիկ միջոցն է:

Առաջին անգամ «ֆլորոթերափիա» եզրը օգտագործած է անգլիացի բժիշկ Էդուարդ Պախը: Անոր կարծիքով՝ ծաղիկները աճելու ընթացքին մարտկոցներու նման ուժանիւթ կը հաւաքեն: Իսկ քաղելէ ետք, անոնք կը սկսին այդ ուժը տալ շրջապատին` կարգաւորելով մարդու շուրջ ուժային միջավայրը: Բազմիցս ապացուցուած է նաեւ, որ բոյսերուն բոյրը դրական ազդեցութիւն կ՝ունենայ կեդրոնական նեարդային համակարգին վրայ ու կը պահպանէ մարմնի ուժերը: Աճեցուող բոյսերու վիճակէն կարելի է գաղափար կազմել ընտանիքի անդամներու զգացմունքային խորապատկերի, ֆիզիքական եւ հոգեւոր առողջութեան մասին:

Երիցուկի եւ խորդենիի անուշահոտ բոյրը կը հանգստացնէ եւ կը նպաստէ առողջ քուն ունենալուն:

Անանուխի հոտը կը հանէ յոգնածութիւնը եւ արիւնատար անօթներու լայնացման ազդեցութիւն ունի:

Խնկունը կ՝օգնէ շնչառական խնդիրներ ունեցող մարդոց:

Շատ հոգեբանական փորձարկումներ ապացուցած են, որ նոյնիսկ ծաղիկներու տարբեր գոյները տարբեր ազդեցութիւն կը ձգեն մարդոց վրայ:

Դեղինը մենք կ՝ընդունինք իբրեւ արեւու, նոր օրուայ, ապագայի գոյն: Ատիկա սպասման, երջանկութեան, ջերմութեան, յարմարաւէտութեան գոյնն է: Դեղին գոյնը խորհուրդ կը տրուի վարակիչ հիւանդութիւններու պարագային:

Կարմիրը կը նոյնացուի արեան, որսորդի բնածին բնազդի հետ, կը խթանէ նեարդային եւ հորմոնալ աշխուժութիւնը, առաջնորդութեան, յաղթանակի ձգտումը: Կարմիր գոյնի բոյսերը խորհուրդ կը տրուի ներքին օրկաններու հիւանդութիւններու պարագային, իսկ խոհանոցին մէջ՝ ոչ մեծ կարմիր ծաղիկներու փունջը կը բարձրացնէ ախորժակը:

Կանաչ գոյնը կ՝առաջացնէ այնպիսի յատկութիւններ, ինչպէս նպատակսլացութիւնը եւ յամառութիւնը: Կանաչ, լայն տերեւներով բոյսերը կ’օգնեն ձեզ մտածելու տրամաբանուած եւ ճիշդ վերլուծելու իրադարձութիւնները:

Կապոյտ գոյնը գիշերան խորհրդանիշն է եւ կ՝առաջացնէ հանգստութեան, հանդարտութեան ու հանգիստի տրամադրութիւն: Ծաղիկներու մեղմ գոյնը կ՝օգնէ վանել աւելորդ հակազդեցութիւնը: Նախընտրելի է բաց երկնագոյն ծաղիկներու փունջը դնել այն սենեակին մէջ, ուր ընտանիքը կը հաւաքուի առաւել յաճախ:

Սպիտակը` օդն է, ջուրը, մաքուր մտքերն ու գործերը: Սպիտակ գոյնի ծաղիկներ խորհուրդ կը տրուին այն մարդոց, որոնք ունին զգացմունքային խնդիրներ:

Ծաղկեփունջի Ճիշդ կազմելուն կ՝օգնէ պարզ կանոն մը. մեղմ գոյներու ծաղիկները կը հանդարտեցնեն նեարդային գրգռուածութիւնը, տաք գոյները` կը բարձրացնեն կենսունակութիւնը:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+