«Քնեսեթը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Չքննարկեց Պաքուի Ճնշումին Պատճառով» Կը Գրէ «Հաարեց» - Հայերէն
13 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Պարխար / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

22 Temmuz 2026  

«Քնեսեթը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Չքննարկեց Պաքուի Ճնշումին Պատճառով» Կը Գրէ «Հաարեց» -

«Քնեսեթը Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչման Հարցը Չքննարկեց  Պաքուի Ճնշումին Պատճառով»  Կը Գրէ «Հաարեց» «Քնեսեթը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Չքննարկեց Պաքուի Ճնշումին Պատճառով» Կը Գրէ «Հաարեց»

Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ անցեալ ամիս հաստատուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթին մէջ չէ քննարկուած եւ քուէարկութեան չէ դրուած` վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վրայ Ազրպէյճանի բանեցուցած ճնշումին պատճառով, կը գրէ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը:

Ըստ թերթին, Նեթանիահու միջամտած է կասեցնելու համար իր արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի կողմէ առաջարկուած քուէարկութիւնը, երբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ այս հարցով կապ հաստատած է վարչապետի գրասենեակին հետ:

Իսրայէլի կառավարութիւնը այնուհետեւ տեղեկացուցած է «Հաարեց»-ի պաշտօնատարներուն, որ հարցը հանուած է Քնեսեթի օրակարգէն:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց, որ քուէարկութիւնը չէ կատարուած Նեթանիահուի միջամտութեան պատճառով, միաժամանակ այլ բացատրութիւն չներկայացնելով:

Աւելի կանուխ, ազրպէյճանական Հաքքին. ազ կայքը, որ անցեալ ամիս վաճառուած էր նախագահ Իլհամ Ալիեւէն մրցանակ ստացած լրագրողի մը, հաղորդած էր, թէ Իսրայէլ նկատի առած է Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Պաքուի մտահոգութիւնները եւ որոշուած է հարցը օրակարգէն հանել:

Պաքու աւելի կանուխ պաշտօնապէս դատապարտած էր Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը եւ կոչ ուղղած էր զայն վերատեսութեան ենթարկելու: Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով, Ալիեւ նաեւ հիւրընկալած էր Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Մոհամետ Մուսթաֆան եւ զօրակցութիւն յայտնած էր Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութիւն մը հաստատելու գաղափարին` միաժամանակ օժանդակութիւններ տրամադրելով  պաղեստինցիներուն:

«Հաարեց» կը յիշեցնէ, թէ Իսրայէլ Պաքուն կը նկատէ իր կարեւոր գործընկերներէն մէկը` նշելով, որ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան ընթացքին Թել Աւիւը Ազրպէյճանին զէնք հայթայթող կարեւոր կողմերէն մէկը հանդիսացած էր:

Իր կարգին, «Սի. Էն. Էն.»-ը վերջերս հաղորդած էր, որ Իրանի դէմ վերջին ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Իսրայէլ նաեւ յատուկ ուժեր ղրկած էր Ազրպէյճան:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+