Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Վրայ Ճնշում Պիտի Գործադրէ, Որպէսզի Ռուս - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

31 Temmuz 2026  

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Վրայ Ճնշում Պիտի Գործադրէ, Որպէսզի Ռուս -

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը  Հայաստանի Հանրապետութեան Վրայ Ճնշում  Պիտի Գործադրէ, Որպէսզի Ռուս Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Վրայ Ճնշում Պիտի Գործադրէ, Որպէսզի Ռուսիոյ Հետ Մուտքի Արտօնագրային Դրութիւնը Կիրարկէ Եւ Միանայ Պատժամիջոցներուն»

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի վրայ ուժեղ ճնշում պիտի գործադրէ, որպէսզի Ռուսիոյ հետ մուտքի արտօնագրային դրութիւն կիրարկէ եւ միանայ պատժամիջոցներուն: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆեռնանտ Քարթհայզեր:

«Հայաստանի վրայ ուժեղ ճնշում պիտի գործադրուի, որպէսզի անիկա այնուամենայնիւ ընդունի նման քայլեր: Յոյսով եմ, որ Հայաստան պիտի դիմանայ նման ճնշումին եւ նախ եւ առաջ հոգ պիտի տանի սեփական շահերուն: Հայաստան պէտք է Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնը դիտարկէ իբրեւ երկարաժամկէտ նախագիծ եւ միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ ձեռնարկէ որեւէ բան, որ կրնայ առաւել եւս ապակայունացնել կամ տկարացնել շրջանին մէջ անոր դիրքը», ըսած է քաղաքական գործիչը, որ նախապէս մաս կազմած է Հայաստանի հետ խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբին:

Անոր կարծիքով` Երեւանը պարտաւոր չէ հետեւիլ Եւրոպական Միութեան պահանջներուն: Բայց եւ այնպէս, ներկայ կառավարութիւնը մարտահրաւէր կը նետէ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի վաղեմի յարաբերութիւններուն, ներառեալ անվտանգութեան ոլորտին մէջ, իր դիրքորոշումները մօտեցնելով Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան:

«Հայաստան պարտաւորութիւն ստանձնած է աշխատիլ Եւրոպական Միութեան հռչակագիրին, որոշումներուն եւ գործողութիւններուն համապատասխանութեան բարձրացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ աջակցութիւնը բազմակողմ հարթակներու վրայ: Եթէ այսպիսի դասաւորութիւնը իրականութեան մէջ իրականացուէր, ատիկա պիտի նշանակէր Հայաստանի բացայայտ հակառուսական պետութեան վերածումը, ինչ որ անխելամիտ կը թուի` հաշուի առնելով երկրի աշխարհագրական եւ քաղաքական դիրքը, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան եւ տնտեսութեան ոլորտին մէջ անոր լայն շահերը», կը կարծէ Քարթհայզեր:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը իրականութեան մէջ ի վիճակի չէ որեւէ էական աջակցութիւն ցուցաբերել ճգնաժամի պարագային: Պրիւքսել Հայաստանը կ՛օգտագործէ իր սեփական քաղաքական նպատակներուն համար` Ռուսիոյ վրայ յարձակելու նպատակով, սակայն կարելիութիւն չունի Երեւանը նման քաղաքականութեան հաւանական բացասական հետեւանքներէն պաշտպանելու:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Պրիւքսել Երեւանէն պահանջած է կրճատել ռուսական գործառնութեան ներկայութիւնը:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+