Այլեւայլ : Քալելն ու Հանգիստ Քունը` Առողջութեան Գրաւական
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Այլեւայլ : Քալելն ու Հանգիստ Քունը` Առողջութեան Գրաւական

Այլեւայլ

Այլեւայլ Tüm yazılarını göster..

11 Ekim 2015  

Քալելն ու Հանգիստ Քունը` Առողջութեան Գրաւական


Արտաքինին հետեւելու աւելի պարզ ձեւ, քան քալելը, չկայ: Իտէալական տեւողութիւնը 45 վայրկեան է: Փորձեցէք այդ ընթացքին անցնիլ մօտ 3 քմ: Այդպիսի արագութիւնը կը լաւացնէ թթուածնային փոխանակութիւնը: Եթէ զբօսանքի աւարտին կը նկատէք շնչառութեան եւ զարկերակի արագացում, կը նշանակէ, ամէն ինչ կարգին է: Եթէ այդպէս չէ, ուրեմն աւելի արագացուցէք ձեր ընթացքը կամ քալելու ծրագիրին ներառեցէք նաեւ բարձունքներու յաղթահարումը: Ժամանակ առ ժամանակ եռանդուն կերպով շարժեցէք ձեռքերը: Ատիկա պիտի զօրացնէ թթուածինի մատակարարումը օրկաններուն: Բացի այդ, մաքուր օդի մէջ կատարուած մարմնամարզութիւնը հանգստացնող ազդեցութիւն կ՝ունենայ ջղային համակարգին վրայ եւ կը նպաստէ հանգիստ քունին:

Հանգիստի ժամ. Դուն հնարաւորութիւն ունիս ճաշէն յետոյ քնանալու մօտ կէս ժամ, բայց այդ ժամանակ կը նստիս համակարգիչին դիմաց: Շատ իզուր: Մասնագէտները կը հաւաստիացնեն, որ կարճաժամ ցերեկային քունը ամենալաւ եւ արդիւնաւէտ միջոցն է յոգնածութեան դէմ պայքարելու համար: Փորձէ ստեղծել քեզի համար այդպիսի «հանգիստի ժամ»: Համոզուած եղիր, դուն պիտի արթննաս թարմ եւ կենսուրախ:

Եթէ չես կրնար քնանալ, լոգանք ընդունիր` բուրաւէտ աղով: Ջուրը կը հանէ լարուածութիւնը եւ կը հանգստացնէ:

Anket Tüm Anketler

Günün Sözü


Աղօթքն է վօրավիգ իր տկարութեան ատեն, սփոփանք իր վիշտերու մէջ աղօթքով կը մխիթարուի, կը զօրանայ, կը բարձրանայ։

+