Այլեւայլ : Ձկան Իւղը Աշնան եւ Ձմրան Օգտագործելու 3 Հիմնաւոր Պատճառ
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Ձկան Իւղը Աշնան եւ Ձմրան Օգտագործելու 3 Հիմնաւոր Պատճառ

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

20 Ekim 2015  

Ձկան Իւղը Աշնան եւ Ձմրան Օգտագործելու 3 Հիմնաւոր Պատճառ



Հիւանդութենէ ամենալաւ պաշտպանութիւնը ժամանակ առ ժամանակ առողջութեան հետեւիլն է: Բայց, չես գիտեր ինչու, մարդոց մեծ մասը իր առողջութեան մասին կը յիշէ միայն, երբ ցուրտ է, եւ կը սկսի վարակիչ հիւանդութիւններու շրջանը: Երբ կը նկատես, որ հանրակառքերը լեցուն են փռշտացող եւ հազացող մարդոցմով, յանկարծ կը հասկնաս, որ մարմինը պէտք է պաշտպանել հիւանդութիւններէն: Լաւագոյնը, ինչ որ կարելի է առաջարկել այդ պարագային, ձկան իւղն է:


Ձկան իւղի բաղադրութեան մէջ կը մտնեն մեծ քանակով վիթամիններ, հանքանիւթեր եւ օմեկա-3 թթուներ, որոնք անհրաժեշտ են մարմնին` անոր լիարժէք աշխատանքին համար: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով` ձկան իւղի պարբերաբար օգտագործումը կը նուազեցնէ սրտի կաթուածի, ինչպէս նաեւ` սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու յառաջացումը:


Ապացուցուած է, որ ձկան իւղի պարբերաբար օգտագործումը դրականօրէն կ՝ազդէ դիմադրողական համակարգին վրայ: Ըստ որոշ հետազօտութիւններու` օմեկա-3 թթուները զգալիօրէն կը նուազեցնեն քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը:


Ձկան իւղը կը կայունացնէ զարկերակային ճնշումը։
Զայն կը նշանակեն թոքախտի, ռախիտի, անեմիայի պարագային։
Խորհուրդ կը տրուի դաշտանի ցաւի, յղիութեան բարդութիւններու պարագային։
Կ՝արտօնուի օգտագործել ճարպակալման, շաքարախտի, օսդէոփարոզի, փսորիազի պարագային։


Դրական ազդեցութիւն կ՝ունենայ նեարդային համակարգի վրայ:


Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+