Անգարա. «Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը Պիտի Շարունակուի Ազրպէյճանի Հետ Ս -
Անգարա. «Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը Պիտի Շարունակուի Ազրպէյճանի Հետ Սերտ Համակարգումով»
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը պիտի շարունակուի Ազրպէյճանի հետ սերտ համակարգումով: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 2026 թուականի գործունէութեան ծրագիրին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Ազրպէյճանի աջակցութիւնը առաւել եւս պիտի ուժեղացուի` Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման նպաստելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու նպատակով:
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունութիւն, բարեկեցութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար թուրք-հայկական եւ հայ-ազրպէյճանական հոլովոյթները պէտք է ընթանան համակարգուած ձեւով:
«Նպատակ դրուած է, որ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը երկկողմանի եւ բազմակողմ նախաձեռնութիւններու միջոցով պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ կայունութեան: Ատոր հետ մէկտեղ, շրջանին մէջ կարգաւորման հոլովոյթներու ծիրին մէջ Ազրպէյճանի հետ մեր սերտ համակարգումը եւ համագործակցութիւնը վճռականօրէն պիտի շարունակուին», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:
Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com