Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Փոխադրամիջոցային Եւ Տնտեսական Հաղորդ -
Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Փոխադրամիջոցային Եւ Տնտեսական Հաղորդակցութիւններու Կարգաւորման»
Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու կարգաւորման, մարդասիրական հարցերու լուծման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Ռուսիան հետեւողականօրէն կ՛աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ջանքերուն` ուղղուած յարաբերութիւններու լիարժէք համապարփակ կարգաւորման` 2020 եւ 2022 թուականներուն ձեռք բերուած բարձրագոյն մակարդակի եռակողմ համաձայնութիւններու համալիրի հիման վրայ: Ինչպէս նախապէս, պատրաստ ենք աջակցելու թէ՛ Պաքուին, թէ՛ Երեւանին փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, մարդասիրական հարցերու լուծման գործին մէջ», ըսած է նախարարը:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com