Խաղողի Կորիզը` Քաղցկեղի Կանխարգիլման Համար
Բոլորին յայտնի է, որ ամենաարագ տարածուող հիւանդութիւնը, որ տարեկան միլիոնաւոր մարդոց կեանք կը խլէ, քաղցկեղն է: Խաղողի կորիզը կը պարունակէ մեծ քանակով հակաօքսիտանթ, որ կը պաշտպանէ բջիջներուն վնասուիլը, որուն իբրեւ արդիւնք ի յայտ կու գան շարք մը հիւանդութիւններ:
Դեռ հետազօտութիւններ կը կատարուին՝ պարզելու համար, եթէ խաղողի կորիզին մէջ առկայ հակաօքսիտանթները կրնան որեւէ կերպով օգնել մարդոց:
Այնուամենայնիւ, եթէ կը սիրէք խաղող ուտել, ուստի պէտք չէ կորիզը հեռացնել, իսկ առաւել արդիւնաւէտ է խաղողի կորիզի իւղին օգտագործումը: