Այլեւայլ : Խաչվերաց
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Խաչվերաց

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

15 Eylül 2016  

Խաչվերաց

Ինչպէս հայ առաքելական, այնպէս էլ կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիները Խաչին նուիրուած մի քանի տօներ կը նշեն, որոնցմէ մէկն է Խաչվերացը, ասել է թէ՝ Խաչի վերացման՝ բարձրաց­ման տօն։

«Խա­չի քո, Քրիս­տոս, երկրպա­գենք»,- այս խօս­քե­րով կը յի­շուի Սուրբ Խա­չի առա­ջին փա­ռաւո­րու­մը, երբ Տեառ­նեղբայր Յա­կոբոս առա­քեալը, որ Երու­սա­ղէմի առա­ջին եպիս­­կո­­­պոսն էր, Խա­­չը ի տես ժո­­ղովրդի կը բարձրաց­­նի՝ վե­­րոյի­­շեալ աղօթք-օրհնան­­քը բար­­բա­­­ռելով։ Կը հա­­մարուի, սա­­կայն, որ Յա­­կոբո­­սը ոչ թէ Քրիս­­տո­­­սի բուն խաչն է բարձրաց­­րել, այլ դրա նմա­­նակը։

Քրիս­­տո­­­սի Խա­­չափայ­­տին նուիրուած մե­­րօրեայ տօ­­ներից առա­­ջինը՝ Խա­­չի Գիւ­­տի տօ­­նը նմա­­նապէս մեզ կը տա­­նի դէ­­պի Խաչ­­վե­­­րացի պատ­­մութեան ակունքնե­­րը, երբ 327 թուին Բիւ­­զանդիոյ Կոս­­տանդիանոս կայ­­սեր մայ­­րը՝ Հե­­ղինէն, Տի­­րոջ Խա­­չը գտնե­­լու փա­­փաքով կ՚այ­­ցե­­­լէ Երու­­սա­­­ղէմ, ուր եր­­կար որո­­նումնե­­րէ ետք կը գտնի Քրիս­­տո­­­սի եւ նրա հետ խա­­չուած եր­­կու աւա­­զակ­­նե­­­րի խա­­չափայ­­տե­­­րի մա­­սունքնե­­րը։ Տէ­­րու­­նա­­­կան Խա­­չը տար­­բե­­­րելու եւ ճա­­նաչե­­լու հա­­մար մի պա­­տանու դիակ հեր­­թով կը դնեն խա­­չերի մա­­սունքնե­­րի վրայ. Քրիս­­տո­­­սի Խա­­չափայ­­տի վրայ պա­­տանին յա­­րու­­թիւն կ՚առ­­նի։ Այս հրաշ­­քից յե­­տոյ Հե­­ղինէն կը բա­­րեզար­­դի Երու­­սա­­­ղէմի սրբա­­զան վայ­­րե­­­րը եւ Գող­­գո­­­թայում վեր կը խո­­յաց­­նէ Ս. Յա­­րու­­թիւն եկե­­ղեցին, ուր ի պահ կը դրուի Տէ­­րու­­նա­­­կան Խա­­չը։

Տա­­րիներ անց՝ 351 թուին, օրը ցե­­րեկով, Գող­­գո­­­թայէն մինչ Ձի­­թենեաց լե­­ռը երկնի կա­­մարում կ՚երե­­ւայ լու­­սէ Խաչ մը։ Այդ զար­­մա­­­նահ­­րաշ դէպ­­քը կը յի­­շեն որ­­պէս Ս. Խա­­չի Երեւ­­ման Տօն։

Ահա­­ւասիկ 610 թուին Պարսկաս­­տա­­­նի շահ Խոս­­րով Բ. Ափար­­վե­­­զը (ափար­­վեզ «յաղ­­թող» ասել է)՝ Սա­­սանեան­­նե­­­րու ար­­քա­­­յատոհ­­մէն, կը յար­­ձա­­­կուի Բիւ­­զանդիոյ վրայ, իսկ 614 թուակա­­նին պար­­սից զօր­­քե­­­րը Խո­­ռեմ զօ­­րավա­­րի գլխա­­ւորու­­թեամբ կը մտնեն Երու­­սա­­­ղէմ, կ՚աւե­­րեն քա­­ղաքը եւ սրի կը քա­­շեն ժո­­ղովրդի մեծ մա­­սին, իսկ միւս մա­­սին գան­­ձե­­­րի հետ միասին որ­­պէս ստրուկ կը քշեն իրենց եր­­կի­­­րը։ Որպէս անար­­գանք քրիս­­տո­­­նեանե­­րու՝ կը գե­­րեվա­­րուի եւ Ս. Յա­­րու­­թիւն եկե­­ղեցուց Պարսկաս­­տան կը տա­­րուի Տէ­­րու­­նա­­­կան Խա­­չը։

