Այլեւայլ : Ամանորեան Ճաշատեսակներ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Ամանորեան Ճաշատեսակներ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

12 Aralık 2016  

Ամանորեան Ճաշատեսակներ

Հայու Ամանորը ցնծութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ կը տօնուէր: Հայ ընտանիքի բոլոր անդամները բոլորուած կ’ըլլային ճաշասեղանի մը շուրջ, որ զարդարուած կ’ըլլար եօթը տեսակի ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներով, չամիչ, թուզ, կաղին, նուռ, պիստակ, արմաւ, փշոտ, սիսեռածաղ, ցորեն նաեւ որպէս ճաշ՝ հարիսա, լիցք, ապուր, թոփիկ, անուշապուր, նաւասարդի կորկոռ (ձաւարի եղինձի տեսակ մը), խմորեղէն, գաթա, բոկեղ, պանրածաղ (պէօրէկ) եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններով: Ճաշասեղանը կը լուսաւորուէր նաեւ մոմերով: Սեղանի գլուխը բազմած կ’ըլլար տան մամիկը, որ գինիի կամ օղիի գաւաթը ձեռքին՝ բաժակը կը բարձրացնէր օրհնաբեր ձայնով բարի մաղթանքներ կատարելու:

Հայ ժողովուրդը ունէր նաեւ Նոր Տարուան իւրայատուկ սովորութիւններ, ինչպէս՝ 31 Դեկտեմբերին, իւրաքանչիւր հայ տան մէջ կը թխուէր մեծ քանակութեամբ «Նոր Տարուան Հաց»-ը, Նոր Տարին «Նոր Հաց»-ով սկսելու մտադրութեամբ, հայ տան մէջ կը պատրաստուէր նաեւ հայոց նշանաւոր «Տարի Հաց»-ը (Չէօրէկի նման տափակ հաց մը), որու երեսը կը զարդարուէր չամիչով, ընկոյզով եւ խաչով կամ զանազան պատմական ու աւանդական նկարներով, ինչպէս նաեւ՝ տարուան թուականով: «Տարի Հաց»-ին մէջ դրամ կը դրուէր. դրամը որուն որ վիճակուէր, անիկա ընտանիքին բախտաւորը կը նկատուէր եւ անկէ կ’ակնկալուէր տան բարօրութիւնը:

Տարեհացը կը պատրաստուէր ընկոյզով եւ չիրերով, վրան կը ցանէին քունջիթ (սըմսըմ) կամ այլ սերմեր, դարձեալ նոյն աղերսով եւ բացատրութեամբ: Տարեհացի վրայ յաճախ կը նկարէին երկնային մարմինները՝ ծիածանը, արեւը, լուսինն ու աստղերը եւ համաստեղութիւնները: Սա փաստ մըն էր, որ տարեհացի սովորութիւնն ալ հին էր եւ նախաքրիստոնէական:

(ի դէպ, գաթա բառը անցնելով ֆրանսերէնին դարձած է «gateau», հետագային ձեւափոխուելով դարձած՝ անգլերէն cake-ը), «ասիլ», «վասիլ» կամ «բասիլ» անուններով: Այս գաթաներն ալ գուշակութեան համար են նախատեսուած: Հիմա ալ, յատկապէս եւրոպական ամսագրերու մէջ կը հանդիպինք խմորեղէններով զարդարուած տօնածառերու. այս երեւոյթն ալ կապուած է հնագոյն ժողովուրդներու աւանդութիւններու հետ:

Իսկ երրորդ տեսակի հացերը՝ «կլկալ« կամ «սամսա» կը կոչուէր եւ կը պատրաստուէր երկրագործական գործիքներու տեսքով, կամ հիւսք՝ Անահիտի ծամերու տեսքով, կամ կլոր՝ հորի բերանի տեսքով, վրան ցանուած հորի պարունակութեան համեմատ՝ ցորեն, գարի, քունջիթ, կանեփ, եւ այլն…, որպէսզի արմտիքներու հորերը առատ ըլլան: Այսօր եւս տանտիկինները խմորեղէնները կը պատրաստեն նմանատիպ ձեւերով, վրան քունջիթ ցանելով:

Հետագային երբ Ամանորը դարձաւ քրիստոնէական նոր տարին եւ կապուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հետ (Դեկտեմբեր 25-ը հեթանոսական դիցարանին մէջ Միհրին նուիրուած տօն եղած է), եկեղեցին ժողովրդական տօնախմբութիւնները սանձելու եւ ժուժկալ դարձնելու համար Ամանորի շրջանը պահք սահմանեց, որ կը լուծարուի Յունուար 6 –ին, Սուրբ Ծննդեան օրը: Ուրեմն հայկական Ամանորի սեղանի ճաշերը պահքային էին. մարդիկ գաղտնաբար պահպանելով հին աւանդութիւնները, կը պատրաստէին արմտիքներով եւ չիրերով ուտելիքներ, որու արմատները դարձեալ կ’երկարին մինչեւ նախահեթանոսական պաշտամունքի բնորոշ տարրերուն, այնպէս՝ ինչպէս Անահիտ դիցուհիի կերպարը կը յամենայ հիւսկերու խորհրդանիշով կամ կին-աղամաններու տեսքով:

Կաղանդի օրերուն մինչեւ այսօր ալ կ’եփուի աւանդական անուշապուրը, որ դարձեալ տօնածիսական ճաշ է, եւ որ իրարու նուէր կը տանէին տուն այցելելու ժամանակ. իսկ տուն եկողներուն, տան աւագ անդամը՝ նահապետը կը նուիրէր կարմիր խնձոր՝ մէջը դրամ խրած կամ մարդակերպ գաթաներ:


Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+