Այլեւայլ : 10 Խորհուրդ Ժամանակի Ճիշդ Կառավարման Համար
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Այլեւայլ : 10 Խորհուրդ Ժամանակի Ճիշդ Կառավարման Համար

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

06 Mayıs 2016  

10 Խորհուրդ Ժամանակի Ճիշդ Կառավարման Համար




Գործարար կանայք կ՝աշխատին իրենց համար եւ, կը թուի, որ անոնք ունին հիանալի հնարաւորութիւն քնանալու որքան կը փափաքին, աշխատավայրէն շուտ դուրս գալ երբ կ՝ուզեն, ճանբորդել:

Սակայն, լուրջ գործարար կանանց համար ազատ ժամանակը աւելի յագեցած է, քան իւրաքանչիւր գրասենեակային աշխատողի մօտ, այդ պատճառով ան գիտէ ազատ ժամանակի արժէքը եւ գիտէ, թէ ինչպէս պէտք է ծախսէ զայն:

-Շտապէ՛, բայց դանդաղ։ Ազատ ժամանակի բացակայութիւնը եւ, ընդհանրապէս, ժամանակի պակասը խուճապի մատնուելու պատճառ չէ: Ծրագրաւորուած աշխատանքի պարագային դուք պիտի հասցնէք ընել աւելի շատ, քան՝ շտապելով:

-Կառուցեցէք կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ։ Կին ղեկավարը ոչ միայն ընկերութեան դէմքն է, այլ օրինակ` բոլոր աշխատողներու համար: Բացի աշխատանքային պարտականութիւններէն ան պէտք է լաւ տեսք ունենայ, 24 ժամ հասանելի ըլլայ աշխատակիցներուն համար եւ ատոր հետ մէկտեղ` ժամանակ գտնէ տնային գործերու եւ անձնական կեանքի համար: Որպէսզի ոչինչ խառնուի իրար, պէտք է կազմել երկու տեսակ ծրագիր` կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ: Կարճաժամկէտը յաջորդ օրուան եւ գալիք շաբթուան համար, իսկ երկարաժամկէտը տարուան համար` ամիսներու բաժնուած: Կարճաժամկէտի մէջ ներառեցէք ոչ միայն աշխատանքային հանդիպումները, այլ նաեւ՝ տնային գործերը:

-Ծրագրաւորեցէք ձեր ժամանակը, ճկուն եղէք։ Դուք կրնաք հիանալի ծրագրաւորել ձեր օրը, սակայն անպայման բան մը այլ կերպ կ’ընթանայ: Աշխատեցէք այնպէս ընել, որ ձեր ծրագիրները ճկուն ըլլան, որպէսզի կարենաք տեղաշարժել զանոնք` ժամանակը անիմաստ չկորսնցնելու համար:

-Բաժնեցէք պարտականութիւնները։ Մի փորձէք ամէն ինչ ինքնուրոյն ընել, դուք ոչ միայն կը յոգնիք, այլ՝ կը հիւծիք: Ունեցէք անձնական օգնական կամ քարտուղար: Ազատուելով մանր եւ ոչ հրատապ գործերէն, դուք պիտի կարենաք ժամանակ տրամադրել մեծ գործերուն:

-Կեդրոնացէք աշխատանքի վրայ։ Որքան ալ շատ գործ ծրագրաւորէք օրուան համար` զբաղելով անոնցմէ մէկով մի շեղիք այլ գործերով: Անջատեցէք հեռաձայնը, մի մտնէք հասարակական ցանցեր:

-Մի ստուգէք ձեր նամակները` աշխատանքային օրուան սկիզբը։ Եւ ընդհանրապէս, որքան հազուադէպ` այդքան լաւ: Նամակներուն մեծամասնութիւնը կը պարունակէ աւելորդ, անպիտան տեղեկութիւն, որ ուղղակի անիմաստ կը զբաղցնէ ձեր գլուխը: Նամակները ստուգեցէք երեկոյեան, օրինակ, ճաշէն կէս ժամ ետք:

-Շաբաթը մէկ օր անպայման տրամադրեցէք ձեր հանգիստին կամ դուք ձեզի։ Ի հարկէ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ աւելի շատ օրեր կարենայիք, սակայն մէկ օրը պարտադիր է: Այդ օրը ամբողջութեամբ անջատուեցէք գործերէն:

-Ոչ մէկ գործ յետաձգեցէք։ Գոյութիւն ունի այսպիսի կանոն․եթէ գործը տասը վայրկեանէն քիչ ժամանակ կը պահանջէ, պէտք չէ զայն ծրագրաւորել, այլ զայն պէտք է ընել նոյն օրը։ Եթէ անիկա աւելի շատ ժամանակ կը պահանջէ՝ զայն ընելու համար ծրագրաւորեցէք յստակ օր եւ ժամ։

-Սահմանափակեցէք ժամանակը այն գործերուն վրայ, որոնք ոչ օգուտ կը բերեն, ոչ հաճոյք կը պատճառեն։

-Ժամանակ չէ՞ք գտներ հետաքրքրական ֆիլմ նայելու, մօտիկ ընկերուհիի հետ հանդիպելու: Սակայն երբ դնէք առաջնահերթութիւնները՝ պիտի տեսնէք, թէ որքան անիմաստ ժամանակ վատնած էք անպէտք բաներու վրայ, որոնք ոչ եկամուտ բերած են, ոչ ալ՝ օգուտ:

-Կարգուկանոն։ Աշխատանքային սեղանի վրայ, նօթատետրի եւ համակարգիչի մէջ պէտք է կարգուկանոն ըլլայ: Ատիկա կ’օգնէ արագ գտնել պէտք եղած փաստաթուղթերը, փաթեթները եւ իզուր ժամանակ չվատնել փնտռտուքներու վրայ:


+