5 «Օգտակար» Մթերք, Որոնք կը Խանգարեն Նիհարնալուն
Այսօր կան բազմաթիւ մթերքներ, որոնք, իբր, կ՝օգնեն նիհարնալ: Անոնցմէ շատերը իրականութեան մէջ այնքան ալ օգտակար չեն, որքան կը ներկայացուին: Աւելին, անոնք ոչ միայն չեն օգներ նիհարնալ, այլեւ՝ կը խանգարեն:
Այսպէս, անոնք, որոնք նիհարնալու ցանկութիւն ունին՝ պէտք է բացառեն իրենց սննդակարգէն.
1.Անիւղ կաթը։ Անիւղ կաթին մէջ աւելի քիչ վիթամիններ եւ հանքանիւթեր կան, այսինքն` պակաս օգտակար են: A, D, E եւ K վիթամինները կը լուծեն ճարպը, անոնց իւրացման համար անհրաժեշտ են ճարպեր: Աւելին, անիւղ կաթ օգտագործելէ յետոյ քաղցի զգացողութիւնը կ՝աւելնայ:
2.Սրճագոյն կամ սեւ հաց։ Շուկային մէջ առկայ սեւ հացի բազմաթիւ տեսակներ ունին մեծ քանակով շաքար: Բացի այդ, սեւ հացին մէջ նոյն քանակով վերամշակուած ալիւր կայ, որքան ճերմակ հացին մէջ, որ կը մեծցնէ անոր գլիկեմիկ ինտեքսը:
3.Նիհարցնող-փաթիլներ։ Փաթիլներուն մեծ մասը ունին մեծ քանակով շաքար եւ արհեստական ներկանիւթեր, ինչպէս նաեւ քիմիական քաղցրացուցիչներ, որոնք վնասակար են առողջութեան համար: Խուսափեցէք իբր «իսկական միրգեր» պարունակող փաթիլներէն. սովորաբար անոնք ընդամէնը արհեստական բուրաւէտիչներ են: Փոխարէնը օգտագործեցէք ջուրով կամ կաթով պատրաստուած սովորական վարսակի փաթիլ:
4.Ուժ տուող կարկանդակներ։ Պէտք չէ վստահիլ ուժ տուող կարկանդակներու գեղեցիկ փաթեթաւորման կամ առողջութեան համար անոնց օգտակարութեան մասին արտադրողներու պնդումներուն: Այդ կարկանդակներուն մեծ մասը կը պատրաստուի ցորենի ալիւրով, շաքարով եւ ճարպերով:
5.Բեկաբլիթներ։ Ասոնք օրգանիզմին կ՝օգնեն լրացուցիչ քանակով ինսուլին արտադրել, բայց կրնան նաեւ նուազեցնել արեան մէջ շաքարին մակարդակը, որ կ’առաջացնէ անօթութեան զգացում: