21 Kasım 2015
Լոլիկը յաճախ կ՝օգտագործուի աղցաններու, ապուրներու եւ թացաններու մէջ։ Անիկա նաեւ կ՝օգտագործուի հիւթ պատրաստելու համար: Սակայն քիչերը գիտեն լոլիկի հիւթի սննդարար յատկանիշներուն մասին: Լոլիկի հիւթը կը պարունակէ շարք մը բաղադրիչներ, եւ, եթէ անիկա խմէք կանոնաւոր կերպով, պիտի նկատէք ընդհանուր առողջութեան լաւացում:
Լոլիկի հիւթը կը պարունակէ մեծ քանակով վիթամիններ: Թարմ լոլիկի հիւթը հրաշալի աղբիւր է վիթամին A-ի եւ C-ի: Կանոնաւոր օգտագործման պարագային կը կանխարգիլէք տեսողութեան հետ կապուած խնդիրները եւ կ’ամրացնէք դիմադրողականութիւնը, կ’ամրացնէք ոսկորներն ու ակռաները:
Կը կանխարգիլէ քաղցկեղը: Լոլիկը լիգոբինի աղբիւր է, որ կը կանխարգիլէ քանի մը տեսակ քաղցկեղներու տարածումը, ներառեալ` թոքերու քաղցկեղ, կրծքագեղձի քաղցկեղ, շագանակագեղձի քաղցկեղ եւ ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղ:
Կը կանխարգիլէ սրտի հիւանդութիւնները: Լոլիկը հարուստ է վիթամին B6-ով, իսկ հիւթը լաւագոյն կանխարգելիչ միջոցն է, երբ խօսքը կը վերաբերի սրտի հիւանդութիւններուն:
Լոլիկի հիւթը կ՝իջեցնէ քոլեսթերոլի մակարդակը: Ոչ կանոնաւոր սննդականոններու պատճառով շատերը ունին քոլեսթերոլի հետ կապուած խնդիրներ: Լոլիկի հիւթը հարուստ է մանրաթելերով, որոնք կը բարձրացնեն լաւ քոլեսթերոլի մակարդակը եւ կ՝իջեցնեն վատը:
Լոլիկի հիւթը կ՝օգնէ ազատուելու աւելորդ կշիռքէն: Լոլիկի հիւթի մանրաթելերը յագեցուածութեան զգացողութիւն կու տան եւ կ՝օգնեն, երբ սննդականոնի կը հետեւիք: Այս հիւթը նաեւ կը սնուցէ մարմինը սննդարար տարրերով, որոնք դրական ազդեցութիւն ունին ամբողջ մարմնի վրայ:
Լոլիկի հիւթը կը հեռացնէ թոյները: Դժբախտաբար, մեր մարմինը լի է թոյներով եւ տարբեր հաւելումներով: Լոլիկը կը պարունակէ քլոր եւ ծծումբ, որոնք կը լաւացնեն երիկամներու եւ լեարդի աշխատանքը:
Անիկա կը վերացնէ ազատ ռատիքալները: Ազատ ռատիքալներու առաջացումը կանխելու համար, օրական պէտք է մէկ գաւաթ լոլիկի հիւթ խմել: Ազատ ռատիքալները շատ վնասակար են, անոնք կրնան նոյնիսկ քաղցկեղի յանգեցնել: Լոլիկը հակաթոյներու հրաշալի աղբիւր է, որ կը կանխարգիլէ ազատ ռատիքալներու առաջացումն ու անոնց վատ ազդեցութիւնը:
Լոլիկի հիւթը կը լաւացնէ մաշկը: Անիկա կրնաք քսել անմիջապէս մաշկին: Լոլիկի հիւթը կը ճերմկցնէ մաշկը, կը կանխարգիլէ բշտիկները, կը ծածկէ ծակոտիները:
Անիկա կը խթանէ աղիքներուն աշխատանքը: Ամբողջ աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ունին աղիքներու խնդիրներ: Այս պարագային լաւագոյն միջոցը լոլիկի հիւթն է: