Սիմոնեան Ներկայացուեցաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Աշխատակազմին - Հայերէն
15 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Արամազդ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

15 Ağustos 2026  

Սիմոնեան Ներկայացուեցաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Աշխատակազմին -

Սիմոնեան Ներկայացուեցաւ Անվտանգութեան  Խորհուրդի Աշխատակազմին Սիմոնեան Ներկայացուեցաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Աշխատակազմին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին ներկայացուցած է նոր նշանակուած քարտուղար Ալեն Սիմոնեանը` միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով շուրջ ութ տարի այդ պաշտօնը վարած Արմէն Գրիգորեանին:

Փաշինեան ընդգծած է Գրիգորեանի մասնակցութիւնը յատկապէս խաղաղութեան գործընթացին` նշելով, որ ան «շատ էական ներդրում» ունի այդ ոլորտին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն մէջ:

«Պարոն Գրիգորեանը ներգրաւուած եղած է խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ եւ ունի շատ էական ներդրում այդ ոլորտին մէջ մեր ունեցած ձեռքբերումներու հարցին մէջ», ըսած է Փաշինեան:

Անոր համաձայն, նոր նշանակուած քարտուղար Ալեն Սիմոնեանը եւս նախորդ շրջանին ներգրաւուած եղած է երկրին համար կարեւոր եւ ռազմավարական որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ եւ, իբրեւ Ազգային ժողովի նախագահ, աշխատանքային տեղեկատուութեան պակաս չէ ունեցած:

Արմէն Գրիգորեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին` պաշտօնավարման ընթացքին արձանագրուած թերացումներու պատասխանատուութիւնը վերցնելով իր վրայ:

«Ուր որ չենք կրցած եւ թերացած ենք` իմ պատճառովս եղած է: Շնորհակալ եմ եւ կը շնորհաւորեմ Ալեն Սիմոնեանը», ըսած է Գրիգորեան:

Անվտանգութեան խորհուրդի նոր նշանակուած քարտուղարը իր կարգին շեշտած է, որ Արմէն Գրիգորեանի հետ լաւ եւ գործընկերային յարաբերութիւններ ունի:

«Կը կարծեմ, որ կը կարողանանք միասին աշխատիլ: Անկախ անկէ` տեղեա՞կ եմ կամ մասնակցա՞ծ եմ, դուք ինծի պէտք է օգնէք` աշխատանքային գործընթացին մէջ աւելի խոր մտնելու համար», ըսած է Սիմոնեան:

Փաշինեանն ալ նշած է, որ նախորդ շրջանին Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ մեծ աշխատանք կատարուած է, սակայն յառաջիկային եւս կարեւոր ընելիքներ կան: Անոր համաձայն, առաջին քայլը պէտք է ըլլայ կատարուած աշխատանքի վերլուծութիւնն ու հետագայ առաջնահերթութիւններու որոշումը:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+