Այլեւայլ : Վնասակար Մթերք Երեխային Համար
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Վնասակար Մթերք Երեխային Համար

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

10 Temmuz 2017  

Վնասակար Մթերք Երեխային Համար

Եթէ կը փափաքինք, որ մեր զաւակները ըլլան առողջ, անհրաժեշտ է, որ անոնք սնանին ճիշդ ձեւով եւ հեռու մնան կարգ մը վնասակար ուտելիքներէ:

Կան մթերքներ, որոնք պէտք է դուրս մնան երեխային ճաշացուցակէն. անոնց կարգին են`

– Շուկայէն գնուած կարկանդակները, յատկապէս սերով տեսակները: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ այդ կարկանդակները մեծ քանակութեամբ ճարպեր եւ շաքարաւազ կը պարունակեն:

– Քաղցր մածունները, որոնք թէ՛ արհեստական ներկեր, թէ՛ պահպանիչներ եւ թէ՛ շաքար կը պարունակեն:

– Ապխտացած, վերամշակուած միս, ինչպէս` երշիկ, նրբերշիկ, մորթատել եւ այլն… Ասոնք եւս ճարպեր եւ սննդային յաւելումներ պարունակող վնասակար մթերքներ են:

– Փոփ քոռնը: Եգիպտացորենը շատ օգտակար է բոլորին, սակայն անիկա յանձնարարելի չէ երեխաներուն, քանի մր դարձեալ մեծ քանակութեամբ իւղ կը պարունակէ:

– Ծրարուած, տուփերու կամ շիշերու մէջ վաճառուող հիւթերը: Շատեր չեն գիտեր, որ այդ հիւթերը որքա՛ն արուեստական նիւթեր կը պարունակեն, բայց մանաւանդ` 6-7 դգալ շաքարաւազի համազօր շաքար: Իսկ մենք շատ լաւ գիտենք, թէ շաքարը որքա՛ն վնասակար է երեխաներուն ակռաներուն:

– Սիւսեթներն ու ճելօ շաքարները, որոնք թէ՛ իրենց գոյներով եւ թէ՛ զուարճալի տեսքով կը հմայեն երեխաները:

– Վնասակար մթերքներուն ծանօթանալէ ետք կրնանք զանոնք փոխարինել նուազ վնասակար տարբերակներով` տունը պատրաստուած կարկանդակով, թարմ պտուղի հիւթով, պտուղով, թարմ պտուղներով ճոխացուած մածունով, թարմ եգիպտացորենով եւ այլն…



Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+