Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Քաղաքականութենէն, Անոր Կուսակցութիւնը Կը Լուծարուի -
Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Քաղաքականութենէն, Անոր Կուսակցութիւնը Կը Լուծարուի
Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ դուրս կու գայ գործօն քաղաքականութենէն եւ կը լուծարէ իր ընդդիմադիր Ապագայի կուսակցութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երբեմնի մտերիմ դաշնակիցը պնդած է, թէ այլեւս չ՛ուզեր Թուրքիոյ «աղտոտուած քաղաքական մթնոլորտին» մաս կազմել:
«Էքս»-ի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Տաւութօղլու վկայակոչած է փտածութեան մեղադրանքներով ընդդիմադիր քաղաքապետներու բանտարկութիւնը, անոնց փոխարէն պետական կառավարիչներու նշանակումը` պնդելով, որ ատիկա խաթարած է ընտրողներու կամքը:
«Թուրքիան կարիք ունի հիմնարար քաղաքական բարեփոխումներու, ներառեալ վերադարձ խորհրդարանական համակարգին», գրած է ան:
Թուրքիան 2018 թուականին անցած է նախագահական կառավարման համակարգի, որ Էրտողանին կը տրամադրէ անհամեմատ լայն լիազօրութիւններ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com