Այլեւայլ : Մշտական Յոգնածութիւնը Կրնայ Մարմնի Մէջ Երկաթի Պակասի Նշան Ըլլալ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Մշտական Յոգնածութիւնը Կրնայ Մարմնի Մէջ Երկաթի Պակասի Նշան Ըլլալ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

06 Kasım 2015  

Մշտական Յոգնածութիւնը Կրնայ Մարմնի Մէջ Երկաթի Պակասի Նշան Ըլլալ


Եթէ դուք անընդհատ յոգնած կը զգաք, եթէ ձեզի համար նոյնիսկ քնանալը դժուար է ու ձեր եռանդը չի բաւականացներ ամենօրեայ գործերուն համար` ուրեմն շատ հաւանական է, որ ձեր մարմնին մէջ երկաթի պակաս կայ: Այս խնդիրին, ըստ գիտնականներու, յաճախ կը բախին յատկապէս մարմնամարզանքով զբաղողները:

Երկաթը անհրաժեշտ է արեան կարմիր բջիջներուն համար, որոնք թթուածինը կը տեղափոխեն ամբողջ մարմնի մէջ: Թթուածինի պակասը սովորաբար կը յանգեցնէ յոգնածութեան ու ուժասպառութեան զգացողութեան:

Այս խնդիրին մասին կը յուշեն նաեւ մաշկի գունատութիւնը եւ շնչահեղձութեան զգացողութիւնը: Կարեւոր ախտանիշներ են նաեւ գլխացաւերը, գլխապտոյտները, ականջներու մէջ աղմուկը, ախորժակի կորուստը, լեզուի վրայ տարօրինակ զգացողութիւնը, մազաթափութիւնը, եղունգներու հետ խնդիրները եւ մարմնի ձայները ` օրինակ սրտի տրոփիւնը լսելու ունակութիւնը:

Երկաթի պակասով կը տառապին յատկապէս աղջիները եւ կիները, բայց հիմա մասնագէտները վտանգաւոր խումբին մէջ ընդգրկած են նաեւ մարզիկները: Ըստ հետազօտութեան, մարմնամարզանքով զբաղող իւրաքանչիւր երրորդ կինը կանգնած է ամենիայի զարգացման շեմին, եւ հինգէն երեքի սննդակարգին մէջ երկաթի պարունակութիւնը բաւարար չէ: Երկաթի պակասը նկատելիօրէն կը վատացնէ այդ մարզիկներուն արդիւնքները:

Այդ իսկ պատճառով՝ գիտնականները խորհուրդ կու տան սննդակարգին մէջ անպայման ներառել կարմիր միսը, որ երկաթի ու շարք մը այլ կարեւոր նիւթերու հարուստ աղբիւր է: Կարմիր միսը եռակի շատ երկաթ կը պարունակէ, քան հաւի միսը, ու 250 անգամ շատ` քան պրոքոլին: Փորձագէտները խորհուրդ կու տան օրական առնուազն 70 կրամ կարմիր միս ուտել, յատկապէս եթէ մարմնամարզանքով կը զբաղիք:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+