Խա­­չափայ­­տը գե­­րու­­թեան մէջ կը մնայ շուրջ 14 տա­­րի։ Այդ ըն­­թացքին նրա զօ­­րու­­թեամբ պար­­սից աշ­­խարհում դար­­ձի կու գան եւ կը կնքուեն բա­­զում մար­­դիկ։ Իրան­­ցի­­­ները կ՚ասէին թէ քրիս­­տո­­­նեանե­­րու Աս­­տուածն է եկել իրենց եր­­կիր։

628 թուին Բիւ­­զանդիոյ Հե­­րակ­­լէս կայսրը կը յար­­ձա­­­կի Պարսկաս­­տա­­­նի վրայ եւ եր­­կար մար­­տե­­­րի կը բռնուի պար­­սից շա­­հի հետ։ Տե­­ւական ժա­­մանակ չկա­­րողա­­նալով յաղ­­թել պար­­սից շա­­հին՝ կայսրը ծունկի կու գայ՝ Տի­­րոջ­­մէ յաղ­­թե­­­լու զօ­­րու­­թիւն խնդրե­­լով։ Երեք օր ան­­դա­­­դար աղօ­­թելէն ետ­­քը նրան տե­­սիլ­­քով կը յայտնուի, որ ին­­քը յաղ­­թե­­­լու է պար­­սիկնե­­րին։ Եւ իս­­կա­­­պէս, յա­­ջորդ ճա­­կատա­­մար­­տին բիւ­­զանդա­­ցինե­­րը կը յաղ­­թեն եւ կը գրա­­ւեն Տիզ­­բո­­­նը։ Հե­­րակ­­լէ­­­սի զօր­­քե­­­րին կ՚օժան­­դա­­­կէր նաեւ հայ­­կա­­­կան զօ­­րագունդ մը՝ Մժեղ Գնու­­նու զօ­­րավա­­րու­­թեամբ։

Խա­­չը հան­­դի­­­սաւոր թա­­փօրով կը տա­րուի Երու­­սա­­­ղէմ։ Թա­­փօրը կ՚անցնէր Փոքր Ասիայի վրա­­յով, ուստի տէ­­րու­­նա­­­կան խա­­չը հա­­յոց հո­­ղերով կ՚անցնէր։ Ճա­­նապար­­հին նրանք կանգ կ՚առ­­նեն Կար­­նոյ լեռ­­նե­­­րի ստո­­րոտ­­նե­­­րից մէ­­կում։ Պար­­սիկնե­­րը կը փոր­­ձեն ետ վե­­րադարձնել խա­­չը, սա­­կայն հա­­յոց զօր­­քե­­­րը ետ կը մղեն նրանց։ Գա­­լով ետ Կա­­րին՝ նրանք կը տես­­նեն, որ Խա­­չի հանգրուանած վայ­­րում վճիտ աղ­­բիւր մը կը բխի։ Հա­­յերն այդտեղ կը կա­­ռու­­ցեն Խաչ­­կայ վանք եկե­­ղեցին, իսկ Կար­­նոյ ամե­­նաբարձր լեռ­­նա­­­գագա­­թը Խա­­չափայտ կ՚անուանեն։

Իսկ խա­­չափայ­­տը կը հաս­­ցուի Կոս­­տանդնու­­պո­­­լիս, ուր կայսրը երեք տա­­րի սրբու­­թեամբ կը պա­­հի այն։ Այդ ու ետք կայսրն ան­­ձամբ, կառ­­քի մէջ ծնկած, Խա­­չը ձեռ­­քե­­­րում բռնած կը տա­­նի այն Երու­­սա­­­ղէմ եւ իր ու­­սի վրայ կը վե­­րաց­­նի, ասել կ՚ու­­զի՝ կը բարձրաց­­նի այն Գող­­գո­­­թայի գա­­գաթը՝ Սուրբ Յա­­րու­­թիւն եկե­­ղեցի՝ ի տես բո­­լոր մարդկանց։ Այդ օրէն ի վեր վերջնա­­կանա­­պէս կը հաս­­տա­­­տուի Խա­­չի վեր բարձրաց­­ման տօ­­նը՝ Խաչ­­վե­­­րացը կամ Սուրբ Խա­­չը, Սրբխե­­չը։

Ժո­­ղովուրդը Խաչ­­վե­­­րացի տօ­­նին ան­­պայման ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւննե­­րի կը գնար ամե­­նուր, ուր ուխտա­­տեղի կար, Սուրբ Խաչ կամ Խա­­չաղ­­բիւր կար, Թուխ Մա­­նուկ մա­­տուռ ու շէն վանք կար։

Լու­­սաղբիւրնե­­րէն կամ խա­­չաղ­­բիւրնե­­րէն ջուր խմե­­լով՝ մար­­դիկ կ՚եր­­գէին.

«Խաչ աղբրիկ, Խաչ աղբրիկ,
Ինչ անուշ է քէ պաղ ջրիկ…
Խաչ աղբրի կը գայ կաթ կաթ,
Հոն լոգ­­նո­­­ղը կ՚եղ­­նայ եր­­կաթ»…


Մու­­շում Սուրբ Եղիայի անու­­նով ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւններ կը լի­­նէին, հա­­յերը կու գա­­յին Մշոյ Հիւ­­ղի գիւ­­ղի մօտ գտնուող վան­­քը, որի մօ­­տի մա­­տու­­ռը եօթը տա­­րին մէկ Խաչ­­վե­­­րացի օրը կը կա­­նաչի։

Մար­­դիկ նոյնպէս խաչ կը պատ­­րաստէին, կը զար­­դա­­­րէին այն ծա­­ղիկ­­նե­­­րով եւ ռե­­հան խո­­տով։ Ռե­­հանը այդ օրուայ զար­­դը կը հա­­մարուէր։
Կա­­նայք խմո­­րեղէն կը պատ­­րաստէին, իսկ տղա­­մար­­դիկ ուլ կը զո­­հաբե­­րէին, կը կա­­խէին այն թոն­­րի մէջ, որի տակ կը դնէին ձա­­ւարե­­ղէնով լի կաթ­­սան եւ ողջ գի­­շեր ու­­լը կը խո­­րովէր, ճար­­պը կը թա­փուէր ձա­­ւարե­­ղէնի մէջ եւ ան­­մա­­­հական համ կը հա­­ղոր­­դէր նրան։ Այս պատ­­ճա­­­ռով տօ­­նը յա­­ճախ կ՚անուանէին Ուլնոց կամ թուրքա­­խառը «Ու­­լան Ղռան»՝ ու­­լան մորթ, կամ «Օղ­­լաղ Ղռան», որ տա­­րուէ տա­­րի ձե­­ւափո­­խուե­­լով կը դառ­­նայ «Օղ­­լան Ղռան»՝ տղա­­ների կո­­տորած։

Պաշ Քա­­լէի Սուրբ Բար­­թո­­­ղիմէոս վան­­քում մի ճեր­­մակ գո­­մէշ կը պա­­հէին։ Աս գո­­մէշը իրա­­ւունք ու­­նէր ազա­­տօրէն շրջե­­լու գիւ­­ղից գիւղ, մտնե­­լու ամէն տե­­սակ հանդ ու այ­­գի, ու­­տե­­­լու ինչ իր սիր­­տը կ՚ու­­զի եւ ոեւէ մէկ իրա­­ւունք չու­­նէր ձեռք տա­­լու կամ քշե­­լու այդ գո­­մէշին։ Խաչ­­վե­­­րացի օրը գո­­մէշը կը բե­­րուէր վանք, կը զար­­դա­­­րուէր եւ հան­­դի­­­սաւոր նուագով կը շրջէր գիւ­­ղով մէկ։ Նրա պա­­տուին ան­­գամ մա­­տաղ­­ներ կը զո­­հաբե­­րուէին։
Խաչ­­վե­­­րացը իր սկզբնա­­կան բնոյ­­թով հե­­թանո­­սական ժա­­մանակ­­նե­­­րից կու գայ եւ կ՚ազ­­դա­­­րարի աշ­­նան սկիզ­­բը, տնտե­­սական տա­­րուայ մուտքը։ Քե­­սապ­­ցի­­­ները կ՚ասէին «Խաչ, վեր­­մա­­­կը առ, ներս փա­­խիր», իսկ մու­­շում՝ «Աս­­տուածած­­նայ՝ բա­­կը մտիր, Սըբ խա­­չին՝ ծա­­կը մտիր»։

Աշ­­նա­­­նամու­­տի տօ­­նը կ՚աւար­­տուէր բեր­­քա­­­հաւա­­քէն հան­­գուցեալ բա­­րեկամ­­նե­­­րուն յա­­ջորդ օրը մաս­­նա­­­բաժին տա­­նելով։ Ի տար­­բե­­­րու­­թիւն այլ մե­­ռելոց­­նե­­­րի, Սուրբ Խա­­չի մե­­ռելո­­ցը ու­­րախ ու թե­­թեւ կ՚անցնէր՝ կա­­տակ­­նե­­­րով, խնջոյքնե­­րով, մէկ­­մէ­­­կու միրգ ու բա­­րիք ղրկե­­լով։

Այս տա­­րի Խաչ­­վե­­­րացի տօ­նը Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեցին կը նշէ Սեպ­տեմբե­րի 11-ին։

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+